ՄԻՋԱՆՑՔԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՄԻՇՏ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ՆԱԹՕ-ի Ուաշինկթընի գագաթաժողովէն վերադարձի ճանապարհին հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին։ Օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ ան պատասխանեց հետեւեալ հարցման. «Իրանի մէջ նախագահ փոխուեցաւ։ Հայաստանի մէջ Փաշինեան խաղաղութեան կողմնակից նախադասութիւններ կը գործածէ։ Թուրքիա-Ատրպէյճան հեռանկարը Կովկասի մէջ խաղաղութիւն բերելու վրայ է։ Այս առումով ի՞նչ կրնաք ըսել։ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին եւ Իրանի Զանգեզուրի միջանցքին նկատմամբ վերաբերմունքին շուրջ։ Եթէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի, ապա տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան կլիմայ պիտի հաստատուի։ Ու մատնանշած էիք, թէ գուցէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանն ալ բացուի։ Այս մասին ալ կարելի՞ է մտածել»։

Նախագահ Էրտողան այս կապակցութեամբ նշած է. «Ի՞նչու ոչ»։ Ան շեշտած է, որ այս կապակցութեամբ ամէն ինչը արդէն ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան դիտել տուած է, որ այլեւս բոլոր առագաստները պէտք է բանալ դէպի խաղաղութիւն։ Թուրքիա կը յուսայ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մօտաւոր ապագային մշտական խաղաղութիւն կ՚ապահովուի եւ այս բանը ի սրտէ կը քաջալերէ։

«Զանգեզուրի միջանցքի բացումն ալ այս խաղաղութեան համաձայնութեան թագն ու պսակը պիտի ըլլայ եւ այդ մէկը ի կատար պիտի ածէ։ Այս քայլերը կը նպաստեն Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանի միւս երկիրներու անդորրութեան ու բարգաւաճման։ Մենք կը փափաքինք, թէ առանց յապաղումի առնուին այսքան դրական երեսակներով որոշումները եւ անոնց ուղղութեամբ անհրաժեշտը կատարուի։ Տարածաշրջանէն դրական ազդանշաններ կը հասնին ու կը մաղթենք, թէ անոնք աւետիսներու վերածուին։ Մշտական խաղաղութեան ժամ առաջ հաստատման տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որ խաղաղութեան գործընթացին նպաստելու կէտին վրայ միւս երկիրներն ալ նման մօտեցում մը ցուցաբերեն», դիտել տուաւ նախագահը։

Էրտողան յայտնեց, որ Իրանի նորընտիր նախագահին հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին չէ շօշափուած Զանգեզուրի միջանցքը։ «Մենք միայն արժեւորումներ կատարեցինք, թէ այս ընտրութիւնը ինչպէս շահած էր», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա-Իրան յարաբերութիւնները որակապէս նոր հարթութիւն մը տեղափոխել կը փափաքին։ Ի շարունակութիւն ան աւելցուց.

«Զանգեզուրի միջանցքը՝ մանաւանդ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Իրանի, բոլորին տեսակէտէ նպաստաւոր ռազմավարական միջանցք մըն է ու երբ որ այդ մէկը շրջանառութեան մէջ մտնէ, ապա Իրանն ալ պիտի հանգստանայ, Ատրպէյճանն ալ պիտի հանգստանայ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի համար այդ միջանցքը շատ կարեւոր է։ Առաջ Աստուած, երբ այդտեղի երկաթուղիի համակարգը գործել սկսի, Ատրպէյճան շատ պիտի հանգստանայ»։

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2024