ՀԱՅԸ ԲՆԱՒ ՉԷ՛ ՓՈԽՈՒԱԾ
Երկու մեծահասակներ, խորապէս արմատացած իրենց համոզումներուն մէջ, Երեւանի աննշմար մէկ անկիւնը իրենց հակասական կարծիքներով կը փորձէին ազգը «փրկել». մին կը մեղադրէր ռուսը, իսկ միւսը՝ ամերիկացին. առաջինը կը հաւատար, թէ ռուսը պարտի «փրկել» հայ ժողովուրդը, իսկ երկրորդը յոյսը ամբողջութեամբ դրած էր Ամերիկայի վրայ. գուցէ նման վէճեր Հայաստանի մէջ ամէ՛ն օր աւելի քան մի քանի տասնեակ հազար անգամ կը կրկնուի՝ առանց դրական արդիւնք մը փոխանցելու: Նման վէճի մը դիմաց ակամայ յիշեցի Մատթէոս Մամուրեանի ծանր, սակայն աւելի քան հարիւրաւոր տարի առաջուան խօսքի հնութեան ճշդութիւնը. «Հայը բնաւ չէ փոխուած, մինչեւ հիմա իր նախահարց բոլոր պակասութիւնները միայն պինդ բռնած կեցած է, միշտ կը սպասէ որ օտարը երթայ իր հին գետնաթաղ գանձերը փորձ հանէ ու առջեւը թափէ»:
Մեր թուականէն 143 տարիներ առաջ՝ 1881 թուականին Մամուրեան կը գործածէ «չէ փոխուած» բառը. պէտք է հասկնալ, որ շատ աւելի հի՛ն է հայուն մօտ այդ հիւանդութիւնը. գուցէ ի բնէ երկնաւորին կողմէ հայուն մէջ դրուած ախտ մըն է՝ որ լուծում չունի: Սակայն պէտք է լաւապէս հասկնալ, թէ ինչու հայը իր սեփական գանձերը հանելու փոխարէն անընդունակ անձի մը նման կը սպասէ օտարին յայտնուելուն, որպէսզի տիրանայ իր գանձերուն: Առաջին հերթին հայը չէ՛ կրցած իր նախահայրերու սխալներէն դաս քաղել եւ զարգանալու եւ աւելի հզօրանալու փոխարէն նախընտրած է պահել եւ սերունդէ սերունդ փոխանցել իր նախահայրերուն սխալներն ու պակասները: Մարդկային պատմութեան ընթացքին քաղաքակրթութիւններ բախուած են իրենց նախնիներու սխալներուն. այս պարագային պէտք է մտածել թէ ո՞վ է մեղաւորը. շատեր կը մեղադրեն ժամանակը, իսկ ուրիշներ՝ հայը. ո՞վ չէ լսած, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ եւ գուցէ այդ կրկնութիւնն է, որ «բան մը չէ փոխուած»ի տպաւորութիւն կը ձգէ, որովհետեւ թէեւ ժամանակը կը փոխուի, սակայն հասարակութիւններ կը վերադառնան նոյն այդ հարցերուն՝ որոնք նախապէս լուծուած կը կարծէին: Սակայն միւս կողմէ ինչքան ալ անհնար ըլլայ փոխել ժամանակի կրկնութիւնը, կարելի է դաստիարակել սերունդներ, որոնք կրկնութեան պարագային լաւապէս գիտեն շրջել այդ խնդիրները՝ որոնք նախապէս յուզած են իրենց նախահայրերը: Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք հայոց պատմութիւնը՝ իր բոլոր անցուդարձով պիտի տեսնենք, որ փոխուած են լոկ թուականները, անձնաւորութիւններն ու վայրերը, սակայն երեւոյթը մի՛շտ ալ եղած է նոյնը՝ նոյն հետեւանքներով։ Կարելի է խօսիլ որեւէ պատերազմի մասին եւ տեսնել նոյն դաւադրութիւնները, նոյն բացթողումները:
Ցաւ ի սիրտ, ապագայ սերունդը (թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր) հայոց պատմութեան այդ դասերը սորվեցաւ լոկ որպէս տեղեկութիւն, եղելութիւն ու պատահար. անոնք երբե՛ք չկրցան վերլուծել այդ բոլորին ետին գտնուող շարժառիթները. չունեցանք պատմութիւնը լաւապէս վերլուծողներ, որպէսզի ճանչնանք հիմնահարցերը եւ այդտեղ տեղի ունեցած բոլոր սխալները դասի վերածելով՝ աւելի փայլուն ապագայ մը ստեղծել: Մանուկ մը երբ առաջին անգամ իր ձեռքը կրակէն վառէ, անգամ մը եւս չի՛ մօտենար կրակին, կը մտածէ այդ կրակէն հեռու մնալու միջոցներուն մասին. մենք հազա՛ր անգամ մեր ձեռքերը վառեցինք, սակայն երբեք չմտածեցինք գտնել պատճառները ու հեռու մնալ. մեր ազգը դարեր շարունակ հետեւած է լոզունգներու եւ շատ անգամ առանց հասկնալու եւս բարձրաձայնած է զանոնք եւ ամէ՛ն անգամ նոյն կրակէն անգամ մը եւս այրելու ժամանակ զարմացած, բողոքած է՝ մեղաւորութիւնը դարձեալ գտնելով ուրիշներու մէջ: Լուրջ հարց է, թէ մեր քաղաքական գործիչները ինչքանո՞վ ծանօթ են մեր հայոց պատմութեան եւ այդտեղ տեղի ունեցած անցուդարձերու մանրամասնութիւնն. անոնցմէ քանի՞ն լաւապէս ծանօթ է անցեալին մեր դիմագրաւած լուրջ հարցերուն:
Ինչպէս Մամուրեան կ՚ըսէ, հայը մի՛շտ սպասեց ուրիշին, մոռնալով որ ուրիշը ո՛չ թէ մեր, այլ իր բարիքին համար միայն յանձն կ՚առնէ հողին տակէն մեր գանձերը հանել եւ մեզի «տալ»: Հայը իր գանձերը մի՛շտ վստահեցաւ ուրիշին, սակայն ետքը զոհը դարձաւ իր կոյր վստահութեան. տեսաւ, որ այն գանձերը որոնք վստահած է ուրիշին՝ թալանուած են. սակայն հայը այդ թալանի մեղաւորութիւնը եւս իր անմտութեան վերագրելու փոխարէն վերագրեց ուրիշին՝ դարձեալ մեղադրեց օտարը՝ իր գողութեան համար:
Օտարին վստահելու միւս պարագան ալ մեր ներքին անվերջանալի անիմաստ խնդիրներն են. մեր գանձերը դուրս բերելու համար պէտք են հաւաքական ուժեր, սակայն մենք ինչպէս մի՛շտ, նոյն նպատակին ու հեռանկարին համար մի քանի տարբեր խումբերու բաժնուելով չենք կրցած հանել այն գանձերը՝ որոնք մեր փրկութիւնն են: Մամուրեանի խօսքին մէջ յատկանշական է «կեցած» բառը, որովհետեւ մենք ազգովին կեցած ենք հոն՝ ուր էինք դարեր առաջ, ուր էինք գուցէ հազարամեակներ առաջ։ Մամուրեան այդ գանձերը կը կոչէ «հին», որովհետեւ անոնք ի սկզբանէ եղած են այդտեղ՝ սրբազան հողերուն տակ, սակայն մենք՝ անմիտներս չե՛նք կրցած դուրս բերել եւ սպասումի վիճակի մէջ հիւծելով տակաւ առ տակաւ կորսնցուցած ենք գանձերը եւ տակաւին կը շարունակենք կորսնցնել:
Գուցէ արթննանք այն ժամանակ, երբ հողին տակ արդէն իսկ գանձեր մնացած չըլլան եւ ինչպէս սովոր ենք Կիկոսի մահուան նման դարձեալ կու լանք՝ մեղադրելու օտարները՝ որոնք աւելի անմեղ են քան մենք:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կարելի՞ է վայրկենական սիրահարուիլ:
Պատասխան. Վայրկենական սիրահարուիլը կը կոչուի «սէր առաջին հայեացքէն». այս մէկը այն երեւոյթն է, երբ մարդ կ՚ունենայ անձի մը ծանօթանալէ անմիջապէս վերջ: Այդ կարճ ժամանակը կրնայ անհաւանական թուիլ, անհաւատալի ըլլայ զգացումներու զարգացումը, սակայն անհնար չէ: Այս առաջին գրաւչութիւնը կրնայ յառաջանալ յաճախ բացատրելի եւ շատ անգամ անբացատրելի պատճառներով. սակայն իսկական սէրը աւելին է՝ քան առաջին գրաւչութիւնը. սէրը ժամանակ կը պահանջէ, հաստատելու համար վստահութիւն եւ փոխըմբռնում: Ակնթարթային կապերը կրնան ըլլալ հզօր եւ ոգեւորիչ, սակայն միշտ չեն վերածուիր տեւական սիրոյ. պէտք է զիրար լաւ ճանչնալ ժամանակի ընթացքին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024