360 ԱՍՏԻՃԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկահայ փորձառու դիւանագէտ Էտուըրտ Ճէրէճեան համոզուած է, թէ հայութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ վատագոյն բեմագրութեան։
Այս սիւնակին մէջ քանի մը օր առաջ անդրադարձած էինք իր կողմէ «Մետիամաքս» գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին։ Դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեան վերջերս Երեւանի մէջ էր, ուր Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներուն առջեւ ունեցաւ ելոյթ մը։ Այսօր կը ներկայացնենք իր հարցազրոյցը՝ մինչ այդ ամփոփելով Ճէրէճեանի կենսագրութիւնը։
85-ամեայ Ճէրէճեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենանշանաւոր եւ փորձառու դիւանագէտներէն մին է։ Ան աշխատած է ԱՄՆ-ի ութ նախագահներու վարչախումբերուն հետ։
1985-ին նախագահ Ռանըլտ Ռեկընի յատուկ օգնականն ու արտաքին հարցերով փոխ-բանբերը եղած է։ 1981-1984 թուականներուն պաշտօնավարած է Յորդանանի մէջ՝ որպէս ԱՄՆ-ի փոխ-դեսպան։ 1988-1991 թուականներուն Դամասկոսի մէջ պաշտօնավարած է՝ որպէս դեսպան, լաւ անձնական յարաբերութիւններ մշակելով Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆըզ Էսատի հետ: Դամասկոսէն վերադարձած է Ուաշինկթըն, ուր մինչեւ 1993 թուականները եղած է պետական քարտուղարի Միջին Արեւելքի հարցերով տեղակալը: 1993-1994 թուականներուն այս անգամ Իսրայէլի մէջ եղած է ԱՄՆ-ի դեսպանը: 1994-2022 թուականներուն Ճէրէճեան եղած է Թեքսաս նահանգի Ռայսի համալսարանի «Ճէյմս Պէյքըր» հանրային քաղաքականութեան կաճառի տնօրէնը:
Ստորեւ՝ իր խորհրդածութիւնները։ Հարկ է նշել, որ հարցազրոյցը վարած է «Մետիամաքս»ի տնօրէն Արա Թադէոսեան։
*
-2017 թուականի մեր հարցազրոյցին դուք ըսած էիք հետեւեալը. «Անկախ միջազգային իրադրութենէն, Հայաստան այնպիսի իրավիճակի մէջ յայտնուիլ պէտք է ձգտի, որ ինքզինքին թոյլ տայ յառաջ մղել իր ազգային շահերը՝ Հիւսիս-Հարաւ եւ Արեւելք-Արեւմուտք առանցքներով: Սա պէտք է դառնայ հայկական քաղաքականութեան սկզբունքը՝ հաշուի առնելով երկրի աշխարհագրական դիրքը։ Քաղաքականութեան մէջ աշխարհագրութիւնը շատ պարագաներով ճակատագրական նշանակութիւն ունի»:
Երեք տասնամեակ Հայաստան կը փորձէր կամրջել Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի շահերը, բայց այսօր ան կը դառնայ կամ արդէն դարձած է վայր մը, ուր գերտէրութիւնները կը մրցին։ Ի՞նչ կը կարծէք, հնարաւո՞ր է այդ փոխել:
-Հետաքրքրական է, որ անդրադարձաք՝ տարիներ առաջուան մեր նախորդ հարցազրոյցի յայտարարութեան։ Կը կարծեմ՝ այդ ռազմավարութիւնը տակաւին արդիական է Հայաստանի համար, որ փոքր ու դէպի ծով ելք չունեցող երկիր մըն է՝ շրջապատուած վտանգաւոր հարեւաններով: Հետեւաբար, զարգանալու համար այն պէտք է առաջին հերթին ջանքեր գործադրէ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։ Մեր վերջին հարցազրոյցէն ի վեր լաւ նորութիւն է, որ Հայաստան ապացուցած է՝ ժողովրդավարական զարգացման ճանապարհով ընթանալը: Ժողովրդավարութիւնը շատ կարեւոր է եւ պէտք է զարգանայ ու ամրապնդուի ներսէն: Սա պէտք է այնպէս մը կատարուի, որ հայ ժողովուրդը կարողանայ օգտուիլ տնտեսական բարգաւաճումէն, անվտանգութենէն եւ այն հիմնական ծառայութիւններէն, որոնք պետութիւնը կրնայ առաջարկել իր ժողովուրդին:
