«ՀԱՅՆԻ, ՈՍԿԻ ՍԻՆԻ»
Ժամանակին, երբ հայաբնակ գիւղերը, քաղաքները շէն էին եւ զուարթ, ամէն մէկը իր բարիքներու կամ բարգաւաճման համար բնորոշումներ կը ստանար: Հայկական բնակավայրերը այսօր ծաղկուն չեն այլեւս, նաեւ դժուար է արդէն գտնել ուրախ կեանքով ապրող հայ աւան մը: Եղած է Հայնի հայաւանը, որու մասին ըսած են. «Հայնի, ոսկի սինի»։ Ան դաշտերու վրայ փայլող ոսկէ ափսէի կը նմանէր՝ փարթամ բուսականութեամբ, նշանաւոր աղբիւրներով, արհեստներով, արարող բնակիչներով: Հարուստ այս բնակավայրը կոչուած է նաեւ Հանի, Հայնէ անուններով:
Հայկական աղբիւրներուն մէջ զայն առաջին անգամ կը յիշատակուի Տարօնի Սուրբ Յովհաննէս (Եղրդուտի) վանքի 1445 թուականի կոնդակին մէջ:
Հայնեցիները կը զբաղէին արհեստներով (յատկապէս ջուլհակութեամբ եւ կօշկագործութեամբ), այգեգործութեամբ, առեւտուրով։ Եղած է առեւտրական ուղիները իրարու կապող աւան մը, ուրկէ կ՚անցնէին նոյնիսկ մինչեւ Պարսկաստան գացող ճանապարհներ:
1878 թուականին բնակավայրը ունէր աւելի քան 3 հազար, իսկ 1914 թուականին՝ շուրջ 8 հազար հայ բնակչութիւն: Հայկական երկու համայնքները (լուսաւորչական եւ բողոքական) ունէին մէկական եկեղեցի (լուսաւորչականը՝ Սուրբ Աստուածածին), 5 վարժարան՝ աւելի քան 700 աշակերտով։
Նշանաւոր էր քաղաքի կեդրոնը գտնուող Էնգէպիր (Այնի Քէպիր) աղբիւրը, որմէ, ըստ ժողովրդական ստուգաբանութեան, ծագած է Հայնի անուանումը։
Հայնիի մէջ ծնած է հայ կրթական գործիչ, մանկագիր եւ հրապարակախօս Բենիամին Ժամկոչեանը, որ իբրեւ գրագէտ իր պարտքը համարած է գրել Հայնիի յուշամատեանը: Բենիամին Ժամկոչեան ծնած է 1895 թուականին: Հազիւ քառասուն օրուան՝ կորսնցուցած է հայրը։ Մայրը գերդաստանի մեծերուն ստիպումով երկրորդ անգամ ամուսնացած եւ հեռացած իր երկու զաւակներէն։
Երեք տարեկան Բենիամինը եւ իր մեծ եղբայրը կ՚աւարտեն Գերմանիայէն եկած, բայց հայերէն լեզուին քաջածանօթ բարեգործականներու հիմնած եւ կառավարած դպրոցը, ապա կ՚ուսանին նոյն բարեգործականներուն հիմնած ուսուցչանոցին մէջ (բարձրագոյն մանկավարժական կրթօճախ)։ Կրթութիւնը ստացած է Խարբերդի գերմանական որբանոցին մէջ:
