ՀԱՄԱՐԿՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ Թիֆ­լի­զի մէջ ունե­ցաւ եր­կօ­րեայ շփում­ներ։ Ան Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ՝ ըն­դու­նուե­լով Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի, Վար­չա­պետ Ի­րակ­լի Մե­նա­ղա­րիշ­վի­լիի եւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն այլ յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րու կող­մէ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Վրաս­տա­նի ՆԱ­ԹՕ-ի հա­մարկ­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սթոլ­թեն­պերկ Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ շօ­շա­փեց այս ուղ­ղու­թեամբ ծրագ­րուած քայ­լե­րը, ինչ­պէս նաեւ Վար­շա­ւիոյ մէջ նա­խա­տե­սուած դա­շին­քի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Մարկ­վե­լաշ­վի­լի եւ Սթոլ­թեն­պերկ անդ­րա­դար­ձան նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ ՆԱ­ԹՕ-ի ա­ռա­քե­լու­թեան Վրաս­տա­նի զի­նուոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան հար­ցե­րուն։

Սթոլ­թեն­պեր­կի մաս­նակ­ցու­թեամբ Վրաս­տա­նի մէջ կը բա­ցուի նաեւ ՆԱ­ԹՕ-ի հա­մա­տեղ ու­սում­նա­կան կեդ­րո­նը, ինչ որ կը բնո­րո­շէ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ծրագ­րի կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րուան­նե­րէն մին։ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ եր­կիր­նե­րուն մօտ Սթոլ­թեն­պեր­կի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ճէյմս Ա­փա­թու­րայ վեր­ջերս նշած էր, թէ այս կեդ-­րո­նին բա­ցու­մը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Վրաս­տա­նին հա­մար։ Կեդ­րո­նը հաս­տա­տուած է Թիֆ­լի­զի մեր­ձա­կայ ա­րուար­ձան­նե­րէն Կրծա­նի­սիի մէջ։

Ըստ ՆԱ­ԹՕ-ի աղ­բիւր­նե­րուն, Սթոլ­թեն­պերկ Թիֆ­լի­զի ղե­կա­վա­րու­թեան յոր­դո­րեց շա­րու­նա­կել Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղեալ բարդ գոր­ծըն­թա­ցը։ ՆԱ­ԹՕ կը պաշտ­պա­նէ Վրաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի երկ­խօ­սու­թիւ­նը։ Դա­շին­քին մօ­տե­ցու­մը այն է, որ այդ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թիւ­նը այ­լընտ­րանք չու­նի՝ որ­պէս­զի կան­խուին նոր բար­դու­թիւն­նե­րը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015