ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽԹԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԹԱԿ

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս կը շարունակուի Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը, որ կը համախմբէ հայ եւ օտար բազմաթիւ մասնագէտներ։ Երէկ ամբողջ օրը գիտական նիստերը շարունակուեցան, իսկ երեկոյեան այս քոնկրէսի մասնակիցները Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ ընթրիքի սեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան՝ «Մերկերեան քարփըթ» գորգի գործարանի համալիրի ճաշարանէն ներս։ Քոնկրէսին առընթեր Մատենադարանի շրջափակին մէջ գիրքի մեծ տօնավաճառ մը բացուեցաւ եւ այս մէկն ալ գրասէրներու եւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Ընդհանրապէս հայագիտական նիւթերու վերաբերեալ հրատարակութիւնները կը ներկայացուին ընթերցասէրներուն։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ալ երէկ այս քոնկրէսի կարգ մը մասնակիցները մեծարեց պետական պարգեւներով։ Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս Վահագն Խաչատուրեան գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ գիտնականներուն առջեւ, իսկ աւելի վերջ անոնցմէ ոմանց յանձնեց պարգեւներ։ Այս ամբողջին մէջ էր Զուիցերիայէն յայտնի գիտնական Վալենթինա Քալցոլարի, որ հայագիտութեան բնագաւառին մէջ ունի լուրջ աւանդ մը։

Հարկ է նշել, որ Մատենադարանի մէջ կազմակերպուած այս մեծ հաւաքի նպատակն է դառնալ հայագիտութեան խթանման միջազգային հարթակ մը, ուր արծարծուած հարցերը եւ ձեւակերպուած օրակարգը կրնան կողմնորոշիչ ըլլալ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ թէ՛ այս ոլորտին եւ թէ ընդհանրապէս կրթութեան ու գիտութեան բնագաւառին տեսակէտէ։

Հայագիտական ազգային քոնկրէսի աշխատանքները այսօր ալ կը շարունակուին օրուան ողջ տեւողութեան։ Երեկոյեան նախատեսուած է՝ վերջին շրջանին Մատենադարանին նուիրաբերուած շարք մը ձեռագրերու ներկայացումով ցուցահանդէս մը, իսկ աւելի վերջ նոյնպէս Մատենադարանին առջեւ նախատեսուած է հանդիսաւոր համերգ մը։

Վաղը գիտական աշխատանքը պիտի աւարտի եւ քոնկրէսի ծրագրի ամբողջին մէջ մասնակիցները պիտի այցելեն Հայաստանի հարաւի շրջանները՝ մասնաւորապէս Տաթեւի պատմական վանքը։

Հայագիտութեան միջազգային քոնկրէսին Պոլիսէն կը մասնակցի Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2024