ԻՍՐԱՅԷԼ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՐԱՒԸ
Լիբանանէն երէկ հասած լուրերը խորապէս մտահոգիչ էին։ Կազզէի պատերազմի մթնոլորտին մէջ, արդէն վաղուց արիւնալի իրադարձութիւններու ամբողջ տարածաշրջան տարածուելու ռիսքերը օրակարգի վրայ են։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Իսրայէլ մէկ կողմէ Կազզէի արիւնալի գործողութիւնները թափով յառաջ կը տանի, իսկ միւս կողմէ կը թիրախաւորէ Սուրիան ու Լիբանանը։ Այս վերջնոյն պարագային՝ մանաւանդ «Հիզպուլլահ»ին հարուածելու կէտ նպատակը յառաջ կը քշուի։
Յամենայնդէպս, երէկուան իրադարձութիւնները արտասովոր էին՝ քանի Իսրայէլ թիրախաւորեց Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութը։ Այսպէս, Իսրայէլի բանակը այս տարուան յունուարի 2-էն վերջ դարձեալ հարուածներ հասցուց Պէյրութին։ Մայրաքաղաքի հարաւի արուարձանները ռմբակոծուեցան։ Ըստ միջազգային լրատուամիջոցներու, մահացաւ «Հիզպուլլահ»ի բարձրաստիճան հրամատարներէն մին։ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Լիբանանի եօթ շրջաններէ ներս «Հիզպուլլահ»ի թիրախները ռմբակոծուած են։ Ցամաքային ու օդային հարուածներով ոչնչացուած են զէնքի պահեստներ, ենթակառուցուածքային ու ռազմական առարկաներ եւ արձակման կայաններ։ Նոյն հաղորդումներուն մէջ յիշեցուած է, որ յուլիսի 27-ին Լիբանանի տարածքէն յարձակում մը գործուած էր Իսրայէլի վրայ եւ այս դէպքը խլած էր 12 զոհ։
Խորապէս անհանգստացուցիչ այս հաղորդումներուն զուգահեռ՝ հայութիւնը բազմապատիկ մտահոգ է նաեւ լիբանանահայութեան համար։ Արդարեւ, քաղաքական ու տնտեսական տեւական տագնապի հետեւանքով Լիբանանի հայութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Այս ռմբակոծումներն ալ կու գան աւելնալ՝ առանց այդ ալ դժոխային իրավիճակին վրայ։
Պէյրութի երէկուան ռմբակոծումներէն վերջ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան մեզի տեղեկացուց, որ հայութիւնը լարուած սպասողական վիճակի մէջ է։ Գանտահարեանի խօսքով՝ ստեղծուած իրավիճակը բաւական մտահոգիչ է։ «Փառք Աստուծոյ, այս պահուն լաւ ենք։ Պէյրութի հարաւային արուարձանները ռմբակոծուեցան. թէեւ անոնք մեր միջավայրէն հեռու են, բայց, մտահոգիչ է, թէ դէպքերը ի՞նչ ընթացք կրնան ստանալ», ըսաւ Գանտահարեան։
Իր ամփոփ բացատրութիւններուն մէջ ան նշեց, որ տեղւոյն հայութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի լուրերուն։ Առկայ լարուած սպասողական մթնոլորտին մէջ Գանտահարեան յոյս յայտնեց, որ դէպքերը տակաւին չեն ծաւալուիր։ «Եթէ այսքանով աւարտի, ապա նորէն ալ փառք Աստուծոյ պիտի ըսենք», եզրափակեց ան։
Հուսկ, «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիրը դիտել տուաւ, որ կը ջանան թերթի աշխատանքի բնականոն պայմանները պահպանել՝ առանց արտադրական կաղացման։