ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի հիւիսին տեղի ունեցած հեհեղներու պատճառով յառաջացած վնասները հաւասարակշռելու ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Թէեւ երկրի երկաթուղային ցանցը շուտով վերականգնուած էր, սակայն, խնդիրը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան կիզակէտին կը մնան վնասից հատուցման խնդիրները։ Կը հաղորդուի, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին ընթացքին հաստատուած է՝ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ աղէտին հետեւանքով տուժած ընտանիքներու հատուցման կարգը։

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2024