ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ 2024 թուականի համագործակցութեան ծրագիրը։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Չիքովանին։ Առաջին հերթին նախարարները ունեցաւ առանձնազրոյց մը, ապա գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Վերոյիշեալ փաստաթուղթն ալ ստորագրուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս։ Պապիկեան եւ Չիքովանի քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութեան, նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք իրարու ներկայացուցին նաեւ երկու երկիրներու բանակներէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Վրացական պատուիրակութիւնը յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Մինչ այդ, պաշտպանական բնագաւառէն ներս Երեւանի քայլերուն Մոսկուա կը շարունակէ հետեւողական ուշադրութեամբ հետեւիլ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ՝ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համատեղ զօրավարժութիւններուն։ Բանբերը համոզուած է, թէ Հայաստան կը ներքաշուի հակառուսական նախագծերու մէջ։ Ըստ Զախարովայի՝ ռազմափորձերը ափսոսանք կը յառաջացնեն եւ անոնք նախատեսուած են Երեւանի կողմէ ՀԱՊԿ-ի մասնակցութեան սառեցման ու կազմակերպութեան դէմ հրապարակային յարձակումներու համայնապատկերին վրայ։
Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Յակոբ Արշակեանն ալ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ խնդիրներ գոյութիւն ունին ՀԱՊԿ-ի, միջազգային պայմանագրերու բերումով։
«Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, թէ կան խնդիրներ, որոնց պատասխանները կ՚ակնկալենք։ Հայաստանի անվտանգութեան համակարգին վերաբերեալ հարցերը կը լուծուին երկրի իշխանութիւններու որոշումներով եւ անոնք կը բխին երկրի անվտանգութեան շահերէն», ըսաւ ան։