ԽՈՒՍԱՆԱՒՈՒՄՆԵՐՈՒ ՓՈՐՁ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի Ուաշինկթըն այցը, ընդհանուր առմամբ, «խայտառակութեան» վերածուած է։ Խորքին մէջ ո՛չ ոք կը պատկերացնէր, թէ Նեթանիյահու ծափողջոյններով կ՚ընդունուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսէն ներս։ Յաղթանակի եւ յաղթելու պատրասատակմութեան մասին խօսեցաւ Նեթանիյահու, որ իր այս այցելութեամբ եւ բազում ուղղութիւններով կը փորձէ խուսանաւումներ կատարել, կը շարունակէ մնալ սուր քննադատութիւններու կիզակէտին։ Մասնաւորապէս Իսրայէլի մէջ, ուր ամէնօրեայ դրութեամբ մեծ ցոյցեր տեղի կ՚ունենան, Նեթանիյահու յայտնուած է փակուղիի մէջ։ Իբր այդ, անոր համար բնաւ կարեւոր չէ, թէ ինչքան գումար կամ նոր զինամթերք ստանալու երաշխիքներով կը վերադառնայ Թել Աւիւ։
Խնդիրը աւելի խորքային է՝ քան շատերուն կողմէ պատկերացուածը։ Արդարեւ, Իսրայէլի ընդդիմութեան գլխաւոր առաջնորդ Եայիր Լափիտ յայտարարեց, թէ թէեւ Նեթանիյահուն կը մոռնայ կամ կը փորձէ մոռացութեան տալ, սակայն անցեալ հոկտեմբերին ծագած պատերազմի գլխաւոր պատասխանատուն ինքն է։
Կազզէի մէջ ձախողութիւն, հազարաւորներու սպանութիւն, անզէն մարդկանց տեղահանում եւ տակաւին տասնեակ պատճառներ, որոնք նեղ կացութեան մատնեցին Իսրայէլի վարչապետը։
Այս բոլորէն անդին կայ այլ կարեւոր խնդիր մը, որ կապուած է Իսրայէլի անվտանգութեան համակարգին հետ։ Բազմաթիւ վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Իսրայէլի անվտանգութեան հիմնական բոլոր կառոյցերը պէտք է համարուէին ձախողած ու տապալուած՝ «Համաս»ի գրոհէն վերջ։ Ու այդ պահէն ետք, բնականաբար, Նեթանիյահու եւ իր կառավարութիւնը պարտաւոր էին արագօրէն հրաժարելու՝ առնուազն յարգելով Իսրայէլի արժեչափերը. որոշ արժեչափեր եւ կառավարման հիմքեր, որոնց շնորհիւ ալ Իսրայէլ կը համարուի յառաջատար, ժողովրդավարական երկիր մը, որ բոլոր առումներով կ՚առանձնանայ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ։
Ահա, այդ արժեչափերը ոտնահարեց Նեթանիյահուն, որու արարքը տակաւին երկար պիտի ազդէ երկրի ներքին գործընթացներուն եւ քաղաքական կեանքին վրայ։
Վերադառնալով Նեթանիյահուի ԱՄՆ այցին, ինչ որ զանազան առումներով սպասուած էր։ Արդարեւ, նախ եւ առաջ նոյնինքն Նեթանիյահուին ու իր սպառած կառավարութեան համար սպասուած էր այս ուղեւորութիւնը։ Հակառակ ԱՄՆ-ի քոնկրէսի մեծ թիւով Հանրապետական անդամներու ծափողջոյններուն եւ Նեթանիյահուին ուղղեալ դրուատիքներուն, կարգ մը ամերիկացի գործիչներ երեւոյթը համարեցին խայտառակութիւն։ Անոնց շարքին կ՚առանձնանայ Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նենսի Փելոզին, որ դիրք բռնեց Նեթանիյահուի քաղաքականութեան դէմ, ներկայ չեղաւ անոր մասնակցած նիստին եւ ելոյթը համարեց՝ երկրի պատմութեան մէջ հիւր գործիչի մը խօսած ամենավատ ճառը։
Սա արդէն իսկական ցուցանիշ մըն է, թէ ամերիկեան քաղաքականութեան բազում շերտերուն մէջ Նեթանիյահուի դէմ ուղղւած սլաքները քիչ չեն եւ, անշուշտ, այդպիսի կեցուածքները կրնան աւելիով աճիլ՝ նաե ազդելով նաեւ ԱՄՆ-Իսրայէլ դաշնակցային յարաբերութեան ընթացքին վրայ։
Ի դէպ, Իսրայէլի այսօրուան դրութեան մասին օր ըստ օրէ լսելի կը դառնան բաւական հիմնաւոր տեսակէտներ, որոնք կը մատնանշեն, թէ պետութիւնը ներկայիս կ՚ապրի խորքային աննախադէպ տագնապ մը։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ յայտնի դէմք մը՝ Նորմըն Ֆինքլըսթ, որու տեսակէտները կ՚արժեւորուին նաեւ իր հրեայ արմատներու լոյսին տակ։ Հեղինակաւոր մտաւորականը լուրջ հարցադրումներ օրակարգի վրայ կը բերէ Իսրայէլի այժմու իրավիճակին ու ապագայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։
