ՀԱՄԲՈՆ ՉԻ ԳԻՏԵՐ, ՈՐ ԻՆՔ ՀԱԿԱՆԱՐԳԻՍԱԿԱՆ Է
Համեստները կը գրեն ազգի իրաւ պատմութիւնը: Անոնք կը պահեն ազգի առհաւական արժէքները: Ի՜նչ փոյթ, որ անոնք չունին տպաւորիչ վկայականներ եւ կոչումներ, չեն արժանանար շքանշաններու, չունին հողեր եւ շէնքեր, ապահով համարուած դրամատուներուն մէջ անտեսանելի հաստութեամբ գումարներ չունին:
Հայը երազած էր ազատ եւ ինքնիշխան հայրենիք: Դեռ այդ ձեւականութիւնը կրկնողներ չես գիտեր ինչ ընելու համար հայրենիք ուզած էին:
Այդ երազուած ազատութիւնը այսօր դարձած է հայրենալքման լաստ հեռու աշխարհներու մէջ դրախտներ որոնելու համար, հոն վրան զարնելու համար, ինչպէս ըրած էին Աւստրալիոյ նախաբնիկ ապորիժէնները՝ երթալու համար Զատկուան կղզին:
Երէկի երազներու աշխարհը դարձած է յանձնառութիւն չպահանջող զբօսաշրջային վայր, ուր կարելի է բնակարան ունենալ, երթալ եւ գալ, կառուցել նոր Բագրատունիներու կամ Ամատունիներու գերարդիական ապարանքներ, որոնք կը պատճէնահանեն Հոնոլուլուն, Ֆլորիտան կամ Քափրին: Բայց չեն երգեր իտալացիին պէս, որ կ՚ըսէ՝ «տեսնել Քափրին եւ մեռնիլ»:
Երթալ ու գալ նաեւ հայրենալքումէ ետք ալ: Ինչո՞ւ…
Մեռնիլ Քափրիին համար: Ոչ թէ զայն դարձնել մարած երազներու համար հանգստեան տուն՝ ինքնաշնորհելով բարերարի լուսապսակ:
Ճոխութեան ցուցադրութեամբ յատկանշուող հայրենասիրութիւնը հաւատքի եւ տիրութեան յանձնառութիւն չէ: Հազիւ թէ հայասիրութիւն է: Ինքնահաստատում փնտռողներու երթեւեկը, շռնթալից ժողովներու մասնակցութեան լուսանկարները եւ նկարահանումները աչքի խտիղ կը պատճառեն, յաճախ սոսկ մոռցուելու դատապարտուած պատկերներ, եսեր կը շոյեն, բայց հոգիներուն մէջ դաջուած երազներու հաւատարմութիւն չեն:
Զգացական զեղումներ ունեցողներ եւ շահագործող հողին տէրեր, որոնց մէկ ոտքը դուրսն է՝ անհատական եւ եսասիրական ապահովութեան երազով:
Հայաստանի գիւղը խարիսխ նետած Համբոյին ապահովութիւնը հարազատութեան մէջ է: Ինքզինք գտնելու:
Համբոն երիտասարդ է: Եկած է մնալու:
Կոճղի պէս Համբոն հոգեկան-ոգեկան տարբեր դասակարգի կը պատկանի: Ընտրանիին մաս չի կազմեր, ինչպէս Երեւան կ՚ըսեն, «էլիտար» շէնքի մէջ չի բնակիր, իր բնակարանը պերճանքի պատկեր չէ: Օտար աշխարհի իր ապահով աշխատանքը, ծնողքը եւ ընկերները ձգելով եկած է հայրենիք, որուն երազը վաղ մանկութենէն ի վեր երգած էր, երգելով նաեւ իր ազգակիցները պաշտպանելու համար զէնք վերցուցած էր: Այդպէս սորվեցուցած էին: Եկած էր առանց սորվեցնողներուն:
Համբոն Հայաստան եկած է: Երեւանի բնակչութիւնը չէ աւելցուցած իր կնոջ եւ զաւակին հետ: Գիւղին մէջ տուն ունի, պարտէզով, բակի սարփինայով, որմէ կախուած են ողկոյզներ, ծիրանի ծառ, սալորենի, խնձորենի, դեղձենի: Եկած է եւ հողը կ՚ուռճացնէ: Առուին սառնորակ ջուրը կրնայ վազել նաեւ իր այգիին մէջ: Ընդոծին ողջմտութեամբ, որոշած է վերջ տալ հայրենահանուածի ժառանգի իր աքսորին եւ տէր ըլլալ իր հողին: Այդ աքսորին վերջ տուած է առանց քաղաքական կամ գաղափարական դարձդարձիկ վերլուծումներու, զորս կը կոչենք ճառ: Ամէն անցնող օր Համբոն իր տան մէջ քար կը դնէ, սանդխամատ կ՚աւելցնէ, գիտէ, որ այդ քարին վրայ պիտի կոխեն ու ապրին իր որդին եւ թոռները: Հողը պիտի ապրի, եւ պիտի ապահովուի շարունակութիւնը:
