ՃԻՎԱՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԿՈՂԱԿԻՑԸ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու դար­ձանք, թէ Ե­րե­ւա­նի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է աշ­խար­հահռ­չակ տու­տու­կա­հար Ճի­վան Գաս­պա­րեա­նի կո­ղա­կի­ցը՝ պա­րու­հի Աստ­ղիկ Զար­գա­րեան։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ան ծե­րու­նա­կան տկա­րու­թեան հե­տե­ւան­քով մա­հա­ցած է եւ իր յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է նա­խըն­թաց օր՝ Ե­րե­ւա­նի Նոր Նոր­քի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ։

1932 թուա­կա­նին ծնած Աստ­ղիկ Զար­գա­րեան ու­սա­նած էր Ե­րե­ւա­նի պա­րա­րուես­տի եւ քո­րէօկ­րա­ֆիի դպրո­ցէն ներս՝ դա­սա­կան պա­րի բաժ­նին մօտ։ Կրթու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած էր օ­տար լե­զու­նե­րու վրայ, մաս­նա­գի­տա­նա­լով ֆրան­սե­րէ­նի մէջ։ Իր ի­րա­կան կո­չու­մը ե­ղած էր պա­րը։ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մօտ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էր շարք մը ներ­կա­յա­ցում­նե­րու։ 1948 թուա­կա­նին ըն­դու­նուած էր «Թա­թուլ Ալ­թու­նեան» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի կազ­մին, զոր վա­րած էր ա­ւե­լի քան քսան տա­րի։ Այդ նոյն շրջա­նա­կին մէջ է, որ տե­ղի ու­նե­ցած էր իր ճա­կա­տագ­րա­կան հան­դի­պու­մը Ճի­վան Գաս­պա­րեա­նի հետ։ Աստ­ղիկ Զար­գա­րեան հան­դի­սա­տես­նե­րուն կը ներ­կա­յա­նար ինչ­պէս հայ­կա­կան, այն­պէս ալ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պա­րե­րով։ Ան հայ­կա­կան պա­րա­րուես­տը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր աշ­խար­հի շարք մը եր­կիր­նե­րուն մէջ՝ ար­ժա­նա­նա­լով բա-­զում մրցա­նակ­նե­րու եւ պա­տուոյ գրե­րու։

Այս տխուր առ­թիւ մեր խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք աշ­խար­հահռ­չակ վար­պետ Ճի­վան Գաս­պա­րեա­նին եւ իր ըն­տա­նի­քին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015