ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹՒՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ Իրանի նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի երդման արարողութեան մասնակցեցաւ, երէկ, Թեհրանի մէջ ընդունուեցաւ Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Խամանէյ Փաշինեանին շնորհակալութիւն յայտնեց, Իրանի նորընտիր նախագահի պաշտօնամուտին բերած մասնակցութեան համար։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, թէ երկու երկիրները կը շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններ զարգացնելու միտուած քայլերը՝ ի նպաստ այս հարեւան պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յառաջընթացին։

Իրանի «Մեհր» պաշտօնական գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ զրոյցի ընթացքին Խամանէյ վերահաստատած է Հայաստանի տարածքով որեւէ արտատարածքային բնոյթով միջանցքի բացման դէմ ըլլալու ուղղեալ Իրանի որոշումը։ Թեհրան այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի երթուղին» կը համարէ ի վնաս Երեւանի եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ այս դիրքորոշման։

Ալի Խամանէյ շեշտած է, որ Թեհրանի յստակ ու կայուն քաղաքականութիւնը կը բիւրեղանայ հարեւաններու, յատկապէս Երեւանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման մէջ։ «Մենք խորապէս կը հաւատանք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման։ Երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը կը շարունակուի շահերու հիման վրայ եւ անկախ այլ մարդոց քաղաքականութենէն։ Արտատարածաշրջանային ուժերը պէտք չէ սահմանափակումներ ստեղծեն երկիրներու՝ հարեւաններու յարաբերութիւններու համար», ըսաւ ան եւ ընդգծեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ դիտել տուաւ, որ Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, թէ չ՚ընդունիր որեւէ արտատարածքային երթուղի իր տարածքէն ներս։ Վարչապետը Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները որակեց ռազմավարական։

Հայկական լրահոսին մէջ կը նկատուին նաեւ տեղեկութիւններ, ըստ որոնց Երեւանն ու Թեհրանը քննարկած են նաեւ ապաշրջափակման հարցեր։

Միւս կողմէ, Մեսուտ Փեզեշքիանն ալ պաշտօնամուտին օրը յայտնեց, որ պատրաստ է լարուած յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ բանակցիլ Արեւմուտքի հետ։ Իրանի խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած երդման արարողութեան ժամանակ, Մեսուտ Փեզեշքիան ելոյթին տեւողութեան ըսաւ. «Կոչ կ՚ուղղենք արեւմտեան երկիրներուն՝ գիտակցիլ փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ կառուցելու անհրաժեշտութիւնը։ Մենք պատրաստ ենք լարուածութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ վարել այն պետութիւններուն հետ, որոնք ցարդ չեն գիտակցած, թէ Իրան աշխարհի մէջ ինչ տեղ կը զբաղեցնէ»։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2024