Աւելի ուշ անցած է Լիբանան, ուր կրթական, մտաւորական գործունէութիւն ունեցած է: Հայնի յուշամատեանն ալ ան տպագրած է Լիբանան՝ 1952 թուականին: Այդ գիրքին մէջ գրողը նկարագրած է Հայնին՝ ամենայն մանրամասնութեամբ, նաեւ զետեղեած է արժէքաւոր լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան հայնիցի հայերու բարեկեցիկ կեանքը: Բենիամին Ժամկոչեան այսպէս կը նկարագրէ իր սիրելի ծննդավայրը:
*
ՏԵՂԱՆՔԸ
Տիգրանակերտէն ոտքով 12-14 ժամ հեռու Զըրըք կոչուած գաւառին մէջ գեղեցիկ դաշտ մը փռուած է՝ Արեւելքէն Արեւմուտք: Երկու լեռնաշղթաներ Հիւսիսէն ու Հարաւէն կը բաժնեն մօտակայ այլ դաշտերէ: Գիւղը լեռնաշղթային մօտերը բլրակի մը կողին եւ ստորոտը շինուած է: Ծերունիները կը պատմէին, թէ հիւսիսային լեռնաշղթան անտառածածկ եղած է, բայց մեր մանկութեան՝ բոլորովին լերկ էր: Առջեւի մասը՝ մասամբ հերկուած:
Գիւղին հայկական մասը փոքր բլրակի մը վրայ էր, իսկ քրտականը՝ ստորոտը, թէեւ կողքը անզգալի ըլլալու չափ փոքր:
Քրտական թաղամասէն կը սկսէին պարտէզները, որոնք հայնեցիք «ածու» կը կոչէին: Գեղուղէշ բարտիներ, սաղարթախիտ ուռիներ, պտղածու ծառեր Եդեմական գեղեցկութիւն մը կու տային հարաւէն դիտողին: Այս գեղեցկութիւնը կ՚աւելնար, երբ յիշենք, թէ մասնաւորապէս քիւրտ աղաներու եւ պէյերու տուներուն ճակատները դէպի հարաւ կը նայէին եւ ընդհանրապէս կամարաձեւ ու ճերմակ արեւկաներ կ՚ունենային:
Պարտէզներէն անդին կը տարածուէր ընդարձակ դաշտ մը (5-10 քիլօմեթր լայնքով եւ 25-30 քիլօմեթր երկայնքով)՝ ամբողջութեամբ մշակուած (ցորեն, գարի, եգիպտացորեն, կլկըլ, կորեկ, քիչ քանակութեամբ բամպակ եւ կարգ մը բանջարեղէններ): Դաշտին Արեւելքն եւ Արեւմտուքը կային այգիներ, սակայն հարաւային լեռնաշղթան ամբողջութեամբ ծածկուած էր այգիներով:
Իր գեղեցկութիւնը իրաւունք տուած էր ըսելու՝ «Հայնի, ոսկի սինի» (ափսէ):
ՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Փաստելու համար Հայնիի հնութիւնը, չենք կրնար պատմութեան դիմել, սակայն կան խօսուն փաստեր, որոնք գաղափարը կու տան մեծութեան, հնութեան եւ որ դժբախտաբար չեն կրնար որոշ լոյս սփռել:
Ասոնք գոյութիւն ունեցող հնութիւններն են.
