ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Անկեղծութիւն»ը առաքինութիւն մըն է, որ մարդկային յարաբերութիւնները կ՚ամրացնէ եւ հաստատ հիմերու վրայ կը պահէ։ Արդարեւ յաճախ խօսեցանք եւ խորհրդածեցինք անկեղծութեան մասին այս սիւնակներու մէջ։
Այս անգամ կ՚ուզենք անկեղծութիւնը դիտել Սուրբ Գիրքի տեսանկիւնէն, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ան մանաւանդ հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ։ Զոր օրինակ, ըստ Պետրոս Առաքեալի, Քրիստոս տիպա՜րն է, օրինակը անկեղծութեան։ Իր Առաջին Ընդհանրական նամակին մէջ Պետրոս Առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Անիկա որեւէ մեղք չգործեց եւ անոր բերնէն որեւէ նենգութիւն չլսուեցաւ» (Ա ՊԵՏՐ. Բ 22)։ Ուրեմն Յիսուս իրակա՛ն տիպար մը եղաւ անկեղծութեան։ Ուրեմն պէ՛տք է, որ իր պաշտօնեաներն ալ անկեղծութեան տիպարները ըլլան, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ՝ Տիտոսին գրած իր նամակին մէջ։ Տիտոս հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեայ մըն էր եւ անմիջական գործակիցը՝ Պօղոսի։ Ուրեմն Պօղոս այս նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Քու անձովդ բարի գործերու օրինակ եղիր բոլորին, իսկ ուսուցումներովդ օրինակը տուր անկեղծութեան, մաքրութեան եւ պարկեշտութեան» (ՏԻՏՈՍ. Բ 7)։ Իր ան կորնթացիներու գրած երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Պարծանքով կրնամ ըսել, եւ խիղճս ալ կը վկայէ, որ բոլորին հանդէպ ու մանաւանդ ձեզի հանդէպ եղած եմ պարզ ու անկեղծ, ինչպէս Աստուած կը կամենայ, ո՛չ թէ մարդկային իմաստութենէ մղուած, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքովը» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ա 12)։ Եւ անկեղծութիւնը պէ՛տք է յատկութիւնը ըլլայ մարդուս սիրոյն՝ Աստուծոյ վրայ եւ նաեւ իր նմաններուն նկատմամբ։ Ուստի դարձեալ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ուստի ձեր սիրոյն ապացոյցը տուէ՛ք եւ ձեր մասին մեր արտայայտած պարծանքին իրա՛ւ ըլլալը ցոյց տուէք անոնց, բոլոր եկեղեցիներուն դիմաց» (Բ ԿՈՐՆԹ. Ը 24)։
Կեղծաւորութեան մէկ տեսակն է՝ խարդախութիւնը։
Խարդախութիւնն ալ կը տանի անարդարութեան։
Ուստի խարդախութիւնը կ՚ապականէ հոգեւոր կեանքը եւ պատճառ կ՚ըլլայ բարքերու անկումին։ Ան, որ կ՚ուզէ խարդախութեամբ տիրանալ իրաւունքի մը՝ անարդար է եւ կը խեղաթիւրէ հանրային ու անհատական կեանքը, անորոշութեան կը մատնէ հանրային կարծիքը եւ պատճառ կ՚ըլլայ ընդհանուր անվստահութեան եւ անապահովութիւնը կը տիրէ ամէնուրեք։ Ան, որ իր յարաբերութիւնները կը հիմնէ խարդախութեան վրայ եւ իր իրաւունքը կը վայելէ ու կը կիրարկէ այնպիսի պայմաններու մէջ՝ որոնք չարը գործելու կ՚առաջնորդեն, ան յանցաւոր կը դառնայ գայթակղութեան եւ պատասխանատու՝ չա՛րին, որուն ուղղակի կամ անուղղակիօրէն իր նպաստը բերած է։
