ՅԻՍՈՒՍԻ ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԸ

Որքան որ չորս Աւետարանի սկիզբներէն մինչեւ վերջին գլխոյն մէջ, գրեթէ ամէն տեղ Յիսուսի արտասանած գոնէ մէկ համառօտ խօսքին յիշատակութեանը կը հանդիպինք, սակայն Փրկչին ամենէն երկար եւ անընդհատ մէկ բանախօսութիւնը ամբողջապէս գրուած կը գտնեն Մատթէոսի Աւետարանի Ե. գլուխէն սկսեալ մինչեւ Է. գլխոյն վերջը։ Այդ ճառը՝ «Յիսուսի լերան քարոզը» կ՚անուանուի, Գալիլիայի ծովուն արեւմտեան կորմը լերան մը բարձրաւանդակին վրայ նստած եւ խօսած ըլլալուն համար, ունկնդիր ունենալով իր աշակերտները եւ ժողովուրդի խուռն բազմութիւն մը։

Բարեհաւատ քրիստոնեան երբ կարդայ զայն բոլորովին ամփոփ միտքով, պիտի զգայ, թէ ընտանի ոճով եւ զգայուն շեշտերով իր սրտին եւ հոգւոյն հետ կը խօսի իր բարերար Տէրը՝ իր գթած Հայրը, գերզգայուն Դաստիարակը, իր Ս. Կրօնի հեղինակ Վարդապետը, պզրելով իրեն երկնային ճշմարտութիւններ եւ ուսուցանելով կենց կանոններ։

Լերան քարոզը երբ կը կարդանք, անոր մէջ կան այնպիսի վճիռներ եւ պատուէրներ՝ որոնցմէ մէկ հատն իսկ ունի իր մէջ բարոյական զօրութիւն մը՝ շատ մը նեղութիւններ եւ թշուառութիւններ մեղմել եւ բառնալու եւ մարդոց առջեւ փափաքուած երջանկութեան ուղիներ բանալու։ Կը բաւէ որ մարդիկ, ըսենք՝ գոնէ հաւատացեալներ, կարդալով ըմբռնեն զայն իր իմաստովը եւ աշխատին գործադրել։

Զոր օրինակ, այս քարոզէն սա խօսքը. «Ամէն ինչ որ կ՚ուզէք թէ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց անանկ ըրէ՛ք». (ՄԱՏԹ. Է 12)։

Արդարեւ, ի՞նչ կ՚ուզեն իրարմէ տեսնել մարդիկ. չարի՞ք, թէ բարի՛ք։ Անտարակո՛յս բարիք, ուրեմն թո՛ղ ամէն ոք ուրիշի համար ալ բարիք կամենայ։ Ուրիշ ձեւով մը աւելի յառաջ տանինք հարցը. կ՚ուզե՞նք որ մէկը մեզի իրաւացի կամ անիրաւ բամբասէ. ի հարկէ ո՛չ, ուրեմն մենք ալ չսիրենք բամբասել ուրիշը։ Ուստի, կ՚երեւի, թէ որքան շինիչ եւ իմաստալից են Յիսուսի լերան քարոզի պատուէրները։

Այս իմաստով, «ոսկեղէն կանոն»ներ կը պարունակէ լերան քարոզը. անոնք, որոնք մեր երջանկութեան բանալիներն են ամէն մէկը… երանի՜ գիտնայինք եւ գործադրէինք…

«Եթէ մէկը կը սիրէ զիս, խօսքերս կը պահէ», կ՚ըսէ Յիսուս, ուստի, սիրելը, հաւատալը պէտք է գործով իրականանայ, ուստի սիրել եւ հաւատալ՝ խօսքերը գործադրել կը պահանջէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 20, 2024, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2024