1- Հայնիի արեւելքը տակաւին կը տեսնուէր պարիսպի մը մէկ մասը, որ տեղացիներէն «Պէտէն» կը կոչուէր: Պեղումներ չկատարուեցան՝ ճշդելու համար, թէ երեւցածը պարիսպին վերի՞, թէ՞ վարի մասն է: Ժողովարանին դիմացը գտնուող մասին մէջ կը տեսնուէր դրան խոշոր քար մը: Եթէ այդ քարը դրան վրայ դրուած նկատենք, այն ատեն շատ դիւրութեամբ կրնանք հետեւցնել, թէ բլուր կարծուածը կրնայ կործանուած քաղաքի մը թաղուած մէկ մասը ըլլալ: Հին սերունդի մնացորդներուն համաձայն, Հայնին երեք անգամ կործանուած է:
Ամէն պարագայի ապացոյց մըն է, թէ Հայնին պարսպապատ եղած է, քանի որ պարիսպի հետքեր կը տեսնուէին մինչեւ հարաւային լեռնաշղթային մօտերը, ինչ որ քաղաքին մեծութեան ապացոյց մըն ալ կարելի է նկատել:
2- Գիւղին հիւսիսը եւ թէ՛ ածուներուն մէջ իրարմէ մօտաւորապէս մէկ երկու քիլօմեթր հեռաւորութեամբ մէկ-մէկ աշտարակի մնացորդ կը տեսնուին:
Ածուներուն մէջ բարձրացող աշտարակին վերի երկու մասերը (եթէ ներելի է յարկերը) կը տեսնուէին, որոնցմէ վերինը մասամբ քակուած՝ կը ծառայէր արագիլներու որպէս բոյն, իսկ երկրորդը մօտ 30-40 սմ. լայնքով 19 քարերէ կը բաղկանար:
Երրորդ մասէն միայն 5-6 քարեր կ՚երեւէին, այս հաշւով եթէ երեք մասերն ալ նոյն մեծութիւնը ունենան, կը նշանակէ 12-13 քար հողին տակ թաղուած ըլլալու են, որով 4-5 մեթր ծածկուած: Անկէ վա՞ր:
3- Գիւղին հարաւային ծայրը ճիշդ ածուներուն փակած գոյութիւն ունէր հին շէնք մը, ուր բաւական արձանագրութիւններ կային: Պարսկերէ՞ն, թէ՞ արաբերէն. ինձ համար ճշդել անկարելի էր մանկութեանս շրջանին: Տեղացիք Մէտրէսէ կը կոչէին:
4- Վեր. Ս. Շմաւոնեանի այգիին մէջ, որ ժողովարանին եւ իր տան արեւելքը կը գտնուէր, հին եկեղեցւոյ մը աւազանի սալայատակի կտոր մը կար, որ թէ՛ հայէն ու թէ՛ քիւրտէն «Խաչ քար» կը կոչուէր:
5- Ժողովարանին քով քիւրտ պէկի մը ապարանքը շինելու ատեն երեւան ելաւ հսկայ կարաս մը, որ կը յիշեցնէր «Նահանջ Բիւրոց»ի մէջ նկարագրուած հայկական գինիի կարասները, որոնք ըստ Քսենեփոնի «գետնի տակ կը թաղուէին»:
6- Թէ՛ հիւսիսային եւ թէ՛ հարաւային լեռնաշղթաներուն մօտ գտնուած են հին գերեզմաններ, նոյնիսկ եկեղեցիի մը հիմերը:
7- Հարաւային լեռնաշղթային վրայ գտնուած քարայրէ մը հանուած էին նախապատմական քարէ առարկաներու հետ քրիստոնէական դարաշրջանը յիշատակող խաչանման առարկաներ:
8- Հարաւային լեռնաշղթային մօտ ձոր մը կը կոչուէր «Գասապ Օղլիի ձոր», որպէս թէ քաղաքային այդ ծայրամասը մսավաճառներէ բնակուած է:
