ԱԿՆԱՐԿ - 75 - ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐՐԱՆՆԵՐՈՒ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ընտանիք…:
Կառոյց մը, որ այսօր կորսնցուցած է իր վաղեմի իմաստը, ծանրութիւնը: Աւելին, կորսնցուցած է իր նուիրականութիւնը, սրբութիւնը: Դադրած է ըլլալէ օճախ եւ վերածուած է քարաշէն կառոյցի մը, ուր անհատներ կ՚ապրին, առանց իրարու հետ առընչութիւն ունենալու: Այսօրուան հայրը օտար է իր զաւակին, զաւակը՝ իր հօր: Հայրը կը փորձէ ի՛րը պարտադրել, զաւակը կը փորձէ ի՛րը առաջ տանիլ: Մայրը, տեսակ մը մրցակցութեան մէջ է իր զաւակներուն հետ, յատկապէս աղջիկներուն: Յաճախ կը հանդիպինք պառաւած զաւակներու եւ երիտասարդացած մայրերու: Մէկ խօսքով ընտանքիը դադրած է իր առաքելութիւնը իրագործելէ, ընտանիքը դադրած է ընտանիք ըլլալէ:
Հարցնենք. ի՞նչ է ընտանիքին առաքելութիւնը: Ամփոփ կերպով. ընտանիքին առաքելութիւնը մարդկայնութիւնն է: Մարդկայնութիւնը իր մէջ կը պարունակէ հոգեւոր, ազգային, մշակութային, տնտեսական, անձնական, ընկերային բոլոր ոլորտները: Երբ ընտանիք մը յաջողի մարդկայնութիւն ունենալ, մարդկայնութիւն կերտել, այդ ընտանիքը յաջողած կ՚ըլլայ իր առաքելութեան մէջ:
Դժբախտաբար, սակայն, այսօր իրականութիւնը այդպէս չէ, այլ՝ ճի՛շդ հակառակն է, որովհետեւ այսօրուան ընտանիքները ո՛չ թէ մարդկայնութիւն կերտել, այլ՝ եսակեդրոն, քմահաճ անհատներ, որոնք առաջին հերթին նեղ առումով ծանր բեռ են տուեալ ընտանիքին եւ իրենց ապրած միջավայրին վրայ, իսկ ընդհանուր առումով՝ մարդկութեան վրայ: Եսականութիւնը երբեք լաւ արդիւնք չի՛ կրնար ունենալ կամ տալ, որովհետեւ մարդը եսակեդրոն էակ մը չէ, այլ՝ ընկերային էակ մըն է:
Ընտանեկան կառոյցը եւ անոր պարզած վիճակը, արդարեւ, տուեալ ժողովուրդի մը հայելին է: Խրիմեան Հայրիկ այս ուղղութեամբ կը գրէ. «Ժողովուրդը եթէ կ՚առաջդիմէ, իր առաջին քայլը ընտանեկան սրահէն կ՚առնէ։ Եթէ կը լուսաւորուի, իր լոյսը ընտանեկան ճրագէն է։ Եթէ կը միանայ՝ իր ոգին ու կապը ընտանիքն է։ Եթէ կը զօրանայ՝ իր ուժն ու բազուկը ընտանիքն է։ Եթէ կը հարստանայ՝ իր գանձարանն ու գանձապետը ընտանիքն է։ Եթէ իր տունն ու սեղանը բարելից եւ առատ է՝ արդիւնաբեր անդաստանը ընտանիքն է։ Եթէ դրախտի գետերը կը վազեն իր հրապարակ՝ դրախտին աղբիւրը ընտանիքն է։ Եթէ իր կարասները լեցուն են գինիով ու կը խմէ եւ կ՚ուրախանայ՝ խաղողաբեր այգին ընտանիքն է։ Եթէ բարեծնունդ զաւակներով օր օրի բիւրապատիկ կ՚աճի՝ իր նախածնող խնամատարը ընտանիքն է։ Եթէ կ՚ուզէ իր զաւակները որպէս բարեկիրթ քաղաքացի պատրաստել՝ իր բարեկրթութեան առաջին համալսարանը ընտանիքն է։ Եթէ աշխարհին մէջ երջանիկ ապրիլ կ՚ուզէ, թող հաւատայ, որ երջանկութեան կեանք բխող աղբիւրը՝ ընտանիքն է։ Եթէ երկրէ յետոյ կ՚ուզէ երկինքը ժառանգել՝ իր հայրենի կրօնքը, հաւատքն ու եկեղեցին պահելով, այո՛, այդ սուրբ աւանդները անեղծ, անկորուստ պահելու խորանը՝ ընտանիքն է։ Որովհետեւ, այդ գանձերն ու Աւետարանի աննման մարգարիտը աշխարհի շահավաճառութեան հրապարակին վրայ, կառավարութիւններուն դահլիճներուն մէջ, գիտութեան ճեմարաններուն մէջ անկորուստ չեն պահուիր, ուստի ատոնց հաւատարիմ աւանդապահը միայն ընտանի՛քն է»: Ա՛յս է իտէալ ընտանիքի մը նկարագրութիւնը, ինչ բանը այսօր գրեթէ կարելի չէ գտնել մեր ընտանիքներուն մէջ:
Դժբախտաբար, այս վիճակը նոր չէ, որովհետեւ անցեալ դարուն վիճակը տարբեր չէ՛ եղած, ինչ է այսօր: Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեան իր «Վաղուան հոգին» գրքոյկին մէջ, որ լոյս տեսած է 1910-ին, հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ ընտանիքը.
