ՆՈՅՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ
Լոնտոնի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը։ Անգլիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած, իր տեսակին մէջ չորրորդ այս հաւաքին հրաւիրուած են թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Երեւանէն եւ Պաքուէն կատարուած հրապարակումներէն կարելի է հետեւցնել, որ երկու ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում մը չէ նախատեսուած՝ թէկուզ մօտաւոր անցեալին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում մը ունեցած էին Ուաշինկթընի մէջ, ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։
Հայկական լրահոսին մէջ նշուած է, որ մեկնաբանները մասնաւոր արդիւնք մը չեն նախատեսեր Լոնտոնի հանդիպման կապակցութեամբ։ Յամենայնդէպս, պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ Լոնտոնի հաւաքի շրջանակներէն ներս Նիկոլ Փաշինեան կ՚ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Լոնտոնի մէջ է նաեւ Արարատ Միրզոյեան։