9- Գիւղին արեւելեան ծայրամասէն եթէ դէպի հարաւ ուղիղ գիծ մը քաշենք՝ կը հանդիպինք Կապանին: Հոն լեռնաշղթան կը կիսուի, կարծես դիտմամբ դուռ մը բացուած է, ուրկէ կ՚անցնի Տիգրանակերտէն եկող մեծագոյն ճամբան: Անոր կամուրջն ու անոր կապուած ճամբան կա՛մ Ասորաբաբելական կա՛մ Հռոմվէական եղած են:
10- Տիկին Աղաւնի Ֆէրմանեան կ՚ըսէ. «Մայրս կը հաւատացնէր, թէ Հայնին ասորական քաղաք եղած է, Գոլ բերդը (անթեւ բերդ, ածուներունը) գիւղին կեդրոնը եղած է եւ Տըլպու այգիներուն մէջ խողովակ, դրամ եւ այլ առարկաներ գտնուած են»:
Ասորաբաբելական հետքին լաւագոյն նմոյշն է Հայնիէն դէպի հիւսիս 5 ժամ հեռաւորութեամբ հսկայ քարայրը, որ Պըլքըլէ (երբեմն՝ Պըրքըլէ) կը կոչուէր: Բերանը հովիւտէն վեր բարձրացած լերան մէջ է: Զազաները իբր ամարանոց կը գործածէին՝ առանց խորերը երթալ համարձակելու: Մուտքի դռնէն մտնելէ յետոյ բաւական մեծ ընդարձակութիւն մը կը բացուի, ապա նոր դռներ եւ իւրաքանչիւր մուտք՝ յետոյ լաբիւրինթոսի նման նոր դռներ ու այսպէս կ՚երկարի:
Ներս մտնելէ առաջ հրացան կ՚արձակէին, որպէսզի ներսի գազանները, թերեւս ոգիները փախչէին: Ներսէն սարսափելի որոտ մը կը լսուէր, որմէ ահաբեկ շուտով կը դառնային ամենայանդուգն հետաքրքիրներն անգամ:
600 քայլ ներս արձանի կը հանդիպիս, բոլորը աղէ (անշուշտ՝ շթաքար): Չափազանցելով կ՚ըսէին, թէ ծայրը Էրզրում կը հասնի:
Այս քարայրէն ծնունդ կ՚առնէ գետակ մը՝ «Ամպըրչայ», որ Տիգրիսի ակերէն մին է:
11- Նոյնքան հետաքրքրական է Հայնիէն արեւելք 6 ժամ հեռու գտնուող Ֆիս անուն գիւղին դիմացը բարձրացող վիթխարի լեռը՝ Տգրիանոս… Այս լեռը փառաւոր ու խորհրդաւոր քաղաքի մը երեւոյթը ունի: Վեհափառ քարայրներ, խորհրդաւոր արձաններ, բազմաթիւ արձանագրութիւններ եւ քանդակներ կ՚երեւին տակաւին: Հայնիի արեւմտեան բլուրն ալ Շմմաս անունը ունէր:
ՀԱՅՆԻԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ
Էռքին աղբիւրը հիւիսային լեռնաշղթային ստորոտը, գիւղէն կէս ժամ հեռու, ծծմբային ջուր մըն էր, ուր կ՚երթային մորթային զանազան հիւանդութիւններէ տառապողներ. ինչպէս՝ քերուըտուք, քոս ունեցողներ՝ լողալով բուժուելու:
Գապլ- ասոր մօտ, ընկուզենիի մը տակ պզտիկ աղբերակ մը: 1908-ին Խազրօենք այս ջուրը գնելով տարին Փեսկան քարին մօտ: Հոն գտնուած կիսափուլ աւազանը նորոգեցին, գեղեցկացուցին: Տէր Յովհաննէսեանենք ալ այգի տնկեցին:
Փեսկան Քարին մօտերը կային Գըճօին եւ Տօնօին աղբերակները:
Գօլ Բերդիկ- կիսաքանդ բերդին քովի աղբերակը, որուն ջուրով երեք օր լոգնալով դողէ կ՚ազատէին:
Սալուկ, Սուլուպաղ, Այնի Պոյի աղբերակներ էին:
Գոգ- հարաւային լեռնաշղթային հարաւ-արեւելեան կողմը, Կապանէն քիչ հեռու աղբիւր մը, բաւական առատ ջուրով, որ լճակ մըն ալ կը ձեւացնէր:
