ՇԻՇԼԻՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԸ ԴԱՐՁԱՆ ՄՐՑԱԿԻՑ
ՈՒԷՖԱ-ի կեդրոնէն ներս, որ Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ կը գտնուի, երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեաններու լիկի որակաւորման փուլի վիճակահանութիւնը։ Թրքահայ մարզասէր շրջանակները հետաքրքրութեամբ կը սպասէին այս իրադարձութեան՝ նկատի ունենալով, որ Շիշլի մարզակումբը երեք տարիէ ի վեր անընդհատ Թուրքիոյ ֆութսալի ախոյեանը կը հանդիսանայ ու կը շահի այս կարեւոր մրցաշարքին մէջ երկիրը ներկայացնելու իրաւունքն ու պատիւը։ Շիշլիցիներու նուաճած վերջին ախոյենութիւնը բաւական լուրջ խնդիրներով զուգորդուած էր։ Աւարտական փուլին ակումբի մարզիկները Իսթանպուլի մէջ մեծ լարուածութիւն դիմագրաւած էին, իսկ պատասխան խաղին Պիթլիսի մէջ ենթարկուած էին մրցակիցի բռնութիւններուն։ Ուստի, այս տարուան առաջնութեան տիտղոսը բացառիկ նշանակութիւն ունի շիշլիցիներուն համար։
Երէկուան վիճակահանութեան արդիւնքով Շիշլի մաս կազմեց որակաւորման փուլի «D» խմբաւորման։ Չորս խումբերէ բաղկացեալ այս խմբաւորման պարագային վիճակահանութեան արդիւնքը եղաւ շատ հետաքրքրական։ Արդարեւ, Թուրքիոյ ներկայացուցիչը՝ Շիշլին եւ Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Երեւան ֆութսալի ակումբը դարձան մրցակիցներ։ Բացի այս երկու ակումբներէն, «D» խմբաւորման մէջ յայտնուեցան Անգլիայէն Մենչըսթըրի ֆութսալի ակումբն ու Հոլանտայէն «Tigers Roermond»ը։
Շիշլիի մրցումները նախատեսուած են յառաջիկայ օգոստոսի 21-25-ին՝ Մենչըսթըրի ֆութսալի ակումբի հիւրընկալմամբ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024