ԱՏԵՆՕՔ…

Մարդկային միտքը մշտապէս համեմատական մը կը կատարէ հինին եւ նորին միջեւ եւ այդ համեմատականով կ՚արտացոլայ ժամանակի փոփոխութիւնը, ինչ որ կ՚օգնէ աւելիով հասկնալ մեր ունեցած ճանապարհորդութիւնը: Հինի եւ նորի համեմատականը հաշուեյարդար մըն է տեսնելու համար, թէ ո՞ւր էինք, ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր պիտի հասնինք:

Մեր մարդկային ներկան ձեւաւորուած է անցեալի փորձառութիւններուն հիման վրայ. չենք գիտեր ինչո՞ւ համար շատ անգամ մարդիկ կ՚առաջարկեն մոռնալ անցեալը, չխօսիլ անցեալին մասին, երբ միայն անցեալով կը լուսաւորուի մեր ներկայ հանգամանքները. անցեալի հետ մեր ունեցած հաշուեյարդարն է, որ անձը կը դարձնէ աւելի ճկուն: Այս մէկը օգուտ է մանաւանդ անոնց համար, որոնք անցեալը որպէս բեռ ընդունելու փոխարէն որպէս ուղեցոյց կ՚ընդունին:

Պէտք է ընդունիլ, որ գրեթէ ամէ՛ն մարդ դժգոհ է իր ներկայէն ու գոհ իր անցեալէն. գուցէ անցեալը այնքան լաւ չըլլայ՝ քան ներկան, սակայն այս մէկը հոգեբանական երեւոյթ մըն է, որովհետեւ մարդ կը փորձէ մի՛շտ կարօտով յիշել իր անցեալը. անցեալին մղուած պայքարները, ապրուած յոյզերը ժամանակ մը ետք կորսնցնելով իրենց ցաւի ուժը կը դառնան յիշողութիւն: Անցեալը աւելի քաղցր կը թուի, որովհետեւ ամէն մարդու ներկան ունի մարտահրաւէրներ՝ լեցուն անորոշութիւններով եւ չբաւարարուած ցանկութիւններով. անցեալը որպէս յուշ անշարժ է արդէն, սակայն ներկան՝ որ կ՚ապրինք, շարունակուող պայքար մըն է եւ այդ է պատճառը, որ անցեալը աւելի անուշ ըլլալ կը թուի. անցեալը մեզի համար արդէն իսկ ապրուած ըլլալով թափանցիկ է, սակայն ներկան տակաւին պատուած է մշուշներով, սակայն կան նաեւ հակառակը ընդունողներ։ Այսօր կը տեսնենք, թէ շատեր կը յորդորեն մոռնալ անցեալը, չխօսիլ անցեալի մասին եւ ամբողջ կեդրոնացումը տալ ներկային՝ որ պիտի կերտէ ապագան, մոռնալով որ իւրաքանչիւր ներկայ արդէն իսկ կամայ թէ ակամայ վայրկեան առ վայրկեան կը դառնայ անցեալ:

Անցեալի եւ ներկայի համեմատութեան մէջ սակայն տարօրինակ կը թուի բողոքը. օրինակի համար, մեր թուականէն հարիւր տարիներ առաջ ապրող անձ մը իր ապրած ներկան կը բողոքէ՝ անցեալը աւելի առողջ ու ճիշդ գտնելով, սակայն մենք մեր կարգին հարիւր տարիներ առաջ ապրող մարդուն բողոքած ներկան ճի՛շդ կը գտնենք՝ մեր կարգին բողոքելով մեր ներկային մասին. ու այս առեղծուածային շաղկապը անվերջ կ՚երկարի. այն բոլոր բողոքները, որոնք մենք ունինք այսօր, ապագայ սերունդներուն համար գրաւիչ ու ճիշդ թուի գուցէ, որովհետեւ իրենք իրենց կարգին այլ ներկայ մը պիտի ունենան՝ մեր ներկայէն ամբողջութեամբ տարբեր: Նման համեմատական մը կատարելու համար օրինակ բերենք հին մամուլէն. 1 մարտ 1925 թուականին հրատարակուած «Հայ կին» ամսագիրին մէջ (Զ. տարի, թիւ 5) լոյս տեսած «Ուրիշ հոգ մը» խորագրեալ խմբագրականին մէջ կը կարդանք.