Ամպրչա- գետակ մըն էր, զանազան աղբիւրներու ջուրերէն կազմուած, որ կ՚անցնէր Կապանէն:
Գատտոյին աղբիւրը- Կեազուկ, Շմմասու տակ:
Ընճող (Այն ի Ճոզ)- զոյգ աղբիւր, Ջրջռակ:
Այգիներուն մէջ էին Այն Հասան, Այն Ուստի, Այնու Ղազար (մեր այգիին մօտ), Այնի Ուարտ, Այնի Վօիս (Տէրտրանց աղբիւրին մօտ), Շրջմոլ ջուր:
Նըրխընիզ- բուժարար ջուր: Թէ՛ հայերը եւ թէ՛ քիւրտերը սուրբ աղբիւր կը նկատէին: Մօտ ժամ մը հեռու, դէպի հարաւ, Կապանի ճամբուն վրայ: Շրջակայ գաւառներէն հարիւրաւոր ուխտաւորներ կու գային կուժերով եւ հետերնին կը տանէին:
Ասոր ջուրը կ՚օգնէր դեղնութիւն ունեցողներուն: Կը տաքցնէին, կը լեցնէին հիւանդին վրայ: Դեղնորակ ջուր մը կը հոսէր եւ հիւանդը կ՚առողջանար:
Վոզիրիկ- 3-4 քառակուսի մեթր տարածութեամբ աւազան մըն էր: Չափազանց յստակ ու պաղ ջուր մը ունէր: Աւանդութեան մը համաձայն քաղաքին մեծերը՝ վէզիրները, սովոր էին գալ եւ եզերքը նստիլ: Ասկէ առնուած է իր անունը:
Վարդավառին ու Աստուածածնին ամբողջ հայութիւնը, երբեմն լճեցիք ալ հոն կը թափուէին եւ ուրախութիւններուն ամէն տեսակը կը կատարուէր: Նշանաւոր էր Ձաբըկ անունով պատերազմական շունչով պար մը, որ ընդհանրապէս մրցումի ձեւով կը կատարուէր լճեցոց եւ հայնեցոց միջեւ եւ երբեմն կռիւով կը վերջանար:
Երկու ջերմուկներ կային: Մէկը՝ Ժամուն քով, որ ամառը կը ցամքէր, միւսը՝ Պըսել գիւղին քով: Ջուրերը աւազան շինել լոգնալու չափ առատ չէին, բայց ջուրին տակի ցեխը կը քսէին մորթին եւ կը բուժուէին: Անախորժ եւ ծծմբահոտ էր ջուրը: Գիւղը երկու թաղի կը բաժնուէր, ջրարբի ու մրգալից պտուղներով գեղեցիկ դշխուհի մըն էր:
ԱՅՆԻ ՔԷՊԻՐԸ՝ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԱՂԲԻՐԸ
Այնի Քէպիր (Էնգէպիր) կ՚արժէ նկարագրել առանձինն, քանի որ եթէ «Եգիպտոս Նեղոսի պարգեւն էր», Հայնին ալ Էնգէպիրի պարգեւն էր:
Գիւղին ճիշդ կեդրոնը քառակուսի աւազան մըն էր, մօտ 3-400 քառակուսի մեթր տարածութեամբ:
Հիւսիսային կողմը, մեծ մզկիթին առջեւ բլուրին կողքը շտկելու համար արեւելքէն արեւմտուք, մօտ տասը մեթր բարձր անտաշ քարերով պատ մը հիւսուած էր, որը ճամբուն եզերքն ալ կէս մեթր բարձրութեամբ պատուար մը կը ձեւացնէր վար չիյնալու համար:
Նոյն ձեւով արեւելեան կողմը հիւսիսէն հարաւ բայց աննշան վայրէջքով պատ մը հիւսուած էր:
Հարաւային կողմը՝ արեւելքէն արեւմուտք պատը հակաուղիղ մը կազմելով կ՚իջնէր մինչեւ ջուրին մակերեսը, իսկ արեւմտեան կողմը ջուրէ կէս մեթր բարձրութեամբ տաշուած քարերով պատ մը հիւսուած էր: Հիւսիսային պատին արեւմտեան ծայրէն, աւազանէն մօտ 10 մեթր հեռու բաւական լայն տառաժներ (աստիճան) հիւսուած էին իջնել ելլելու համար:
