ՇՈՒՆՇԱՆՈՐԴԻ ԿԱՏՈՒ…
Տասնեւութ հոգիով սկսաւ մեր պարախումբը, ինն զոյգ էինք եւ աննման պարուսոյց մը՝ Սասունը…
Անունը Գէորգ էր, բայց Սասուն կը կանչէինք, ո՛չ միայն որովհետեւ սասունցի էր, այլեւ Գէորգներու շարք մը ունէինք եւ զանազանելու համար մէկը միւսէն, իւրաքանչիւրը իրեն յարմար անունով մը կնքած էին։
Եւ Սասունը թէեւ մեզմէ սերունդ մը առաջ էր, բայց այս պարախումբով ամենէն շատը դարձաւ մեր Սասունը։
«Լաստիկ» գունաւոր շաքարները նորոյթ էին այդ ժամանակ եւ արաբական շուկան չէինք գտներ, Սասունը կը բերէր Հրէաստանէն, ուր, ըստ իրեն, միայն մէկ խանութի մէջ կը ծախուէր։ Թերեւս կ՚ուզէր աւելի արժեւորել շաքարները, կարեւոր չէր, մենք կը նայէինք Սասունին ուռած գրպաններուն, որոնք շուտով իրենց ուռեցքը կը կորսնցնէին։
-Սասուն, սեւերը ինծի պահէ։
-Գիտեմ, պահեր եմ, բայց ինչո՞ւ յայտնի կ՚ընես…
Եւ մեր պարախումբը թնդացուց Երուսաղէմը մեր պատանեկութեան քանի մը տարիներուն։ Կը պարէինք ո՛չ միայն բոլոր ակումբային կամ գաղութային հանդէսներուն, այլեւ կը հրաւիրուէինք հրէական, արաբական, նաեւ քանի մը անգամ ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած միջոցառումներու, դաշտահանդէսներու։ Մէկ խօսքով՝ մենք ճանչցուած պարախումբ էինք։
Կը կազմակերպէինք նաեւ պտոյտներ Երուսաղէմէն դուրս։ Սուրբ Գէորգի տօներուն պարախումբի անդամներով Ռամլէ կ՚երթայինք, յետոյ նաւ նստելու ու շուկան պտտելու։ Օր մը նաւակ պիտի նստէինք Ռամադկանի արհեստական լիճին մէջ, Սասունը ըսաւ.
-Դուն իմ նաւակս կը նստիս։
-Պապայի պէս խօսեցար Սասուն։
-Ծօ, ինչ ըսեմ, մամադ հարիւր անգամ ըսաւ, Անուշս շատ նազիկ է, բան մը չպատահի…
Պարախումբին ամենակրտսեր անդամը ես էի…
Եւ շատ գեղեցիկ օր մը այսպէս, որ աւելի պիտի գեղեցկանար իր յուշերով, մեր պարախումբը հրաւիրուեցաւ հրէական դաշտահանդէսի մը։
Հսկայ տարածութիւն, հազարաւոր մարդիկ, խոշոր բեմ մը եւ մենք պիտի ներկայացնենք հինգ հայկական պար։ Պար մը՝ տղաները առանձին, պար մը՝ աղջիկները առանձին, երեք պար ալ տղայ-աղջիկ միասին։ Սակայն այնքան կը ծափահարէին, որ հինգ պարը կը դառնար եօթ-ութ պար։
Պատրաստուած բեմին ետին, իւրաքանչիւր մասնակցող խումբի՝ վրան մը յատկացուցած կ՚ըլլային պարի զգեստները հագուելու-հանուելու համար։
Հանդէսը կը տեւէր երեք ժամ եւ աւելի, ուրեմն մեր ժամանակէն կէս ժամ առաջ միայն կը հագուէինք պարի զգեստները եւ կը սպասէինք մեր կարգին։ Սասունը ջղային կ՚ըլլար… Վարդանը, որ Ալինին պարի զոյգն էր, մինչեւ վերջին վայրկեանը բեմ ելլելու՝ կ՚անհետանար, Ալինին սրտովը խաղալու համար։ Պատահած է, որ Ալինը մինչեւ իսկ լացած է, որ եթէ Վարդանը չերեւայ՝ ինչպէս բեմ պիտի ելլէ… Ես ալ որպէս հաւատարիմ ընկերուհի հետը կու լայի, որպէսզի առանձին չմնայ։
Վարդանը բոլորիս հոգին կ՚ուտէր, մէկուն հագուստին մէջքի լաստիկը վերջին վայրկեանին կը քաշէր կը փրցնէր, միւսին հիւսքին ժապաւէնը կը քակէր եւ կը նետէր։ Մենք՝ աղջիկներս կը ջղայնանայինք, տղաները կը խնդային, Սասունը կաթուածներէ կ՚անցնէր… Բայց այնպիսի սիրով բոլորս կապուած էինք իրարու… Պարախումբը մեր աշխարհն էր։
Հայ երիտասարդաց միութեան քառասնամեակն էր, ի՜նչ փորձեր, երգչախումբ, պատրաստութիւններ, անշուշտ, պարախումբը պիտի մասնակցէր եւ ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէր մեր պարին։ Ես նաեւ Վահան Թէքէեանէն պիտի արտասանէի։ Օր մը առաջ վերջին փորձին Վարդանը ձեռքս բռնեց.
