ՀԱՐԻՍԻ ԴԻՐՔԸ Կ՚ԱՄՐԱՊՆԴՈՒԻ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը կը շարունակէ տակաւ միջազգային անմիջական ուշադրութեան արժանանալ։ Հանրապետական կուսակցութիւնը առաջադրած է նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի թեկնածութիւնը։ ԱՄՆ-ի այժմու նա-խագահ Ճօ Պայտըն որոշած է դուրս գալ ընտրապայքարէ եւ իրեն փոխարէն փոխ-նախագահ Քամալա Հարիսը մատնացոյց ըրած է՝ որպէս Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու։ Դեմոկրատներու համագումարը տեղի պիտի ունենայ այս ամիս, սակայն, այժմէն յայտնի է, որ Քամալա Հարիսի առաջադրումը պիտի վաւերացուի։

Ըստ միջազգային աղբիւրներու, նախընտրական շրջանին քամին սկսած է փչել ի նպաստ Հարիսի։ Հարցախոյզներու արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ ԱՄՆ-ի կարգ մը նուրբ նահանգներուն մէջ Քամալա Հարիսի դիրքերը ամրապնդուած են։ Դեմոկրատականներուն առընթեր ան կը յաջողի սիրաշահիլ նաեւ անկախ ընտրողները։

ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն 100 օրէն աւելի քիչ ժամանակ մնացած է։ Լրատուամիջոցները յաճախ տեղ կու տան հարցախոյզներու արդիւնքներու, որոնք յոյս կը ներշնչեն Դեմոկրատական կուսակցութեան։

Հարիս շուտով կը պատրաստուի նաեւ հրապարակել իր փոխ-նախագահի թեկնածուի անունը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2024