Յիսուս կ՚ըսէ. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չպատահին, բայց վա՛յ անոր՝ որուն ձեռքով կու գան» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 1)։ Ուրեմն, ինչպէս նեղութիւններ, նոյնպէս ալ կեղծաւորութիւններ, խարդախութիւններ եւ գայթակղութիւններ պիտի պատահին, բնական է այս, եւ թէ աշխարհի պայմանն է, սակայն մարդուս զգաստ ըլլալը պէտք է եւ թէ այդ մոլութիւններուն դիմադրելու զօրաւոր կամք։
Խարդախութիւնը, կեղծիքը եւ այլ անպարկեշտ հնարքներ, որոնց միջոցով ոմանք կը խուսափին օրէնքին ստիպողութիւններէն եւ ընկերային պարտականութեան ու պատասխանատուութեան պարտադրած եւ պատուիրած հրահանգներէն, պէտք է որ վճռակամօրէն դատապարտուին, քանի որ անոնք անհաշտ ու անհամաձայն են արդարութեան տիեզերական պահանջքներուն։
Ուրիշին իրաւունքը կամ ինչքը անարդարօէն՝ կերծիքով կամ խարդախութեամբ առնելու, իւրացնելու եւ քովը պահելու որեւէ կերպ, նոյնիսկ եթէ չի հակառակիր քաղաքացիական օրէնքին եւ տնօրինութիւններուն, հակառա՛կ է ընդհանուր բարոյականութեան։ Զոր օրինակ, խարդախել վաճառականութեան մէջ, շահագործելով ուրիշին տգիտութիւնը կամ նեղ կացութիւնը՝ խարդախութիւն կը համարուի ըստ ընդհանուր բարոյականութեան։
Բարոյապէս ապօրինի է խարդախութեամբ եւ կեղծիքով ձեռք ձգուած շահ, որ չարաշահութիւն է։ Գէշ աշխատուած գործեր, ամէն տեսակ զեղծարարութիւն, խարդախումը վաւերաթուղթերու, հաշուեգրերու, մսխում եւ այս բոլորին մէջ կա՛յ կեղծիք ու խարդախութիւն, որոնք անհատական կամ հանրային սեփականութիւններ կը ստեղծեն եւ վնաս կը պատճառեն հանրային օգտին, հակառա՛կ են բարոյականութեան։ Եւ ամէն վնասակար արարք դէ՛մ է բարոյական օրէնքին եւ հատուցում կը պահանջէ բնականաբար։
Արդարութիւնը կը պահանջէ անկեղծութիւն, անխարդախ գործ եւ կը մերժէ ամէն ինչ, որ սուտ է։ Արդարեւ անկեղծութիւնը Աւետարանի ընդհանուր վարդապետութեան մէկ յատկութիւնն է.
«Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ՝ Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք» (Ա.ՊԵՏՐ. Բ 2)։
Չարերը զո՛ւրկ են անկեղծութենէ, ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն։ «Վասնզի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ, անոնց ներսիդին չարութիւն կայ։ Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուով նենգաւոր եղան» (ՍԱՂՄ. Ե 9), եւ նաեւ. «Անոր բերնին խօսքերը կոգիէն (կոգի = անարատ՝ զուտ եւ բնական կարագ) կակուղ են, բայց անոր սրտին մէջ պատերա՛զմ կայ։ Անոր խօսքերը ձէթէն կակուղ են, բայց մերկ սուրեր են» (ՍԱՂՄ. ԾԵ 21)։
Անկեղծութիւն ունեցողը եւ անկեղծութեամբ գործողները երանելի՜ են. «Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի՛ սեպեր ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկա՛յ» (ՍԱՂՄ. ԼԲ 2)։
Նաթանայէլ օրինա՛կ մըն է անկեղծութեան.
«Երբ Յիսուս տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր.- Ահաւասիկ ճշմարիտ Իսրայէլացի մը՝ որուն մէջ նենգութիւն չկա՛յ» (ՅՈՎՀ. Ա 47)։
Երանի՜ անկեղծներուն իրապէ՛ս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 15, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024