Հիւսիսային պատին տակ աւազանին մէջ կային կամարակապ հինգ խոշոր ծակեր: Ամէնքն ալ գրկերով ջուր կը հոսեցնէին կարծես: Իրականին մէջ երկուքը միայն ճիշդ ակ էին, սակայն միւսները շինուած էին, որ «աչք չընեն»:
Աւազանը երկու մարդահասակ խորութիւն ունէր, բայց ժամանակի ընթացքին ջուրը իր բերած աւազով լեցուած էր: Պարբերաբար՝ 1903-1914-ի ընթացքին մէկ անգամ պատահեցաւ՝ բոլոր գիւղը, հայ քիւրտ միացած կ՚ելլէին մաքրելու: Տուներէն հաւաքուած կապերտներով, գորգերով ծակերը կը գոցէին եւ կը սկսէին աւազը մաքրել: Գիշեր ու ցորեկ «տաւուլն ու զուռնան» երգն ու շուրջպարը անդադրում կը թեթեւցնէր աշխատանքին ծանրութիւնը:
Որքա՜ն երջանկութիւն կարելի է ըմբոշխնել, եթէ ընչաքաղցութիւնն ու ցեղային, կրօնական ու քաղաքական մոլեռանդութիւնները ձգէին, որ անշահախնդիր ու եղբայրական ոգին գործերուն մէջ այսօրինակ ոգիով արտայայտուէր:
Բայց… անապատին մէջ ովասիսներ գտնել աւելի դիւրին է:
Մաքրուելէ յետոյ վարպետ լողորդներ, որոնցմէ տարօրինակօրէն շատ կային, չգիտցուիր, թէ ո՞ր աւազանին, ո՞ր լճին, ո՞ր գետին մէջ կը սորվէին, բայց կային, եւ բարձրէն վար կը նետուէին զարմացնելով հանդիսատեսները:
Արեւմտեան պատիկին առջեւ, ջուրին մակերեսէն 5-10 սանթիմ բարձր եւ բաւական լայն սալայատակ մը կար, որպէսզի իսլամներ իրենց օրական լուացումը կատարեն:
Աւազանին հարաւային-արեւմտեան անկիւնէն երկու մեթր լայնութեամբ ջուրը դուրս կը հոսէր եւ հինգ, տասը մեթր վազելէ յետոյ կը մտնէր թաղէն ներս: Այդտեղ կը կոչուէր «Էշերու աղբիւր», կենդանիները ատկէ կը խմէին: Հոս էր Հայնիի միակ հասարակաց արտաքնոցը: Ջուրը, արտաքնոցին աղբերը առած կ՚երթար քրտական թաղէն անցնելով քանի մը ջաղացքներ դարձնելու եւ ածուները ջրելու:
Արեւմտեան պատին տակ կամարաձեւ ծակ մըն ալ կար, ուրկէ ջուր կ՚երթար քրտական թաղին արեւելեան մասը: Մաս մըն ալ կ՚անցնէր «Մալ Ամէր»ին տունէն, ուր բազմաթիւ ընտանիքներ կ՚երթային լուացք ընելու: Այս ջուրը կ՚անցնէր խաղախորդարանէն, սպանդանոցէն դէպի ածուները: Սպանդանոցը ընդարձակ բակ մըն էր, ուր թէ՛ կենդանիներ կը մորթէին եւ թէ՛ կտաւ կը կարմրցնէին:
Աւազանին հիւսիսային արեւմտեան անկիւնէն դուրս, կրկին պատին տակը երկու կամարակապ ծակեր կային: Այստեղ կը կոչուէր փոքր աղբիւր:
Ժողովուրդը խմելու ջուրը ասկէ կը տանէր: Ասոնք ալ ակեր էին: Գրկելով սառնորակ եւ մաքուր ջուր կը հոսեցնէին: Դժուար էր ձեռքը քանի մը վայրկեան մէջը պահել: Ամրան՝ մէջը ձգուած ձմերուկի պայթիլը աչքովս տեսած եմ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024