ՀԵՌՈՒ ՇՈՒԿԱՅԻ ՀՈՍԱՆՔՆԵՐԷՆ…

«Ոսկէ ծիրան» 21-րդ շարժանկարային միջազգային փառատօնին շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ է գանատահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, որու վերջին ժապաւէնը՝ «Եօթ քօղ»ը ցուցադրուեցաւ ծրագրին սկիզբին։ Երէկ, Ատոմ Էկոյեանի մասնակցութեամբ հետաքրքրական ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հրապարակային զրոյցը կազմակերպուած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի կեդրոնի համալիրի երդիքին տակ։ «Ատոմ Էկոյեանի հետ ժամադրութիւն ՀԲԸՄ-ի մէջ» խորագրեալ այս հաւաքոյթը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, աշխարհահռչակ բեմադրիչը զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Պէտք է ուզածդ նկարես ու չերթաս շուկայի հոսանքներու ետեւէն»։

Էկոյեանի խօսքով՝ «Ոսկէ ծիրան»ը բացառիկ փառատօն մըն է, այս բարդ ժամանակներուն միտուած է մշակոյթի պահպանման։

«Վերջին տարիները անտանելի էին, բայց արուեստը թոյլ կու տայ արտայայտել այդ զգացումները», համոզուած է Ատոմ Էկոյեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024