ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԱՋԱԿՈՂՄԵԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԿԱՆԽՈՒԱԾ. ՆՈՐ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ
Երէկ Ֆրանսա մէջ տեղի ունեցաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան երկրորդ փուլը, որու արդիւնքին կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։ Բաւական բարձր մասնակցութեան համեմատութիւն արձանագրուեցաւ։ Ֆրանսացի ընտրողները, որոնք առաջին փուլին ալ լայնօրէն փութացած էին քուէատուփի մօտ, այս անգամ եւս ըրին նոյնը։ Արդիւնքին, ծայրայեղ աջակողմեաններու յաղթանակը կանխուեցաւ Ֆրանսայի մէջ։ Առաջին փուլէն վերջ արդէն նկատուած էին համապատասխան խմորումները։ Արդարեւ, ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային համախմբում»ի թեկնածուներուն դէմ մնացեալները միացած էին։ Այսպէս, արմատական անունին յաջորդած՝ բարձրագոյն քուէն ստացած թեկնածուին ի նպաստ մնացեալ բոլորը զօրակցութեան ճանապարհով գացին։
Այս բոլորէն վերջ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը կազմեց 66.63 տոկոս։ Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս որեւէ քաղաքական ուժ անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը չկարողացաւ ապահովել՝ ինքնուրոյն կառավարութիւն մը կազմելու համար։ 577 երեսփոխաններէ փաղկացեալ կառավարութեան մէջ մեծամասնութեան տիրանալու համար անհրաժեշտ է 289 տեղ։ Նկատի ունենալով, որ այդքան երեսփոխան չէ ապահոված որեւէ քաղաքական ուժ՝ յառաջիկային անխուսափելիօրէն համախոհական կառավարութիւն մը պիտի ձեւաւորուի։ Այսօր վարչապետ Կապրիէլ Աթալ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնին։
Վերջին 40 տարիներու կտրուածքով ամենաբարձր մասնակցութեան համեմատութեամբ ընտրութիւններով ֆրանսացի ընտրողները կանխեցին ծայրայեղ աջին յաղթանակը՝ նոր հորիզոն մը բանալով ձախակողմեան դաշինքին առջեւ։ Առաջին հորիզոնականը զբաղեցուց «Ժողովրդական նոր ճակատ»ը, որ խորհրդարանէն ներս ապահոված է 182 տեղ։ Նախագահ Մաքրոնի «Միասին»ը զբաղեցուցած է երկրորդ հորիզոնականը՝ 168 պատգամաւորով։ Ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային համախմբում»ը երրորդ դիրքի վրայ է՝ խորհրդարանէն ներս 143 տեղ ապահոված ըլլալով։
Մարին Լը Փէն, որ ազգայնականներու ղեկավարն է, շեշտեց, թէ իրենց յաղթանակը պարզապէս յետաձգուած է։
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նոր կազմին մէջ կը գտնուին բազմաթիւ յայտնի անուններ. օրինակ՝ նախկին նախագահ Ֆրանսու Օլանտ, նախկին վարչապետ Էլիզապէթ Պոռն, եւ այլն։
Թէեւ ծայրայեղ աջակողմեաններու յաղթանակը կանխուած է, սակայն մեկնաբանները զանազան վարկածներ կը քննարկեն երկրի ապագային տեսակէտէ։ Արդարեւ, խորհրդարանէն ներս կ՚ենթադրուի բեւեռացման խորացում։ Թէ ինչպէ՞ս նախագահ Մաքրոն պիտի հունաւորէ յառաջիկայ իրադարձութիւնները՝ առ այժմ յստակ չէ։ Ան իրաւունք չունի մինչեւ 2025 թուականի ամառը, այսինքն տարի մը խորհրդարանը դարձեալ լուծարելու։ Հետեւաբար, ներկայ բեմագրութիւններէն մին կը նախատեսէ թեքնոթրատներու կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը՝ կանխելու համար հաւանական քաոս մը։ Մաքրոնն ալ առաջին անգամ խորհրդարանի անվստահութեան քուէին ենթարկուելու վտանգին դէմ յանդիման է։ Ամենատրամաբանական եւ ցնցումներէ հեռու հաւանականութիւնն ալ Ֆրանսայի մէջ նոր «համակեցութեան» շրջանի մը սկսիլն է՝ 1997-2002 շրջանի օրինակին կրկնութիւնով։