ՍՈՒՐԲ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած է փոքրիկն Ալեքս Քէյիշօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի եւ կնքահայրութեամբ Գամէր եւ Առլէթ Չատըրճեանի։ Արարողութիւնը առիթ դարձած է փոքրիկն Ալեքսի ամբողջ ընտանիքի համախմբման եւ բոլորը անոր ապագայ երջանկութեան համար միացուցած են իրենց բարեմաղթանքը։ Ան թոռն է մօտաւոր անցեալին մահկանացուն կնքած բարեյիշատակ համայնքային գործիչ լուսահոգի Մուրատ Քէյիշօղլուի։ Խորհրդակատարութեան բոլոր մասնակիցները մաղթեցին, որ փոքրիկն Ալեքս ապագային դառնայ իր մեծ հօր նման՝ համատարած յարգանքի ու համակրանքի արժանի անձնաւորութիւն մը։

Այս ուրախ առթիւ երկար ու երջանիկ կեանք կը մաղթենք փոքրիկն Ալեքսին՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով իր ծնողքը՝ Առնոն եւ Կիւնէշ Քէյիշօղլու ամոլը։ Նոյն առթիւ մեր խնդակցութիւնները մկրտեալի մեծ մօր՝ Ազնիւ Քէյիշօղլուին, հօրաքրոջ՝ թերթիս ընտանիքի նուիրեալներէն Աննա Քէյիշօղլուին, Չաքար ընտանիքին եւ բոլոր պարագաներուն։ Մեր խնդակցութիւնները նաեւ Գամէր եւ Առլէթ Չատըրճեաններուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2024