ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ

Մուրճը կրնայ օգտակար գործիք մը ըլլալ, երբ մարդիկ մեխ կը խփեն կամ, օրինակ, քանդակ կը կերտեն: Բայց, երբ մուրճը կը յայտնուի հանրահաւաքի մէջ՝ որպէս որոշակի քաղաքական գործելակերպի խորհրդանիշ, սա կը նշանակէ միայն բան մը. երկրի քաղաքացիները կը բաժնուին երկու մասի՝ անոնք, որոնք կը խփեն մարդոց գլխուն (թող ըլլայ փոխաբերական իմաստով) եւ անոնք, որոնց գլխուն պէտք է խփել:

Ինչ բնութագիր կ՚ուզէք՝ տուէք այդ երկու տեսակներուն: Մէկ կողմէ՝ «նախկիններ», «թալանճիներ», «Ռուսաստանի գործակալներ», իսկ միւս կողմէ՝ «ժողովուրդ», «հպարտ քաղաքացիներ»: Կարեւորը անունները չեն, կարեւորը գործառոյթներն են. «մերոնք»՝ անոնք են (…), որոնք զինուած են մուրճով, «պողպատէ լիազօրութեամբ», եւ «անոնք», որոնց դէմ այդ մուրճը պէտք է կիրառուի:

2021 թուականին առնուազն 680 հազար մարդու համար հարիւր անգամ աւելի հետաքրքրական էր այդ՝ «գլխին զարնելու» գործընթացը, քան փորձանքի մէջ յայտնուած 150 հազար հայրենակիցներու ճակատագիրը:

Յունարէն «diabolos» բառը բաղկացած է երկու մասէ. «dia», այսինքն՝ «մէջով», «մէջտեղով», որ այս համատեսքին մէջ ունի բաժնելու իմաստը, «ballain»՝ գցել, շպրտել (այստեղէն՝ «պալիսթիք» բառը):

Ի՞նչ կրնայ յաղթահարել այդ բաժանումը: Բնականաբար, խաչը՝ որպէս սիրոյ խորհրդանիշ: Արդեօք պատմութեան ընթացքին խաչը միշտ կատարա՞ծ է այդ դերը: Ի հարկէ՝ ոչ: Խաչով ալ մարդոց գլխին խփած են (ուղիղ եւ փոխաբերական իմաստով): Աւելին՝ այսօր Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին, Քիրիլ պատրիարքի ղեկավարութեամբ, այդ խաչը կ՚օգտագործէ՝ իր երկրի սանձազերծած յանցաւոր պատերազմը արդարացնելու համար:

Բայց խաչի իրական գործառոյթը սէրն է, որ յիշեցնեմ ոչ թէ զգացում է, այլ մարդու ձգտումն է «ամբողջական» (արժանապատիւ, integrative) ըլլալու, նախ՝ իր մէջ, յետոյ՝ աշխարհի հետ: Սա ներքին վստահութիւնն է, խաղաղութիւնը:

Փաշինեան կ՚ուզէ «խաղաղութեան դարաշրջան» բանալ՝ երկրէ ներս պառակտում եւ փոխադարձ ատելութիւն հրահրելով: Այդպէսով մենք որեւէ խաղաղութեան չենք հասնիր: Բայց այլ կերպով Փաշինեան չի կրնար ընել՝ իր ամբողջ իշխանութիւնը հիմնուած է երկպառակութիւններու վրայ: Ան մասնաւորապէս, երբեք չի փորձեր հարթել յարաբերութիւնները եկեղեցւոյ հետ: Ընդհակառակը՝ պիտի սրէ, «վրայ պիտի քշէ»:

Այս բանին պատասխանը պէտք է ըլլայ «ասիմեթրիք»՝ հայ ժողովուրդի, Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներու (ներառեալ Փաշինեանի կողմնակիցները) «հաւաքական ուժը» մէկտեղելով: Արդեօք ա՞յս շարժումը, թէ մէկ ուրիշը պիտի կարողանայ առողջացնել հասարակական մթնոլորտը՝ առայժմ պարզ չէ, բայց ելքը սա՛ է:

*

«Ալավերտիի մէջ աղէտ է, իսկ դուք այստեղ հանրահաւաք կ՚ընէք», կը քարոզեն փարիսեցիները: Աղէտը Հայաստանէ ներս սկսած է 2020 թուականի նոյեմբերին եւ կը շարունակուի առ այսօր՝ մասնաւորապէս Տաւուշի մարզին մէջ: Անոնք, որոնք մեղաւոր են ու պատասխանատու այդ աղէտի համար, պէտք է ոչ միայն որեւէ ձայն չհանեն, այլեւ քայլեն՝ առանց աչքերը գետնէն կտրելու: Ծայրայեղ լկտիութիւն է, երբ անոնք ոչ միայն կը խօսին, այլեւ կը յոխորտան ու ոեւէ մէկուն որեւէ բանի մէջ կը մեղադրեն:

Յատկապէս զաւեշտալի է, որ Բագրատ սրբազանը կը մեղադրեն Լոռիի եւ Տաւուշի մարզի ջրհեղեղի համար: Բնական աղէտներուն պատրաստուիլը, անոնց հետեւանքները վերացնելը պետութեան պատասխանատուութիւնն է: Իսկ պետութեան ղեկավարութիւնը արդէն վեց տարիէ ի վեր յանձնուած է ձեզի: Այնպէս որ՝ ուրիշ պատասխանատու մի՛ փնտրէք:

Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, քարոզչական խմբերուն, «ֆէյքերու» գործարաններուն, եթերէ եթեր շրջող հիմնական բանախօսներուն յանձնարարուած է վարկաբեկել Բագրատ սրբազանը եւ անոր ղեկավարած շարժումը: Ջրհեղեղն ու անկէ տուժած մարդոց իրական ողբերգութիւնը նոյնպէս դարձրած են նման քարոզչութեան «փաստարկ»:

Մնացեալ փաստարկներն են՝ Քոչարեանի եւ Ռուսաստանի հետ կապը, որու յօգուտ որեւէ ապացոյց չի բերուիր, Գանատայի քաղաքացի ըլլալը (ինչ որ ապագային իսկապէս կրնայ իրաւական խնդիր յառաջացնել), հոգեւոր ծառայութիւնը սառեցնելու խնդրանքը:

Այս վերջին հարցին մէջ Մայր Աթոռը, կը կարծեմ, պէտք է աւելի մանրամասն պարզաբանումներ տայ՝ արդեօք նման դրութիւն մը կամ գործնականութիւն մը գոյութիւն ունի՞ եւ սա ի՞նչ կը նշանակէ գործնականին մէջ:

Կը կարծեմ, թէ Վեհափառը կրնայ մէկ կողմէ կարգալոյծ ընել Բագրատ սրբազանը, իսկ միւս կողմէ՝ օրհնել անոր քաղաքական պայքարը: Ես այստեղ հակասութիւն չեմ տեսներ: Բայց գուցէ կը սխալիմ:

*

Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի՝ վերջին տասնամեակներու ամենավատ ղեկավարն է: (Արդեօք ասկէ առաջ աւելի վատերը եղա՞ծ են՝ թող պատմաբանները ըսեն): Սա, ի հարկէ, «գնահատական դատողութիւն» է, որ, սակայն, հիմնուած է անհերքելի փաստերու վրայ: Իր օրօք մենք ունեցած ենք խոշոր տարածքային կորուստներ, ունինք տասնեակ հազարաւոր փախստականներ եւ ամօթալի պարտութիւններու շարան: Կը կարծեմ՝ ուղեղը չլուացած ոեւէ մարդ սա չի հերքեր:

Ներկայ վարչապետը չի կրնար նորմալ բանակցիլ Ատրպէյճանի հետ, որովհետեւ ան պարտուած է, կոտրուած է, ահաբեկուած՝ ինչ ալ յոխորտայ ներքին քաղաքական ասպարէզին մէջ: Այս իսկ պատճառով ալ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան խիստ շահագրգռուած են, որ ան մնայ իշխանութեան գլուխը:

Եթէ թոյլ տաք, կենցաղային համեմատութիւն մը ընեմ: Այն տղան, որուն փոքր ժամանակ բակի մէջ ծեծած են, ատկէ վերջ, երբ բակ դուրս կու գայ, զինքը ծեծողները, յամենայնդէպս, ամէն անգամ ապտակ մը կու տան, որպէսզի ան որեւէ պարագային ինքզինք լիարժէք չզգայ: Այս իսկ տրամաբանութեամբ Ալիեւը ամէն մէկ զիջումէ յետոյ, նոր՝ աւելի ստորնացուցիչ պահանջներ կը դնէ:

Կը պատահի նաեւ, որ ծեծուած տղան ուղարկեն ծխախոտի, իսկ անկէ յետոյ «մեծահոգաբար» թփթփացնեն ուսին՝ «ապրիս, լաւ ծառայեցիր»: Այդ առումով զարմանալի չէ, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բարձր պաշտօնեաները երբեմն կը գովեն Փաշինեանը:

Ես իրավիճակը այսպէս կը տեսնեմ որպէս լրագրող: Բացառուած չէ, որ սխալուիմ եւ իրավիճակը աւելի լաւն է կամ աւելի վատ, քան ես կը պատկերացնեմ: Բայց ասկէ աւելին իմ մասնագիտութեան շրջանակներուն մէջ, կը կարծեմ, իրաւասու չեմ ընել: Այսինքն՝ չեմ կրնար հանդէս գալ բոցաշունչ կոչերով. «ժողովուրդ ճան, դուրս եկէք փողո՛ց, տապալեցէ՛ք, մերժեցէ՛ք»: Սա քաղաքական գործիչներու, կուսակցութիւններու, աքթիվիստներու, քարոզիչներու գործն է:

Եթէ Բագրատ սրբազանի ղեկավարած շարժումը ձեւակերպէ, թէ ինչպէս եւ ինչի շուրջ պէտք է բանակցիլ Ատրպէյճանի հետ (իսկ որ պէտք է բանակցիլ եւ ոչ թէ պատերազմիլ՝ կը կարծեմ, բոլորը համաձայն են), ես այդ բանը կ՚արձանագրեմ՝ որպէս շարժման առաւելութիւն: Առայժմ կ՚արձանագրեմ, որ այդպիսի ձեւակերպում չկայ։

…Իսկ թէ ինչո՞վ կը վերջանայ պարզապէս «մերժելը», մենք տեսանք:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի համակցուած խմբագրականներ

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2024