ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ. ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ ՀԱՄԱՄԻՏ ԵՆ՝ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԳՆԱՀԱՏԵԼ ԹԵՔՆԻՔ ԿԱՐԻՔՆԵՐԸ
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացը երէկ նոր թափ ստացաւ յատուկ ներկայացուցիչներու նոր՝ հինգերորդ հանդիպումով։ Այսպէս, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչները՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան բանակցութիւններ վարեցին երկու երկիրներու ցամաքային սահմանին վրայ։ Ալիճան-Մարգարա անցակէտին ժամադրուած էին անոնք։ Հանդիպումը նախ սկսաւ սահմանի Հայաստանի կողմի Մարգարայի անցակէտին եւ շարունակուեցաւ Թուրքիոյ կողմի Ալիճան անցակէտին։
Երկու մայրաքաղաքներէն գրեթէ նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւններ հրապարակուեցան՝ մինչ թրքական մամուլը «նուրբ» որակումը կ՚օգտագործէ այս հանդիպման համար։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները տեղեկացուցին, որ յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատած են նախորդ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։
Պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ շեշտուած է, որ Քըլըչ եւ Ռուբինեան համաձայնած են տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն համապատասխան գնահատել թեքնիք կարիքները։ Այս առումով խօսքը կը վերաբերի հնարաւորութեան ընձեռման՝ Ախուրիկ-Աքեաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտի գործարկման համար։ Կողմերը կը նախատեսեն փոխադարձաբար դիւրացնել մուտքի արտօնութիւններու ընթացակարգերը՝ դիւանագիտական կամ պաշտօնական անցագրի տէրերու պարագայի։
Հուսկ, յատուկ ներկայացուցիչները վերստին ընդգծած են կարգաւորման գործընթացը առանց որեւէ նախապայմանի շարունակելու համաձայնութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման վերջնական նպատակին հասնելու համար։
Նախարարութիւններու այս նոյնաբովանդակ հրապարակումներուն զուգահեռ, երէկուան բանակցութիւններէն վերջ Սերտար Քըլըչն ու Ռուբէն Ռուբինեանն ալ, իրենց հերթին, ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկան գրառումներով։ Սերտար Քըլըչ նշեց, որ շինիչ փոխըմբռնմամբ քննարկուած են կարգաւորման գործընթացի օրակարգի բոլոր հարցերն ու ապագայ յառաջընթացի հնարաւորութիւնները։ Ռուբէն Ռուբինեանն ալ նշեց, որ համաձայնեցուած են վստահութեան ամրապնդման նոր միջոցներ։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութեամբ ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով յայտնեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է։ Իր խօսքով՝ այժմ Երեւանն ու Պաքուն պատմական հնարաւորութիւն ունին վերջնականապէս փակելու թշնամութեան գլուխը եւ սկսիլ իրավիճակը փոխել Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս՝ զայն դարձնելով բարիդրացիութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան վայր։ «Եթէ նայինք խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծին, որ դրուած է բանակցութիւններու սեղանին վրայ, ապա կողմերը մօտ են այդ մէկը աւարտին հասցնելու», ըսաւ ան։