Հայաստան ասոր հետ միասին պէտք է մշակէ 360 աստիճանով արտաքին քաղաքականութիւն: Այլ խօսքով՝ Երեւան պէտք է յարաբերութիւններ զարգացնէ տարածաշրջանի երկիրներուն եւ հարեւաններուն հետ: Խօսքը «3+3» ձեւաչափին մասին է՝ երկկողմանի յարաբերութիւններ Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Վրաստանի, նաեւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ: «3+3»ը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար կենսունակ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու առումով։
Հայաստան յայտնուած է աւելի բազմաբեւեռ աշխարհի մը մէջ: Երկբեւեռ աշխարհը (նախկին Խորհրդային Միութիւն եւ ԱՄՆ) աւարտեցաւ 1991 թուականին, սակայն, նոյնիսկ այսօր ԱՄՆ-ի գերակայութիւնը 90-ականներու սկիզբին համազօր չէ: Աշխարհը կը դառնայ աւելի բազմաբեւեռ: Ուստի, Հայաստան պէտք է դիրքաւորուի այս նոր աշխարհաքաղաքական իրականութեան մէջ, ինչ որ կը նշանակէ առաջնահերթութիւն տալ կարեւոր երկիրներու հետ յարաբերութիւններու. ինչպէս՝ Չինաստան, Հնդկաստան, Ծոցի երկիրներ:
-Դատելով ձեր պատասխանէն՝ կ՚ենթադրուի, որ չէք հաւատար Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ «ռազմավարական շրջադարձի», այսինքն Ռուսաստանի հետ բոլոր կապերու խզումով դէպի Արեւմուտք թեքուելու։
-Հայաստան պէտք չէ իյնայ այն թակարդը, ուր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կախուած ըլլայ որեւէ երկրէ կամ դաշինքէ՝ ուղղուած ուրիշի մը դէմ: Հայաստան չի կրնար ինքզինքին թոյլ տալ այս բանը: Պէտք է զարգացնել յարաբերութիւնները իմ նշած բոլոր երկիրներուն հետ, այնուհետեւ առանձին առաջնահերթութիւններ սահմանել իւրաքանչիւրի պարագային:
Եթէ ճիշդ կը հասկնամ, Հայաստանի բնական կազի աւելի քան 80 առ հարիւրը, ինչպէս նաեւ միջուկային վառելանիւթը կը ներածուին Ռուսաստանէն։ Հայաստան ցորեն ալ կը ստանայ Ռուսաստանէն: Ուստի, չի կրնար անտեսել Ռուսաստանի հետ գործօն աշխատանքային յարաբերութիւններու պահպանումը։
Եւրոպական Միութեան, ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են, սակայն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն նշանակութիւնը ունի Հայաստանի համար:
-Հնարաւոր կը համարէ՞ք պահպանել հաւասարակշռութիւնը՝ հաշուի առնելով Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններու առկայ լարուածութիւնը։
-Ես իսկապէս չեմ կարծեր, թէ սա պէտք է ըլլայ զերօ արդիւնքով խաղ, ուր Հայաստան աւելի շատ կապուած է երկրի մը: Բայց կրկնեմ, որ Հայաստան չի կրնար ինքզինքին թոյլ տալ յարաբերութիւններ չունենալ իր բոլոր անմիջական հարեւաններուն ու կարեւոր արտաքին ուժերու հետ: Միւս կարեւոր կէտը հետեւեալն է. Հայաստան պէտք է իր ժողովրդավարութիւնը կառուցէ ներսէն:
