Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՄԱՀԱԵՄ-Ի 100-ՐԴ ՏԱՐԻՆ
Պէյրութի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) համաժողովը։ Յոբելենական բնոյթ ունէր այս հաւաքը, որովհետեւ ՄԱՀԱԵՄ թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Համաժողովը գլխաւորեց ՄԱՀԱԵՄ-ի տեղապահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայկազեան համալսարանի նախագահն է։
Սուրբգրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան եւս հրաւիրուած էր այս հաւաքին, որ ներկայացուց Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերութեան կողմէ անգլերէնով հրատարակուած նոր Աստուածաշունչը, որ կը կոչուի՝ «The Migration Bible»։
Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2024