Համբոյի տան դիմաց կը գտնուի դպրոցը, ուր կ՚երթայ իր որդին, թերեւս օր մը անոր որդիներն ալ հոն պիտի երթան:
Սարփինային տակ կը զրուցենք: «Ակումբ»ի տղայ եղած է Համբոն: Գիւղին ակումբը գացած է եւ հոն չէ գտած «իր» սփիւռքի ակումբին պատկերը, եղած են նարտի խաղացողներ, այդքա՛ն, ուրիշ ոչ մէկ խօսակցութիւն, եւ երեկոյեան դռները փակուած են: «Իր» ակումբը փեթակ էր: Կարօտ ունի, բայց ոտքը հողին վրայ է, այդ իր կարօտին համար բաւարար բալասան է:
Համբոն պատմութիւնը շարունակող է, ոչ բանիւ, շարունակութիւնը աւերողներ են տարաշխարհիկ անուններով երկիրներու հայանուն բնակիչները, անոնք, որոնք հոն էին, հոն կը մնան, նորեր, որոնք կ՚երթան, հոն տուն կ՚ըլլան, առանց մտածելու, թէ իրենց հայրենի տան մէջ «վայրի հաւքեր» պիտի գան եւ «բոյն պիտի դնեն»:
Համեստ Համբոները թոյլ պիտի չտան, որ այդ «վայրի հաւքերը» գան: Ոչ միայն մէկ Համբօ: Համբոներ բազմապատկել, նաեւ ճառ խօսողներով:
Համբոյի տոհմածառը պիտի վերածաղկի: Տարաշխարհիկ երկինքներու տակ տոհմածառ չկայ:
Համբոն ոչ ոքէ ակնկալութիւն ունի: Եկած է: Աշխատանք պիտի ստեղծէ: Գիտէ, որ աշխատանքով կը ծաղկի հայրենիքը: Ծրագիրներ ունի իր ուժերուն վստահելով եւ ոչ իր դրամագլուխին, որ չունի:
Եթէ մեծ-մեծ ծրագիրներու համար յատկացուած գումարներէն բաժին հանեն Համբոյին, Համբոներուն, որպէսզի աշխատին, վերադառնան եւ պահեն հողը…: Վերականգնումը տիրացուական հոլովումով չի յաջողիր:
Վահագն Յովնանեան Երեւանի ծայրամասին կը կառուցէ թաղամաս մը, որ կ՚ապրի, ուր կարելի է ապրիլ ինչպէս կ՚ապրինք Քոթ տ՚Ազիւր կամ Պեվըրլի Հիլզ: Համբոն տուն ունի եւ պիտի աշխատի, որպէսզի ապրի ինք եւ ապրի հայրենիքը:
Վահագն Յովնանեան եւ Համբոն կ՚ըսեն, իրենց գործով, որ խօսքերը սին են, բեմերու վրայէն թռչող խօսքերը ինքնահիացում են, բեմերուն վրայ մնացող աղմկարարութիւն, բեմէն վար չիջնող:
Իրենք արմատ կ՚արձակեն: Այսինքն՝ կ՚երաշխաւորեն վաղը:
Հայահոծ թաղերու կտրիճ Համբոն Հայաստանի գիւղի բնակիչ դարձած է արդէն եւ իր համեստ ինքնաշարժին համար երկու անգամ անտրտունջ տուգանք վճարեց: Երկու անգամ գնաց վճարելու, քանի որ առաջին անգամ երբ գնաց դադարի ժամ էր:
Համբոներ եւ Վահագններ իսկական տէրերն են պատմութեան եւ հայրենիքին, ո՛չ զբօսաշրջիկները, ոչ բոլոր անոնք, որոնք Քոթ տ՚Ազիւր, Էյֆէլի աշտարակին առջեւ, Կլենտէյլ, Պեվըրլի Հիլզ կամ Րապիյա եւ Պայատա նստած խելք բաժնելով մարսողութիւն կը դիւրացնեն:
Հրաշէկ արեւուն տակ Աշտարակէն վերադարձայ՝ անցնելով Վահագնի թաղամասէն: Նոր վէպ ստեղծողներ կան, լսած ըլլալով Սիմոն Զաւարեանի կտակ խօսքը. «Գործն է միայն կենդանի»: Իմացեալ հայասիրութիւն, այսինքն՝ հայրենասիրութիւն…
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
15 Օգոստոս 2015, Երեւան