ԱՆԳԱՐԱ ՄԻՇՏ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՊԱՔՈՒԻՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը կրնայ բանալ՝ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումէն վերջ։

Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացէն ներս, նախընթաց օր Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը դուռ բացած էր զանազան մեկնաբանութիւններու։ Այդ արձագանգներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ հնչեցին Հաքան Ֆիտանի այս յայտարարութիւնները, որոնք գործնականօրէն կը նշանակեն, թէ տեսանելի ապագային շօշափելի քայլեր պէտք չէ ակնկալուին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին։

Հաքան Ֆիտանի խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացը կը շարունակուի։ Այս առումով Թուրքիա հաւանական դրական արդիւնքի պարագային պէտք է պատրաստէ սեփական բեմագրութիւնը եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։ «Եթէ կարգաւորման գործընթացը աւարտի, ապա կ՚աշխուժացնենք դրական բեմագրութիւնը, այսինքն կրնանք բանալ մեր սահմանային դուռը», ըսաւ Ֆիտան՝ մատնանշելով, որ այժմ յառաջ տարուած աշխատանքները այս ուղղութեան վրայ են։

Նախարարին յայտարարութիւնները լոյս տեսած են «Սապահ» օրաթերթին մէջ։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեքովն ալ նախընթաց օր յայտնած էր, որ խաղաղութիւնը աւելի քան երբեք մօտ է, միակ խոչընդոտը կը մնայ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 1, 2024