Ժողովրդավարական ընտրութիւնները շատ դրական գործօն են, բայց պէտք է նաեւ տնտեսապէս զարգացնել այդ մէկը: Տնտեսութիւնը համեմատաբար լաւ վիճակի մէջ է, բայց Հայաստան պէտք է զարգացնէ իր տնտեսական ուժը, կրթական հաստատութիւնները:
Ես ելոյթ ունեցած էի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուր տեսայ, որ հայերու նոր սերունդ մը կու գայ թէ՛ մասնաւոր հատուածէն եւ թէ յուսամ նաեւ պետականէն։ Կրթութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ Հայաստանի լաւագոյն ներուժը ուղեղներն են:
Հաշուի առնելով մեր տեսածն ու պատահածը Արցախի պարագային՝ Հայաստան պէտք է զարգացնէ իր պաշտպանական ընդունակութիւնները: Այն պէտք չէ դառնայ երկիր մը, որ կը փնտռէ արտաքին թշնամիներ կամ նուաճումներ, բայց պէտք է այնքան ուժեղանայ, որ որեւէ երկիր առնուազն երկու անգամ մտածէ անոր դէմ ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկելու համար: Պատկերաւոր խօսքով՝ Հայաստան պէտք է «մացառախոզ» դառնայ: Մացառախոզը այն անասունն է, որ շատ սուր եւ երկար ասեղներ ունի: Հայաստան պէտք է այդպիսին դառնայ, որպէսզի կարողանայ զսպել արտաքին ուժերու ռազմական յաւակնութիւնները։
-Արեւմուտքի աջակցութիւնը կրնա՞յ կարեւոր դեր խաղալ այս գծով:
-Արեւմուտքի աջակցութիւնը կրնայ հիմնական գործօն մը ըլլալ՝ օգնելու Հայաստանը «մացառախոզ» դարձնելու հայեցակարգին: Յամենայնդէպս, չեմ կարծեր, թէ Հայաստան պէտք է այնպիսի ռազմական զսպման ռազմավարութիւն մը կառուցէ, որ չափէն աւելի կախուած ըլլայ որեւէ երկրէ կամ դաշինքէ՝ ըլլայ այդ մէկը ԱՄՆ-ը, Եւրոպան, Ռուսաստանը կամ Իրանը, որպէսզի անոնք գան ու Հայաստանը պաշտպանեն ռազմական հակամարտութեան մը պարագային:
Հայաստան պէտք է զանազան դարձնէ իր աղբիւրները, ինչ որ կ՚ուժեղացնէ իր ռազմական զսպման մեքենականութիւնը: Օրինակ, ես գիտեմ, որ Հնդկաստանի հետ պաշտպանութեան հարցերուն մէջ նոր յարաբերութիւններ ի յայտ կու գան: Բայց նաեւ զէնքի այս բոլոր համակարգերը պէտք է համատեղելի ըլլան իրարու հետ ու այս պէտք է ընել խելամտօրէն: Հայաստանի ռազմական զսպման մեքենականութեան ստեղծումը առանցքային գործօն է՝ հաշուի առնելով 2020 թուականի փորձառութիւնը եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը։
-Երբեմն կը թուի, որ եթէ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը որոշեն «ճզմել» Հայաստանը, ապա անոնք դիւրութեամբ կրնան ընել այդ բանը ու ոչ ոք կրնայ խանգարել։
-Պէտք է պատրաստ ըլլալ վատագոյն բեմագրութեան, Հայաստան այդ մէկը պէտք է ընէ՝ առանց փլուզելու իր տնտեսութիւնը։ Երկիրը պէտք չէ աւելորդ պաշտպանական ուժեր կուտակէ իր տնտեսութեան հաշուոյն։ Ասոյթ մը կայ. «Աստուած կ՚օգնէ անոնց, որոնք կ՚օգնեն իրենք իրենց»։ Հայաստան պէտք է կարողանայ օգնել ինքզինքին։
-Արդեօք 2020 թուականի պատերազմը ինչ-որ իմաստով անխուսափելի՞ էր: 2017-ի մեր հարցազրոյցին ըսած էիք. «Մենք պէտք չէ պատրանքներ ունենանք։ Ատրպէյճան հարուստ երկիր է եւ բոլոր անոնք, որոնք որոշումներ կը կայացնեն Երեւանի մէջ, պէտք է խիստ մտահոգ ըլլան անոր զէնքի գնումներով»: Ձեր այդ խօսքերէն երեք տարի անց պատերազմ եղաւ։ Արդեօք սա կը նշանակէ՞, որ մարդիկ Երեւանի մէջ թէեւ մտահոգուած էին, այնուամենայնիւ, չէին հաւատար, թէ այդ բանը իսկապէս տեղի կրնայ ունենալ։
-Առաջին հերթին, կը կարծեմ, թէ պատերազմէն կարելի էր խուսափիլ։ Տարիներ առաջ, ԱՄՆ-ի ելոյթի մը ընթացքին ըսած էի, որ Հայաստանի բանակցային դիրքը շատ ուժեղ է Ատրպէյճանի բաղդատմամբ։ Որովհետեւ Հայաստան գրաւած էր Ատրպէյճանի եօթ շրջան, ինչ որ շատ կարեւոր առարկայ էր սակարկելու եւ Հայաստան այդ մէկը կրնար օգտագործել բանակցութիւններուն մէջ։ Այն ժամանակ ըսած էի նաեւ, որ Ատրպէյճան գանձատրական միջոցներ պիտի ունենար իր ռազմական ուժը կառուցելու համար ու կրնար աւելի լաւ վիճակի մէջ յայտնուիլ յետագայ պատերազմին յաղթելու համար: Պատերազմէն կարելի էր խուսափիլ: Հայաստանի նախկին վարչակազմը պէտք է օգտուէր հնարաւորութենէն եւ բանակցութիւններ վարէր՝ քանի դեռ ամուր դիրքերէ հանդէս կու գար։ Հիմա այդ դիրքերը ամուր չեն։ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վերահսկումէն յետոյ Հարաւային Կովկասի մէջ քաղաքական պատկերը ակնյայտօրէն փոխուած է։
Խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ունենալու համար պէտք է ունենալ փոխադարձ ճանչցուած սահմաններ։ Եթէ դուք վիճելի սահմաններ ունիք, ապա ունիք խնդիր մը, որ ամէն պահ կրնայ պայթիլ: Մենք տեսած ենք այս բանը Կիպրոսի, Թայուանի մէջ ու կը տեսնենք Քաշմիրի եւ Արեւմտեան Սահարայի մէջ։ Այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանները յստակեցնելու եւ հաշտութեան բանակցութիւններ վարելու պահն է։ Արդիւնքին արդար խաղաղութիւն մը կը հաստատուի երկու երկիրներուն միջեւ: Հիմա այս բանը ընելու ժամանակն է։
-Բայց նոյնիսկ 2020-ի պատերազմին յաղթելէ եւ Արցախի մէջ ցեղային զտում ընելէ յետոյ Ատրպէյճանի նախագահը պատրաստ չէ կանգ առնել։ Պաքու այժմ աշխուժօրէն յառաջ կը տանի այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ը, որուն ակնյայտօրէն կ՚աջակցի կառավարութիւնը։ Հայաստանի տարածքը անոնց կողմէ կը կոչուի «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Ալիեւ կը պնդէ, որ խաղաղութեան համաձայնագիր հնարաւոր չէ կնքել՝ առանց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան։ Այս վերջինը, ըստ իրեն, տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանէն։
-Ալիեւի այս հռետորաբանութիւնը իսկապէս շատ մտահոգիչ է։ Չեմ կրնար ըսել՝ արդեօք սա միայն քարոզչութի՞ւն է, թէ ոչ ան իսկապէս նկատի ունի այդ բոլորը։ Սակայն աւելի վտանգաւոր է, եթէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը չպայմանաւորուին սահմանազատման շուրջ, որովհետեւ Ալիեւ հեշտութեամբ կրնայ օգտագործել այդ պատրուակը։ Անկախ Ալիեւի ըսածներու իրական կամ քարոզչական նշանակութիւն ունենալէն՝ պէտք է շարունակել սահմանազատումը եւ խաղաղութեան գործընթացը, եւ կառուցել պաշտպանութիւն մը, որպէսզի ան ստիպուած ըլլայ մտածելու, եթէ ցանկայ աւելին: Իմ ղեկավարներէն մին՝ նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն կը սիրէր ըսել. «Վստահէ, բայց ստուգէ՛»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան