ՍՊԱՆԻԱ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ամբողջ մարզական աշխարհի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան աւարտականին վրայ։ Այսպէս, «Եւրօ-2024»ի ախոյեանը դարձաւ Սպանիոյ ազգային հաւաքականը, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անգլիան։

Գերմանիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքի աւարտականը տեղի ունեցաւ Պերլինի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ։ Մրցման հետեւեցան Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. թագաւորն ու Անգլիոյ գահաժառանգը արքայազն Ուիլիըմ։ Մրցման աւարտին ախոյեաններու բաժակը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնեց ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Ալեքսանտր Չեֆերին։

Պերլինի Ողիմպիական մարզադաշտի հանդիպման շուրջ 74 հազար ֆութպոլասէր հետեւեցաւ։ Սպանական ընտրանին այս մրցաշարքի շրջանակներէն ներս ունեցած եօթ հանդիպումէն ալ յաղթական դուրս գալ յաջողեցաւ։ Սպանական ընտրանին այսպէսով պատմութեան մէջ չորրորդ անգամ Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց։

Միւս կողմէ, «Եւրօ-2024»ի հետ նոյն օրերուն կազմակերպուած «Copa América»ի ախոյեանն ալ դարձաւ Արժանթինի ֆութպոլի հաւաքականը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024