ՓՈՒԹԻՆ-ԷՍԱՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ արիւնալի իրավիճակին եւ ա՛լ աւելի մտահոգիչ հեռանկարներու համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն Քրեմլինի հանդիպումը։ Միեւնոյն ժամանակ, այս տեսակցութեան ժամկէտը ուշագրաւ էր այն առումով, որ վերջին շրջանին յաճախ կը խօսուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Պեշար Էսատի հաւանական տեսակցութեան մասին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութինի եւ Էսատի հանդիպման ընթացքին նախատեսուած է տարածաշրջանային իրավիճակի քննարկումը։ Անոնք հաշուի կ՚առնեն այդ իրավիճակի վատթարացման միտումը, ինչ որ ուղղակիօրէն կը վերաբերի նաեւ Սուրիոյ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու դէպի Ուաշինկթըն այցելութեան շրջանակներէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսէն ներս։ Ան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ մանաւանդ, որ ժամադրուած է նաեւ Սպիտակ տան կողմէ։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը շեշտեն, որ քոնկրէսականները յաճախ ծափահարութիւններով ընդհանտած են Նեթանիյահուի ելոյթը։ Ուաշինկթընի կեդրոնին բողոքի մեծ ցոյցեր ալ տեղի ունեցած են Իսրայէլի վարչապետին դէմ։
«Յաղթելու համար ԱՄՆ-ը եւ Իսրայէլը պէտք է միասին ըլլան, իսկ Կազզէն պէտք է ղեկավարեն այն պաղեստինցիները, որոնք չեն ձգտիր Իսրայէլը ոչնչացնել», ըսաւ Նեթանիյահու։