ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՆ ԿԻՐԱՆՑ ԳԻՒՂԻ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՈՒԱԾ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ, որ երէկ ժամը 18.00-ի դրութեամբ Ատրպէյճանի սահմանապահները արդէն հաստատուած են Հայաստանի սահմանակից Կիրանց գիւղի՝ սահմանազատուած մասին մէջ։ Կիրանցի քաղաքապետ Կամօ Շահինեան այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «www.tert.am» կայքէջին։ Ան այս առթիւ վստահեցուց, թէ գիւղացիները չեն պատրաստուիր լքել գիւղը։ Շահինեան նշեց.

«Այսպէս չէ, որ կիրանցինները խուճապի մատնուած են։ Մենք երբեք չենք վախցած ոեւէ մէկէն։ Հարցը վախնալը չէր։ Հարցը մեր այդ հողատարածքն էր, որ անոնց կ՚իյնար։ Մեր պայքարը այդ բանին համար էր։ Եղաւ այն ինչ, որ եղած կը մնայ՝ մենք ալ հասկնանք, թէ ինչ պիտի ըլլայ վերջը։ Ի՞նչ ընենք, թողենք ու երթանք այս տեղէն։ Սա շատ ամօթ կ՚ըլլայ։ Կիրանցինները միշտ ալ հերոս են, հզօր են, վախնալու բան չունին։ Երբ հարց յառաջանայ կը տեսնենք՝ ինչը ինչէ յետոյ է, դարձեալ կանգնած ենք։ Իմացէք՝ Հայաստանի սահմանները պինդ պիտի պահենք»։

Հուսկ, Շահինեան ուղղեց հետեւեալ կոչը. «Մենք ամուր ենք, դուք ալ մեզի հետ ամուր կեցէք, որպէսզի մեր երկիրը պահենք։ Մենք շատ կը սիրենք մեր երկիրը ու ամուր կանգնած ենք»։

Հարկ է յիշեցնել, որ ամիսներ առաջ, սահմանազատման գործընթացով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, Կիրանցէն ծնունդ առած էր «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժումը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2024