ՆԻՒԹԱԿԱՆՆ ՈՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
Նիւթականը կրնայ որպէս վստահելի ճանապարհ թուիլ հեղինակութիւն եւ երջանկութիւն ձեռք բերելու համար։ Ի վերջոյ, լուրջ գումարներ վաստակած մարդոց մեծամասնութիւնը կը ներկայանայ յաջողութեան օրինակ մը՝ ապրելով կատարեալ թուացող կեանք մը։ Այնուամենայնիւ, որոշ մարդիկ որդեգրած են այն գաղափարը, թէ դրամով երջանկութեան հասնիլ անկարելի է։ Արդեօք անոնցմէ ո՞րն է իրաւացին։
Գիտնականներ շարք մը ուսումնասիրութիւններով յանգած են այն եզրակացութեան, որ հարստութեան եւ բարեկեցութեան միջեւ կապը իրականութեան մէջ այնքան ալ պարզ չէ։ Թէեւ որոշ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ դրամը երջակութիւն կամ յագեցման զգացում չի տար՝ մինչեւ որոշ տեղ մը։ Վերջերս կատարուած երկու ուսումնասիրութիւն մասնաւորապէս լոյս կը սփռէ հարստութեան ու երջանկութեան միջեւ փոխյարաբերութիւններու վրայ։ Այս ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, դրամը չի յագեցներ մարդոց հիմնական հոգեբանական կարիքները։ Այսպէսով նոյնիսկ եթէ ձեր առաջնայինը ըլլայ դրամը՝ քան այլ որեւէ բան, թէեւ ձեր հարստութիւնը կրնայ կրկնապատկուիլ, բայց այդ մէկը առաւել երջանկութիւն պիտի չբերէ ձեզի։
Պուֆալոյի համալսարանի հետազօտողներէն Լորա Փարք եւ իր գործընկերները ուսումնասիրած են, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ, երբ մարդիկ իրենց ինքնարժէքը կը վերագրեն դրամին եւ ելմտական յաջողութիւններուն։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ մարդիկ, որոնք կը կապեն իրենց ինքնագնահատականը նիւթական յաջողութեան հետ, աւելի շատ ընկճուածութեան եւ անհանգստութեան խնդիրներ կ՚ունենան եւ աւելի նուազ ինքնավար կը զգան՝ քան այն մարդիկ, որոնք չեն կապեր իրենց ինքնարժէքը նիւթականին հետ՝ անկախ իրենց տնտեսական վիճակէն: Պարզուած է նաեւ, որ սա կրնայ ազդել նաեւ հարցերը լուծելու կարողութեան վրայ։ Հետազօտողներ վերլուծած են յօդուածներ եւ պարզած են, որ մարդիկ, որոնք խնդրի մը դէմ յանդիման կը մնան, պէտք է տրամաբանօրէն կեդրոնանան զայն լուծելու ուղիներ փնտռելու վրայ, բայց գերագնահատուած նիւթական արժէքները ձեւով մը կը խանգարեն այդ գործընթացը։
«Ինչպէս երջանկութիւնը, այնպէս ալ ինքնագնահատականը հոգեբանական կարիքներու մէկ արդիւնքն է։ Այս «ենթամթերք»ներու շարքին կրնանք թուարկել կեանքի նպատակ ունենալը, աւելի իրաւասու զգալը, մարդոց հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ հաստատելը, աւելի անկախ զգալը… Ելմտական յաջողութեան վրայ հիմնուած ձեր ինքնարժէքի գնահատումը կը կանխէ այդ կարիքներու բաւարարումը», գրած է Լորա Փարք։
Այլ ուսումնասիրութեան մը համաձայն, եթէ ձեր եկամուտը կարեւոր է, այդ ձեզ բաւարար չափով չի յագեցներ՝ քան եթէ ձեր եկամուտը ձեզի համար կարեւոր չէ։ Ձեր բոլոր նպատակները հաւասար չեն՝ ըլլան անոնք ձեր բարեկեցութիւնը, արտադրունակութիւնը, աշխատանքէն բաւարարուածութիւնը կամ կեանքի որակը։ Եթէ ձեր եկամուտը իսկապէս կարեւոր է ձեզի համար, աւելի շատ եկամուտ ունենալը ձեզ չ՚ուրախացներ, որովհետեւ այն արտաքին շահ է, ոչ թէ ձեր ներքին կարիքներու մէկ մասը։ Այլ խօսքով՝ երջանկութեան համար պէտք է նայիք ձեր ներաշխարհին, ոչ թէ ձեր դրամապանակին:
Հետազօտողներ յոյս ունին, թէ իրենց աշխատանքները կը մղեն մտածելու՝ դրամին չափազանց մեծ նշանակութիւն տալու կամ ինքնարժէքը նիւթականին կապելու մասին՝ հակառակ այն հանգամանքին, թէ կարգ մը պարագաներու կենսական է դրամը։ Անոնք նաեւ կը կարեւորեն յագեցնել յատկապէս հոգեբանական կարիքները։
Օր մը բոլորս պիտի անդրադառնանք, որ երջանկութիւնը երբեք կապուած չէ ձեր ասպարէզի, վկայագրի, յարաբերութիւններու հետ։ Երջանկութիւնը կապ չունէր նաեւ մեզմէ առաջուաններու քայլերուն հետեւելու կամ ուրիշներու նմանելու հետ։ Օր մը պիտի տեսնենք, թէ երջանկութիւնը յայտնաբերել, յոյս, մեր իսկ սիրտին հետեւելն ու անոր փափաքած տեղը ըլլալն է։ Երջանկութիւնը միշտ կը նշանակէ մենք մեզի լաւ վերաբերուիլ, գրկել մեր իսկ ինքնութիւնը եւ ընդունիլ, հաշտուիլ մենք մեզի հետ։ Օր մը պիտի հասկնանք, թէ երջանկութիւնը իրականութեան մէջ մենք մեզի հետ ապրիլը սորվիլն է։ Մեր երջանկութիւնը ուրիշներու ձեռքը չէ։ Իրական երջանկութեան աղբիւրը մեր ներաշխարհն է եւ արտաքին որեւէ ազդակ սա չի կրնար փոխել, եթէ թոյլ չտանք։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024