-Այս ինչ բարակ ձեռքեր են քա…
Եւ ինչ ըրաւ չըրաւ չեմ գիտեր, ձեռքս դարձուց, դաստակս փառաւորապէս դուրս ինկաւ։ Ես անշուշտ նոյն փառաւորութեամբ սկսայ լալ, այս անգամ Ալինը միացաւ ինծի առանձին չձգելու համար, բայց նաեւ ուրախ էր, որ փորձանքը իր գլխուն չէր եկած։ Թափօրով մը Վարդանին առաջնորդութեամբ լացուկոծերու մէջ գացինք տիկին Ալիսին՝ Վարդանին մօրը, որ խմոր պատրաստեց, տաք-տաք փաթթեց դաստակիս։
-Այս ո՞ւր ինկար, կամ տե՞ղ մը զարկիր։
-Չեմ ինկած, չեմ զարկած, Վարդանը ըրաւ…
Դառնանք մեր դաշտահանդէսին, արդէն պէտք է պարի զգեստները հագուինք։
Ներկայ տղաները շատ արագ պատրաստուեցան, բայց երեք հոգի Վարդանին հետ… Ով գիտէ ո՞ւր գացեր էին։
Աղջիկներն ալ պատրաստ են եւ քսան վայրկեանէն մեր կարգն է։
-Ալին, շատ ջուր խմեցինք, չես կարծեր պէտք է…
-Ճիշդ նոյնը կը մտածէի, բայց շատ հեռու է տեղը, չենք հասցներ…
-Սասունին բան չըսենք, վազելով երթանք գանք։
-Խենթեցա՞ր, Վարդանը նորէն մէջտեղ չկայ, չե՞ս տեսներ որքան ջղային է Սասունը…
-Խելք մը ունիմ, բայց շատ գաղտնի պիտի պահես, վրանին մէկ անկիւնը…
-Եթէ մէկը գայ…
-Մէկը կ՚ընէ, միւսը պահակ կը կենայ, յետոյ միւսը կ՚ընէ, արագ ընենք՝ չուշանանք։
Եւ այդպէս անփորձանք սուս ու փուս ըրինք։ Վրանին մէջ ցրուած հագուստները բոլոր իրարու վրայ անկիւն մը դրինք, կարգով պահակ կենալով միւս անկիւնը լիթրերով ջուրը հողին խառնեցինք։ Եւ այնքա՜ն անմեղ եւ այնքա՜ն անուշիկ գացինք բեմին ետեւը նոյնիսկ ժամանակէն առաջ։
-Ասի մեր գաղտնիքն է մինչեւ կեանքերնուս վերջը, խոստացանք իրարու։
Անշուշտ, Վարդանը եւ միւս երկուքն ալ յայտնուեցան բեմ բարձրանալնէս հինգ վայրկեան առաջ, վազեցին վրան փոխուելու եւ Սասունին սրտին զարկը չկեցած հասան։ Մեր պարը հանդէսին գլուխ գործոցն էր, հինգ պարերը կրկնեցինք, դեռ չէին ձգեր, որ բեմէն իջնենք։
-Չեմ հասկնար, միայն վրա՞նին մէջ անձրեւ եկեր է, տափատս ինչո՞ւ թաց է։
-Այս անկիւնը պարապ էր, շապիկս հոս դրի, ըսի այդ հագուստներուն չխառնեմ, շապիկս ալ թաց է։
-Ի՞նչ անձրեւ… Հոսկէ-հոնկէ հետաքրքրուեցան բոլորը։
-Ծօ ի՜նչ անձրեւ, ի՜նչ ջուր… Հոտը չես առներկօր…
-Խելքս չի հասնիր…
Ալինին հետ քանի մը գոյն առինք տուինք, քրտինք թափեցինք, բայց մէջէն ելանք։
-Ամա՜, կատուները… Ալին մէկ հատը դուն դուրս քշեցիր…
-Ուրեմն ետ դարձեր է… Շունշանորդի կատու…։
…Եւ գացինք հանրակառք, հրամայելով, որ թրջուած զգեստներով տղաները ետեւը նստին, ոչ մեզի մօտիկ, որովհետեւ օդը տաք է եւ կատուներուն մէզին հոտը սարսափելի…։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 21 յուլիս, 2024