«Առնուազն ներկայ փուլին, մենք հասած ենք այնտեղ, ուր հակամարտութիւնը դիւանագիտական ճանապարհով մը լուծելու հնարաւորութիւն չկայ: Երկու պետութիւններու հիմունքով լուծման մասին խօսակցութիւնները բացարձակ ծիծաղելի կը թուին։
Իսրայէլ վճռական է ռազմական յաղթանակ պարտադրելու հարցով եւ պիտի չզիջի այդ նպատակէն: Միւս կողմէ, Լիբանանի «Հըզպուլլահ»ի ընդհանուր քարտուղարը բացայայտ ըսած է, որ պիտի չընդունի «Համաս»ի ռազմական պարտութիւնը եւ այդպիսի բան մը տեղի պիտի չունենայ։ Արաբական եւ իսլամական աշխարհներուն մէջ կայ եզրակացութիւն մը, թէ Իսրայէլի հետ ապրիլը անհնար է: Անոնք համոզուած են, Իսրայէլ յիմար է եւ պէտք է հեռանայ: Այդ իսկ պատճառով կարճաժամկէտ քաղաքական լուծում մը չ՚երեւիր», կը դիտարկէ ան։
Ըստ յայտնի մտաւորականին՝ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Իսրայէլ կը բախի գոյութեան եւ օրինականութեան ճգնաժամի: Այս առումով անոր գլխաւոր հակառակորդը Հարաւային Ափրիկէն է, որ Արդարութեան միջազգային ատեանէն ներս կ՚ընդդիմանայ Իսրայէլին։
Ֆինքլըսթ ԱՄՆ-ի պարագային ալ կ՚ընէ կարեւոր մատնանշում մը։ Արդարեւ, Դեմոկրատական կուսակցութիւնը բախումի մէջ է իր համակիրներու լայն զանգուածին հետ, որ դէմ է Իսրայէլի յանցագործութիւններուն։ Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը այլեւս չի կրնար անտեսել այս պարագան: «Ես ցնցուած եմ եւ ապշած՝ ծերակուտական Ճեք Շումըրի շաբաթներ առաջ ունեցած ելոյթէն: Ան միշտ պաշտպանած է Իսրայէլը եւ ինքն էր, որ կոչ ըրաւ՝ Կազզէն տնտեսապէս խեղդելու:
Շումըր եւ Նիւ Ճըրզիի ծերակուտական Մենենտեզ եղած են Իրանի հետ գործարքին դէմ ձեւաւորուած առաջնագիծի վրայ։ Ան կարծես մեր երկրին մէջ Իսրայէլի կառավարութեան պաշտօնական բանբերը եղած ըլլար: Շումըրի՝ Իսրայէլի հասցէին քննադատութիւնները սպասումէ դուրս էին», կը մատնանշէ ան։
Ամերիկացի մտաւորականը մասնաւորապէս մէջբերած է ծերակուտականին խորհրդածութիւնները, ըստ որոնց Նեթանիյահու մոլորեցաւ եւ Իսրայէլի ժողովուրդը աւելի լաւ առաջնորդներ կ՚ընտրէ, եթէ հնարաւորութիւն ունենայ։ Ֆինքլըսթ կը շեշտէ, որ Նեթանիյահու խաղաղութեան առջեւ հիմնական խոչընդոտն է եւ յաճախ կ՚ենթարկուի ծայրայեղականներու պահանջներուն:
«Իսրայէլ իրաւունք ունի ընտրելու իր առաջնորդները եւ մենք պէտք է ապահովենք, որ իրադարձութիւնները տեղի ունենան առանց միջամտութեան: Կարեւոր է, որ իսրայէլացիներուն տրուի ընտրութեան հնարաւորութիւն: Իսրայէլի ապագային վերաբերեալ նոր քննարկում պէտք է ըլլայ: Այս բանին լաւագոյն ճանապարհը, իմ կարծիքով, ընտրութիւններու երթալն է։
Եթէ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը պատերազմէն ետք շարունակէ իշխանութեան գլուխ մնալ, ապա ԱՄՆ պէտք է աւելի արդիւնաւէտ աշխատի համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար։ Իսրայէլ պէտք է մեծ ուղղումներ կատարէ տեւական խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին: Իսրայէլի կողմէ՝ երկու պետութիւններու հիմունքով լուծման մերժումը լուրջ սխալ մըն է», կ՚եզրափակուին յայտնի մտաւորականի մեկնաբանութիւնները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան