ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի (ՔԴԿ) տարածաշրջանային պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեանի, որ տնօրէնն է կեդրոնին։

Հանդիպման ընթանցքին Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Եկեղեւոյ կրթադաստիարակչական առաքելութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մշտամնայ հոգածութեան եւ ուշադրութեան համար։ Ան գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ անցեալ տարիներու ընթացքին ՔԴԿ-ի տարածաշրջանային պատասխանատուները նուիրումով իրականացուցած են իրենց աշխատանքը եւ նպաստած «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի արդիւանաւէտ դասաւանդման։

Ապա Նորին Սրբութիւնը օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց ներկաներուն՝ տարիներու նուիրեալ ու ջանադիր ծառայութեան համար։ Վերստին անդրադառնալով «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ուսուցման կարեւորութեան եւ մատաղ սերունդի ազգային-հոգեւոր արժեհամակարգով կրթուելու հրամայականին նկատմամբ։ Ան ցաւով արձանագրեց, որ հանրակրթութեան պետական նոր չափորոշիչի ներդրմամբ յառաջիկայ ուսումնական տարիէն սկսեալ այս առարկան պիտի դասաւանդուի միայն 9-րդ եւ 11-րդ դասարաններուն, իսկ 2026 թուականէն սկսեալ ամբողջութեամբ դուրս պիտի մնայ կրթական ծրագրէն։ Վեհափառ Հայրապետը այս առընչութեամբ կարեւոր համարեց թեմերէ ներս պատանի հայորդիներու քրիստոնէական դաստիարակութեան զօրացումը։ Այս գործին իրենց տարիներու հարուստ փորձառութեամբ կրնան կարեւոր ծառայութիւն բերել ՔԴԿ-ի տարածաշրջանային պատասխանատուները։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2024