ԲՈԼՈՐ ՆՈՒՐԲ ՀԱՐՑԵՐԸ
Ղազախիստանի մայրաքաղաքը Աստանայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողով մը։ Բացի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանէն, այս գագաթաժողովին կը մասնակցին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, Ռուսաստանի, Չինաստանի, Քաթարի, Թիւրքմենիստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Մոնղոլիոյ, Ատրպէյճանի եւ այլ շարք մը երկիրներու ներկայացուցիչներ։ «ՇՀԿ+» ձեւաչափով կազմակերպուած է այս երկօրեայ հաւաքը, որու շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենան նաեւ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։
Ղազախիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած գագաթաժողովը առիթ կը դառնայ նախագահ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման։ Փութին կը տեսակցի նաեւ Չինաստանի նախագահ Շի Ցինփինկի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Փութին կը մէկտեղուի նաեւ հիւրընկալ երկրի նախագահ Քասըն Ճէօմերտ Թոքաեւի հետ։
«Բազմակողմանի երկխօսութեան ամրապնդում՝ կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման ձգտում» խորագրեալ գագաթաժողովին կը մասնակցին նաեւ ՀԱՊԿ-ի, ԱՊՀ-ի, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան, Պարէնի անվտանգութեան իսլամական կազմակերպութեան, Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան, Ասիոյ մէջ համագործակցութեան ու վստահութեան միջոցներու համաժողովի եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչները։
Աստանայի շփումներու երթեւեկին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Էրտողան-Փութին ժամադրութիւնը։ Երկու ղեկավարներու՝ արդէն սպասուած հանդիպման ընդառաջ Քրեմլինի աղբիւրները ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկան։ Փութինի արտաքին քաղաքականութեան գծով օգնական Եուրի Ուշաքով յիշեցուց, որ Աստանայի հանդիպման ընդառաջ Փութին վերջին օրերուն ընդունած էր արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։ Ան շեշտեց, որ Էրտողան-Փութին հանդիպման ընթացքին կը քննարկուին բոլոր կարեւոր ու նուրբ նիւթերը։
«Երկար ատենէ ի վեր այցելութիւն մը կը ծրագրուի դէպի Թուրքիա։ Եթէ հաշուի առնենք Թուրքիոյ դիրքը՝ համոզուած եմ, թէ բազմաթիւ նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ պիտի ունենան՝ տարածաշրջանի ամենակարեւոր դերակատարները հանդիսացող երկիրներու ղեկավարները։ Թրքական կողմին հետ շարունակ երկխօսութեան մէջ ենք, տեւական շփումներ կան հեռաձայնի միջոցաւ», նշեց Ուշաքով։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ուշաքով աւելցուց, որ Փութին վաղն ալ ժամադրուած է Իրանի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մուհամմէտ Մուհպիրի հետ։
«ՇՀԿ+» ձեւաչափով այս գագաթաժողովին մասնակից ներկիրները կը քննարկեն քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան եւ այլ բազմաթիւ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Այս կազմակերպութիւնը, ընդհանրապէս, կը դասուի Արեւելքի գլխաւոր դերակատարներուն համախմբումը, հետեւաբար նաեւ այժմ կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ Արեւմուտքի հետ բուռն մրցակցութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ: