ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (5)
Տարօրինակ բան է չէ՞ բանաստեղծութիւնը. ընդամէնը մի քանի էջերու մէջ արձանագրուած բառեր կարելի կ՚ըլլայ մի քանի տասնեակ էջերու մէջ բացատրել եւ հո՛ն է բանաստեղծութեան հիմնական արժէքը. բանաստեղծութիւնը անկատար արուեստ մըն է, որ ընթերցողը ի՛նք աւարտին պիտի հասցնէ, այդ բառերն ու ապրումները յարմարեցնելով իր հոգիին ու ապրումներուն. մենք կը փորձենք վերլուծել Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնը, սակայն նոյն տողերն ու խօսքերը իւրաքանչիւրիս համար կրնայ տարբեր իմաստ մը ունենալ եւ այդ ապրումներուն մէջ է, որ իրար կը հանդիպին ընթերցողն ու բանաստեղծը. այդ յոյզերու հասարակաց գիծն է, որ գրողը կը դարձնեն բանաստեղծ:
Պարոյր Սեւակ շարունակելով իր խօսքերը իր որդիին կըսէ.
«Ա՜խ, մի՛ նուայ։ Հայրըդ երբեք չէր հանդուրժում նուացողին...».
Այս տողերով կարելի է հասկնալ Պարոյր Սեւակի հոգիի զօրութիւնը. կարելի է հասկնալ, որ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց Պարոյր Սեւակ նուացող մը չէր, որովհետեւ կը գիտակցէր, թէ նուալը կեանքի պայքարին մէջ ո՛չ մէկ արդիւնք կրնայ ունենալ: Բանաստեղծին համոզումով նուացողը կեանքի պայքարին մէջ պարտուած մըն է պարզապէս, որովհետեւ կեանքը երբեք չի՛ խղճար լացողներուն. այդ իսկ պատճառով կ՚ուզէր, որպէսզի իր զաւակը ունենայ հոգիի քաջութիւնը նուալու փոխարէն պայքարելու եւ դէմ դնելու ամէն տեսակ դժուարութեան:
«Շատ աւելի լաւ է, տղա՛ս, դառն արցունքով աչքըդ ցօղիր
Ու քո ճամբան շարունակիր».
Հակառակ որ Պարոյր Սեւակ նուացողները չի՛ հանդուրժեր, սակայն դէմ չըլլար մարդկային արցունքներուն, հաւատալով, որ անոնք մարդու հոգիին ամենէն մաքուր ու պարզ զգացումներուն հայելին են: Սակայն արցունքներէն ետք Պարոյր Սեւակ կու տայ «քո ճամբան շարունակիր» խրատը, ըսել ուզելով, որ արցունքները արգելք չըլլան կեանքի պայքարին. այդ պայքարէն պարտուած դուրս կու գան բոլոր անոնք, որոնք արցունքներ թափելով կը մոռնան իրենց ճամբան շարունակել: Հետեւաբար արցունք թափելը ամօթ մը չէ, սակայն պարտութիւն է այդ արցունքներուն մէջ խեղդուած մնալը, որովհետեւ Պարոյր Սեւակ իւրաքանչիւր դժուարութիւն կը տեսնէ որպէս աւելի զօրանալու, պայքարի ոգիով լեցուելու միջոց մը պարզապէս: Արցունքները մարդկային կեանքի ճամբուն անբաժան մէկ մասն են եւ այդ խոչընդոտները պէտք չէ արգելք հանդիսանան հասնելու հոն՝ ուր մարդ արարածը կ՚ուզէ հասնիլ:
Խօսելով այդ ճամբուն մասին, Պարոյր Սեւակ դարձեալ կ՚ըսէ.
«Թո՛ղ որ լինի նա քարքարոտ». սակայն իր յաջորդող տողերուն մէջ կը բացատրէ, թէ ինչու համար խնդիր չի տեսներ այդ ճամբուն քարքարոտ ըլլալը.
«Բայց քո հոգում եթէ լինի բարո՛ւ, լաւի՛, սիրոյ կարօտ,
Դու չե՜ս յոգնի, դու կը քայլես, կը բարձրանաս դու սարն ի վեր».
Կեանքի դժուարին պայքարը յաղթահարելու համար բանաստեղծը կը յորդորէ ունենալ բարութիւն, ըլլալ սիրոյ կարօտ, որովհետեւ իր սիրտին մէջ սէր ունեցողը չար չի՛ կրնար ըլլալ, որովհետեւ չարերը չեն կրնար սիրել: Բարութիւնն ու սէրը կ՚օգնեն, որպէսզի մարդ չյոգնի: Այս տողերուն մէջ Պարոյր Սեւակ կեանքը կը նմանեցնէ սարն ի վեր բարձրանալու, որովհետեւ բարձրանալը իջնելէն շատ աւելի դժուար իրողութիւն մըն է. բարձրացած ժամանակ է որ մարդ կը դժուարանայ եւ կ՚ուզէ ամէն ջանք ի գործ դնել հասնելու համար գագաթ. այդ գագաթը մեր ունեցած նպատակներն են, մեր հեռանկարները, իր մենք այդ բարձունքին ունեցած դժուարութիւններուն դէմ մաքառողներն ենք. այդ պայքարին մէջ յանձնուիլը սարէն վար գլորիլ է:
«Դրա համար ոգի է պէտք, դրա համար պէտք չեն թեւեր».
Կեանքի սարն ի վեր բարձրանալու համար բանաստեղծը կարեւոր կը նկատէ ոգին, որովհետեւ գոյութիւն չունի աւելի գերագոյն ուժ՝ քան մարդու կամքն ու ոգին. մարդ այդ երկուքով կրնայ յաղթահարել ամէ՛ն տեսակ դժուարութիւն. ոգիի զօրութիւնը Պարոյր Սեւակ կը համեմատէ թռչունի թեւերուն հետ, առաջինը շատ աւելի բարձր գնահատելով ու կարեւորելով, որովհետեւ ոգին ու կամքը առանց թեւերու մարդը կրնայ «թռցնել» եւ հասցնել իր նպատակներուն։ Թեւերը կարելի է կոտրել ու վիրաւորել, սակայն հաստատուած կամքն ու ոգին անյաղթելի կը շարունակեն մնալ: Մարդկային ամենէն համեստ տկարութիւնն է նախանձիլ ազատօրէն թռչող թռչուններուն, սակայն Պարոյր Սեւակ աւելի նախանձելի կը գտնէ մարդու ոգին, որ մարդկային կեանքի գերագոյն մէկ արժէքն է:
Այս բանաստեղծութեան մի քանի տողերուն մէջ կը տեսնենք, որ Պարոյր Սեւակ յաղթանակելու գաղտնիքը կը փոխանցէ իր որդիին, յայտնելով, որ բարութեամբ, սիրով ու կամքով կարելի է յաղթել կեանքին եւ անոր մեր դիմաց դրած բոլոր դժուարութիւններուն. հերոս մըն է այն մարդը, որ կը յաջողի իր մարդկային կեանքին մէջ այդ բոլորը միատեղել:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս կարելի է ատել անձ մը՝ որ շատ սիրած ենք:
Պատասխան. Անձ մը շատ սիրելը ձեզ կրնայ առաջնորդել հիասթափութեան եւ աւելիով կը սրէ վիրաւորանքի զգացումը՝ պատճառ դառնալով ատելութեան: Երբ մարդկային ակնկալիքները չեն արդարանար եւ կամ վստահութիւնը կը կոտրուի, մարդուն մէջ կը ստեղծուի ցաւ՝ սիրոյ եւ ատելութեան խառնուրդ մը ստեղծելով: Սիրոյ եւ ատելութեան խառնուրդը ի յայտ կու գայ, որովհետեւ այն անձը ունի ուժ՝ խորապէս ազդելու ձեր վրայ եւ ձեզի համար անոր խօսքերն ու գործերը աւելի նշանակալից են քան ուրիշներ: Կապուածութիւնը մարդուն մէջ կը զօրացնեն զգացումները, թէ՛ ուրախութեան, թէ՛ վիրաւորուելու, մարդուն մէջ ստեղծելով հակասական զգացումներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024