ՆՈՒՐԲ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելոուսով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա վերջին մէկ ամսուան ընթացքին անոնց միջեւ տեղի ունեցած երկրորդ հեռախօսազրոյցն է։ Աւելի առաջ անոնք հեռաձայնով շփուած էին յունիսի 25-ին։ Փենթակոնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Օսթին երէկ ընդգծեց ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ կապի բաց միջոցներու պահպանման կարեւորութիւնը՝ Ուքրայնայի պատերազմի պայմաններուն ներքեւ։ Լոյտ Օսթինի եւ Անտրէյ Պելոուսովի երէկուան հեռախօսազրոյցը յաջորդեց ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ։ Մինչ այդ, միջազգային լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած է ՆԱԹՕ-ի Ուաշինկթընի գագաթաժողովին եզրափակիչ յայտարարութիւնը։ Քաղաքական մեկնաբաններ դիտել կու տան, որ դաշինքի հիմնադրութեան 75-ամեակին զուգադիպած յոբելենական գագաթաժողովի եզրափակիչ փուլին հրապարակուած զեկոյցը պատերազմի հռչակման կը նմանի։ Այսպէս, զեկոյցին մէջ Ռուսաստան կը համարուի Ուքրայնայի պատերազմի միակ պատասխանատուն։ ՆԱԹՕ կը նախատեսէ 40 միլիառ եւրօ յատկացնել Ուքրայնային եւ այդ երկիրը անդամակցութեան հրաւիրել, երբ պայմանները ըլլան յարմար։
Եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ պախարակուած են այն բոլոր դերակատարները, որոնք պատճառ կը դառնան պատերազմի ձգձգման՝ ներառեալ Հիւսիսային Քորէան, Իրանն ու Չինաստանը։ Զեկոյցին մէջ անհրաժեշտ նկատուած է Ուքրայնայի դէմ Չինաստանի կողմէ Ռուսաստանին ընծայուած աջակցութեան դադրեցումը։ Արձանագրուած է, որ Չինաստան ՆԱԹՕ-ի անվտանգութեան դէմ սիստեմաթիք դժուարութիւններ կը յարուցէ։ Դաշինքը մտահոգ է նաեւ Չինաստանի հիւլէական զինանոցի ընդլայնումով։ Մատնանշուած է նաեւ, որ Ռուսաստանի հիւլէական համակարգերն ալ սպառնալիք կը ստեղծեն։
Ի լրումն այս բոլորին, շեշտուած է, որ ՆԱԹՕ դէմ է անջրպետի մէջ հիւլէական զէնքերու տեղակայման։ Դաշինքը պիտի շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ։ Ուխտը ռազմավարական նշանակութիւն կը վերագրէ Սեւ ծովու անվտանգութեան։
Հուսկ, զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ ՆԱԹՕ բոլոր սպառնալիքներուն դէմ պիտի ըլլայ զսպիչ գործօն եւ այդ բոլորին պիտի փոխադարձէ։
ՆԱԹՕ-ի Ուաշինկթընի գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելեսքի։ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն անոր հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին մասին ըսաւ հետեւեալը. «Ան արեան ծարաւ խելագար մըն է»։
Մոսկուա անմիջապէս արձագանգեց Պայտընի խօսքերուն։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով Պայտընի արտայայտութիւնները անընդունելի որակեց։ «Երկրի մը ղեկավարին կողմէ ուրիշ երկրի մը ղեկավարին հասցէին նման արտայայտութիւններ օգտագործելը անյարգանք է։ Սա հանդուրժելի սահմաններէն դուրս է», ըսաւ ան։