* Ընտանիքը այսօր կորսնցուցած իր դարաւոր սրբութիւնը, չկրցաւ իր կոչումը արդարացնել, եւ իրմէն ծննդաբերել վաղուան անհրաժեշտ հոգիին խմորովը զանգուած զաւակներ: Ընտանիքը սեղան մըն էր, աստուածներէ շահապետուած, բագին մը, տաճար մը, ուր սրբութիւնն ու պարկեշտութիւնը կ՚երկրպագուէին: Անոր նուիրականութիւնը թափանցած էր հօրը կամ մօրը հոգիին. իրենց ծնողութիւնը խնկաւէտուած քաղցրութիւն մը կու տար տունին. իրենց հովանին աստուածային շուք մըն էր զաւակներուն վրայ. սէրը լիառատ կը վազէր իրենց սրտէն ու շրթունքներէն եւ տունն ամբողջ սիրոյ առաքինութիւնովը օծուած էր: Ծնողքին պարկեշտութիւնը, օրինակի անտեղիտալի պարտադրութեամբ մը, մօրը կաթին հետ զաւակներուն կը ջամբուէր: Խաղաղութեան, համերաշխութեան շունչ մը, կապ մը կար էրիկէն՝ կնկան, ծնողքէն զաւկին փոխանցուած: Մեր օրերու ընտանիքը որչա՛փ բան կրցաւ արտադրել այդ սրբութիւններէն, որչա՛փ բան կրցաւ պահպանել աւանդութիւններէն, անոնցմէ որչա՛փ կրցաւ փոխանցել զաւակներուն: Օ՜հ, անտանելի ցաւ մը հիմա մեր ընտանիքներուն ներքինը կը կրծէ. ասոնցմէ շատեր արդէն դադրած են պաշտամունքի սեղան մը ըլլալէ. կռիւ, հակառակութիւն, հեշտասէր գինովութիւն, հակաբարոյութիւն մեր ընտանիքի անդամներէն շատերուն կեանքը կը կազմեն. մայրը անէծքով ու դժգոհանքով կը դիեցնէ զաւակը. եւ հայրը իր տղուն բարոյական կեանքովը հետաքրքրուած չունի: Ամէն մարդ գրեթէ իր հաշւոյն կ՚ապրի տունին մէջ, փոխանակ իրարու հաշւոյն ապրելու. հոգիի ու սրտի տիվորս մը խանգարած է ընտանեկան կեանքի կցորդութիւնը. հոգիները այլասերած են հոն:
Հռովմի մեծադղորդ անկումը ընտանիքին կազմալուծումովը սկսած է: Սենեկա իր ժամանակի ԸՆՏԱՆԻՔը սապէս կը նկարագրէ. «Ընկերութիւնը կատաղի գազաններու ընկերակցութեան մը կը նմանի. ամուսինը իր կինը սպաննելու կը ջանայ. կինը իր էրկանը կը դաւաճանէ. զաւակը իր հօր կեանքին կ՚ուղղէ հարուածը. կեսուրներն ու զոքանչները թունաւորումով կը զբաղին»: Մեր օրերու երեւոյթները նոյն համեմատութիւնները առնուլ կը միտին:
Ահա թէ ինչո՞ւ համար ընտանիքը ցարդ ի վիճակի չէ՛ եղած «Վաղուան հոգին» կարենալ կազմակերպելու: Ընտանիք մը, որ երկար տարիներ սուտերով կը սնուցանէ իր զաւակները, չի կրնար պահանջել, որ անոնք արդար ըլլան: Ճշմարտութեան եւ արդարութեան պակասը ազգերու եւ ժողովուրդներու հիմը կը փորէ («Վաղուան հոգին», Մուշեղ Եպիսկոպոս [Սերոբեան], Աղեքսանդրիա 1910, էջ 15-16):
Սերոբեանի նկարագրութիւնը կարդալէ ետք վստահաբար շատեր համեմատական մը կատարելով ներկային հետ, նոյն եզրակացութեան եկած են, որ այսօր գրեթէ նոյն վիճակը կը տիրէ՝ ինչ անցեալին: Այսօր քիչ մը աւելի ծանր վիճակով, որովհետեւ ընտանիքներուն մէջ անբարոյականութիւնը սկսած է տնաւորուիլ եւ ընտանիքի անդամ դառնալ:
***
Միւս կողմէ Սերոբեանի տողերը կարդալով եւ ներկայի հայրենի մեր իշխանութիւններուն վարքագիծը նկատի ունենալով, ակամայից կը տարուինք մտածելու, որ ներկայիս անոնք ծրագրուած կերպով մեր ընտանիքին հիմքը կը խարխլեն: Ուշադրութեամբ ուսումնասիրեցէք անոնց վարքագիծը, անոնց կայացուցած որոշումները եւ անպայմանօրէն պիտի անդրադառնանք անոնց ընտանիքի հասկացողողութիւն կործանելու իրենց վարքագիծին եւ միտումին:
***
Ազգովին եւ անհատական գետնի վրայ շա՜տ բան ունինք անխաթար ու անվնաս պահելու համար մեր ընտանիքները: Պահպանութեան այդ գործին նախամարտիկները, նոյնինքն այդ ընտանիքը կազմող անդամներն են: Ի՛նչ ալ ըլլան արտաքին ազդակները, ի՛նչ ալ ըլլան ընկերութենէն եկած վտանգները, եթէ ընտանիքէն ներս համերաշխութիւն, իրերհասկացողութիւն եւ բարոյական ամուր ընկալումներ կան, ապա այդ ընտանիքին ո՛չինչ կրնայ սպառնալ, պարզապէս կամք եւ կամեցողութիւն պէտք է, ընտանիքը առողջ եւ զօրաւոր պահելու համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 13 յուլիս 2024