ՏԱՌԱՊԱՆՔ ԵՒ ՎԻՇՏ

Տառապանք եւ վիշտ՝ ամենէն հին գոյութիւն ունեցող խնդիրն է աշխարհի վրայ։ Այս հարցով եթէ ակնարկ մը նետենք յունական կամ հռովմէական հին աշխարհի վրայ, եւ քննենք նշանաւոր փիլիսոփաներու տեսութիւնները՝ գրեթէ նոյն բանն է որ կը յանձնարարուի վշտին իբր դարման, հեշտասիրութիւն՝ Եպիկուրով եւ անտարբերութիւն՝ Ստոյիկեան Զենոնով։ Ուրիշ իմաստասէր մըն ալ, որ աւելի խորին կերպով քննած է վիշտը, տեսած է անոր մէջ նախախնամութեան խորհրդաւոր մէկ գործիքը մարդուն դաստիարակութեան համար։ Սենեկան է այն, հնագոյն փիլիսոփայական աշխարհի մեծանուն անձը՝ որուն գրութիւններուն մի քանի կէտերը կը համերաշխեն աւետարանի բարձրագոյն սկզբունքները։

Ինչպէս յայտնի է՝ Սուրբ Գիրքը երբեք դրութենական եղանակով չի խօսիր՝ ո՛չ այս կնճռոտ խնդրին վրայ եւ ո՛չ ուրիշ հարցի մասին. ան երբեք փիլիսոփայական պատասխաններ չի տար մեր անհաստատ յուզուած մտքին ամէն հայեացքներուն, բայց ի՛նչ որ կ՚ըսէ այս կամ այն խնդրին մասին՝ բաւարար է մեր մրմունջները կամ դժգոհութիւնները լռեցնելու՝ արդարացնելով միեւնոյն ատեն Աստուծոյ կենդանւոյ նկարագիրը։

Ըստ Սուրբ Գիրքի, վիշտը կամ տառապանքը ո՛չ պարզապէս բնական երեւոյթ մըն է, ո՛չ Արարչին սկզբնական կամքին մէկ արդիւքը, ո՛չ ալ «ճակատագրական»՝ անխուսափելի եւ վճռական մըն է. այլ արդի՛ւնքն է անկարգութեան, հեստութեան՝ ըմբոստութեան, անհնազանդութեան ընդդէմ Աստուծոյ։

Արդարեւ, բարին Աստուած չէ՛ ուզած եւ չ՚ուզեր վիշտը, տառապանքը. Անոր երբեք հաճելի բան մը չէ՛ այդ մէկը։ Երբ մարդ Աստուծոյ կը հպատակի եւ իր յարաբերութիւնները երկիւղածութեամբ ու ներդաշնակութեամբ կը կատարէ, այն ատեն տառապանքն ալ ինքնաբերաբար կ՚անհետի, եւ մարդ ինքզինք երջանիկ եւ ուրախ կը զգայ։

Բայց մարդ արարածը հպատակութենէ կամ համակերպութենէ աւելի կարծես նախապատիւ համարած է ապստամբութիւնը, հեստութիւնը, եւ անոր համար է, որ վիշտը անխուսփելիօրէն կա՛յ անոր հետ՝ որքան որ կ՚ապրի աշխարհի երեսի վրայ։

Աստուծմէ հեռանալ կը նշանակէ գերի ըլլալ տառապանքի եւ վշտի. «Ապականեցար, ո՜վ Իսրայէլ, որովհետեւ հակառակ եղար ինձ քու օգնականիդ». (ՈՎՍ. ԺԳ 9)։

Ուրեմն վիշտը եւ արտասուքը, տառապանքը եւ հեծկլտանքը հետեւանքն է ընդհանրապէս հոգւոյն ապստամբ, հեստ եւ ըմբոստ կեցուածքին։ Ան մեղքի մը պէս կը մտնէ ծածկօրէն սրտին մէջ, եւ սրտէն՝ այդ մշտաբաց եւ մշտաբուխ ակէն կը տարածուի համաչափութեամբ մը, համերաշխութեան խորհրդաւոր օրէնքով մը մինչեւ զգայականութեան ամենէն յետինին։ Առաւօտ մը չ՚ըլլար, ժամ մը չ՚անցնիր, ո՛չ իսկ վայրկեան մը՝ որ մարդ առանց տառապանքի, առանց վշտի՝ առանց արտասուելու, առանց լացի ապրի… եւ մեռնի։

Եթէ Սուրբ Գիրքը կ՚ընդունի սա մեծ սկզբունքը, թէ տառապանքը եւ լացը մեղքէն կը ծնի, միւս կողմանէ պայծառ եղանակով մը կը հաստատէ, թէ մեղքը վիշտ ըսել չէ, եւ ոչ ալ վիշտը մեղք կը նշանակէ, եւ կամ «մեղք» եւ «վիշտ» համարժէք չեն երբեք։

Սուրբ Գիրքը կը մերժէ սա գաղափարը, թէ այն որ վիշտ ունի եւ լաց, անկասկած մեղաւոր է, ան կ՚արգիլէ, որ մենք ձեռք առնենք աստուածային կշիռը եւ անբաւական եւ կարճ տեսութեամբ մեկնենք Աստուծոյ դատաստանը։ Եւ Յիսուս ալ նոյնը կ՚ուսուցանէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 23, 2024, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2024