ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւնները, որու արդիւնքները նոր շրջանի մը սկիզբը բնորոշեցին երկրին տեսակէտէ։ Կը հաղորդուի, որ Անգլիոյ մէջ վերջ կը գտնէ Պահպանողական կուսակցութեան իշխանութիւնը, որ տասնչորս տարիէ ի վեր կը շարունակուէր։ Արդարեւ, Բանուորական կուսակցութիւնը ջախջախիչ յաղթանակ մը տարած է, ապահով մեծամասնութեան մը հասնելով խորհրդարանէն ներս։

Այսպէսով, վարչապետ Ռիշի Սունաքին պիտի յաջորդէ Բանուորական կուսակցութեան ղեկավարը՝ Քիըր Սթարմըր։

Բանուորական կուսակցութիւնը ընտրութիւններէն առաջ յայտարարած էր, որ իշխանութեան գլուխ գալու պարագային օրակարգի վրայ պիտի չառնէ Եւրոմիութեան վերադառնալու նիւթը։

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2024