«Ատենօք, մայրերը բծախնդիր էին իրենց զաւակներուն գտնուելիք միջավայրին համար, եւ զանոնք չէին ղրկեր ամէն տեղ. չէին ընկերացներ ամէն իրենց այցելութիւններուն եւ չէին թոյլատրեր որ ամէն ընկերոջ հետ տեսնուէին անոնք: Այսօրուան տղան այս արգելքը չունի: Ծնողական հեղինակութիւնը երբեք այսքան խայտառակուած չէր: Օրուան տղաքը ամէն բան գիտեն, անոնք պզտիկցած մեծեր են կարծէք, իրենց հասակին անհամապատասխան շարժուձեւերով»: Առաջին հերթին պէտք է նկատի ունենալ, որ այս մէկը գրուած է մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ. եթէ նախապէս թուականը չյիշէինք, գուցէ մտածէիք, որ մերօրեայ երիտասարդութիւնը նկարագրող նոր տողեր են. մենք նախանձով կը նայինք մեր թուականէն մէկ-երկու տասնեակ առաջ ապրող երիտասարդութեան, ո՜ւր մնաց մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ ապրող սերունդը, սակայն կը տեսնենք, թէ այդտեղ եւս գոյութիւն ունի դժգոհութիւն մը։ 99 տարուան մէջ երիտասարդ-պատանին հազարապատիկ շատ աւելի անտանելի դարձաւ՝ քան ինչ որ էր 1925 թուականին. սակայն վերջ չունի առեղծուածը։ 1925 թուականի մարդը գուցէ կը նախանձէր 1900 թուականին ապրող երիտասարդներուն, սակայն 1900 թուականին ապրողը իր կարգին 1875 թուականի երիտասարդութեան եւ այսպէս անվերջ: Տարօրինակ բան չէ՞. ժամանակը եւ գիտութիւնը կը յառաջդիմէ, սակայն նախանձելին կը շարունակէ մնալ անցեալինը, ուր առանց գիտութեան զարգացման մարդիկ աւելի գիտակից էին: Այսօր մենք եւս դժգոհ ենք մեր երիտասարդ-պատանիներէն, սակայն մի քանի տասնամեակներ վերջ մերօրեայ երիտասարդ-պատանին նախանձելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ ժամանակը եւ գիտութիւնը պիտի յառաջդիմէ, սակայն մարդկութիւնը առջեւ երթալու փոխարէն աւելիով պիտի նահանջէ:

Այդ առեղծուածը շարունակենք ու կարդանք խմբագիրին 99 տարիներ առաջ գրած տողերը. «Սիրտ կը ցաւցնէ դիտելը, թէ մեր շուրջը անյայտանալու վրայ է գրեթէ դեռատիներու այն անմեղ արտայայտութիւնը՝ որ պէտք է պարզուէր 10-15 տարեկան տղոց աչքերուն մէջ: Այսօր այդ աչքերը ընդհանրապէս չարաճճիօրէն կը ծիծաղին, եւ եթէ ի բնէ ըմբոստ չեն, հեգնական վերապահում մը կը սեղմեն իրենց մէջ»:

Է՜հ, սիրելի խմբագիր, պէտք է հիմա՛ ապրէիր, որ երանի կարդայիր բոլոր անոնց՝ որոնց հանդէպ դժգոհութիւն բարձրացուցած ես...:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար անցեալը աւելի լաւ ըլլալ կը թուի:

Պատասխան. Անցեալին աւելի լաւ ըլլալ թուիլը հոգեբանական երեւոյթ է եւ կը կոչուի «վարդագոյն յետադարձ» (rosy retrospection), ուր մարդիկ աւելի վառ ձեւով կը յիշեն անցեալի դրական եղելութիւնները՝ քան բացասական իրադարձութիւնները: Այս մէկը կարելի է կոչել ընտրովի յիշողութիւն, որ անցեալը աւելի լաւ կը դարձնէ՝ քան ներկան: Անցեալի դժուարութիւնները եւս ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն իրենց զգացական բաժինը եւ կը դառնան պարզ, ինչ որ անցեալը աւելի լաւ զգացնել կու տայ՝ քան ներկան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2024