ՍՐԻԿԱՅԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ

Այսօր ընդունուած է ծաղրել, նսեմացնել, որպէս դատարկ խօսք ներկայացնել հայրենասիրութիւնը: Այդ ոչնչապաշտութիւնը (նիհիլիզմ) բնորոշ է՝ յատկապէս Հայաստանի իշխանական կամ իշխանամերձ շրջանակներուն:

Նման քարոզչութիւն տանողները կը սիրեն վկայակոչել 18-րդ դարու անգլիացի բանաստեղծ եւ գրաքննադատ Սեմիւէլ Ճոնսոնի յայտնի ասոյթը. «Հայրենասիրութիւնը սրիկայի վերջին հանգրուանն է»: Ինչ խօսք, անգլիացին իրաւացի էր՝ նման բաներ բաւական յաճախ կը պատահին:

Իսկապէս կան սրիկաներ, տեմակոկներ, մանիփիւլաթէօրներ, որոնք իրենց կեղտոտ նպատակները իրագործելու համար հայրենասէր կը ձեւանան, սա կ՚օգտագործեն որպէս մանրադրամ կամ ծխածածկոյթ:

Բայց արդեօք միայն հայրենասիրութի՞ւնը այդպէս կ՚օգտագործուի: Արդեօք նոյն տեսակի մարդիկ ճիշդ նոյն նպատակներու համար չե՞ն օգտագործեր «ժողովրդավարութիւնը», «մարդու իրաւունքները», «պետականութիւնը»: Պատմութեան մէջ չէ՞ք հանդիպած, որ «կրօնը», «համայնավարութիւնը», «հաւասարութիւնը», նոյնիսկ «բարոյականութիւնը» դարձած են շղարշ ամենազազրելի վարքագծի համար:

Մէկ խօսքով, սրիկաները կրնան վարկաբեկել ամէն ինչ: Հապա ինչո՞ւ ժամանակակից Հայաստանի պաշտօնական քարոզչութիւնը թիրախ դարձուցած է նոյնինքն հայրենասիրութիւնը: Շատ պարզ՝ իրական հայրենասիրութիւնը, ազգային իրական արժանապատուութիւնը վարկաբեկելու համար:

Արդեօք պատահակա՞ն կը համարէք, որ Արցախի առաջին պատերազմէն մեզի յայտնի են բազմաթիւ հերոսներ: Ուրիշ հարց, որ անոնցմէ ոմանք յետագային նստեցուցին հասարակութեան գլխին: 2016 թուականի ապրիլի պատերազմէն ալ հերոսներ գիտենք. օինակ՝ Արմենակ Ուրֆանեան, Ռոպերթ Ապաճեան եւ այլք:

44-օրեայ պատերազմի հերոսներու մասին պաշտօնապէս չի խօսուիր: Եւ պատճառը այն չէ, որ մենք պարտուած ենք: Անկախ պարտութենէն՝ վստահ եմ, թէ մեր երիտասարդներու ճնշող մեծամասնութիւնը ինքնադրսեւորուած է որպէս հայրենիքին նուիրուած զինուոր։ Անոնք արժանի են մեծարման:

Սակայն ներկայ իշխանութեան ձեռնտու է խօսիլ 11 հազար դասալիքներու, «տեղերը միտումնաւոր տուողներու», ռազմաճակատի վրայ «5-րդ շարասիւնի» մասին: Նախ՝ սա սեփական տապալումը արդարացնելու ձեւ մըն է:

Բայց աւելի կարեւոր է, որ զինուորականներու հայրենասիրական կեցուածքը կը հակասէ պաշտօնական հայեցակարգին, ըստ որու՝ այդ ամէնը դատարկ խօսք է:

Նոյն հայեցակարգին համաձայն, այժմ պէտք է ըլլայ միայն «պետականասիրութիւն»: Պէտք է սիրել այն պետութիւնը, որու սահմանները կը գծէ Ալիեւը:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2024