ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

​Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճան եւ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ այ­սօր ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պում մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ան­թա­լիոյ մէջ։ Այս­պէս, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու կը հիւ­րըն­կա­լէ իր ա­զէ­րի եւ թիւրք­մեն պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը՝ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րովն ու Ռա­շիտ Մե­րե­տով։

Ան­գա­րա­յի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ նա­խա­րար­նե­րը կ՚անդ­րա­դառ­նան քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան կա­րե­ւոր հար­ցե­րու, նաեւ կը քննար­կեն նա­խորդ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Թան­ժու Պիլ­կիչ ե­րէկ մատ­նան­շեց այս ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ա­ռու­մով։

Հարկ է նշել, որ այս ձե­ւա­չա­փով նա­խորդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը ան­ցեալ Յու­նուա­րին տե­ղի ու­նե­ցած էր Աշ­խա­պա­տի մէջ։  Այս ե­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փը ա­ռանձ­նա­պէս կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէ։

Ան­թա­լիոյ մէջ նա­խա­րար­նե­րը կ՚ու­նե­նան նաեւ երկ­կող­մա­նի բազմաթիւ հան­դի­պում­ներ։

Ան­գա­րա­յի մօտ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի դես­պան Ֆաիք Պա­ղը­րովն ալ այ­սօ­րուան ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Այս­պէս, Ատր­պէյ­ճան-Թուր­քիա-Ի­րան, Ատրպէյ­ճան-Թուր­քիա-Վրաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան-Թուր­քիա-Թիւրք­մե­նիս­տան ե­ռա­կող­մա­նի շփում­նե­րը էա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին՝ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նի ծրագ­րե­րու մշակ­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լորտ­նե­րու նա­խանշ­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Թիւրք­մեն դես­պա­նը հա­մո­զուած է, թէ այդ ե­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան կը ստանձ­նեն մղիչ ու­ժի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն։

«Կաս­պից ծո­վու ա­րե­ւել­քին Թիւրք­մեն­պա­շը նա­ւա­հան­գիս­տը եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ շի­նա­րա­րու­թեան ձեռ­նար­կուած Է­լէթ նա­ւա­հան­գիս­տը երբ որ պատ­րաստ ըլ­լան, ա­պա հնա­րա­ւոր պի­տի դառ­նայ լաս­տա­նա­ւե­րով բեռ­նա­փո­խադ­րու­թիւ­նը։ Երբ որ այս ուղ­ղու­թիւ­նը դառ­նայ ի­րա­կա­նու­թիւն, Թուր­քիոյ կամ Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին վրա­յով՝ որ­պէս տա­րան­ցիկ փո­խադ­րու­թեան մի­ջոց, Կաս­պից ծո­վու մի­ջո­ցաւ մասնա­ւո­րա­պէս Թիւրք­մե­նիս­տա­նի եւ Ղա­զա­խիս­տա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու բեռ­նա­փո­խադ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­-տարուին։ Ատր­պէյ­ճա­նի, Թուր­քիոյ եւ Վրաս­տա­նի մի­ջեւ Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիին ալ կա­ռու­ցու­մէն վերջ՝ մեծ աշ­խար­հագ­րու­թե­նէ մը ներս հնա­րա­ւոր պի­տի դառ­նայ բեռ­նա­փո­խադ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նել՝ եր­կա­թու­ղիի մի­ջո­ցաւ», ը­սաւ դես­պա­նը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2015