ԹՈՒՐՔԻԱ-ՍՈՒՐԻԱ ԽԱՂԸ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄՐՑԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ

 (…) Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ շուտով Իրաքի հիւսիսին գործողութիւնները շրջանը պիտի փակեն եւ պիտի ամբողջացնեն Սուրիոյ մէջ սահմանի երկայնքին ապահովական գօտիին առկախ կէտերը: Ան աւելցուց, որ իր պետութիւնը վճռական է ոչնչացնելու Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին որեւէ ենթակառոյց, որ սպառնալիք կը ներկայացնէ:

Այս յայտարարութեամբ պարզ կը դառնայ, որ Անգարա մտադիր է նախ Իրաքի մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնել, ապա Սուրիոյ մէջ իր առաջադրած խնդիրները լուծուած նկատել: Այս յայտարարութիւնները տուեալ երկիրներուն եւ յատկապէս՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու վերահաստատման նախաբանն են: Փաստօրէն, Դամասկոս ճիշդ հասկցած էր ուղերձը եւ այդ պատճառով ալ  Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը  արագ արձագանգած էր՝ յայտարարելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու վերականգնումը հիմնուած պէտք է ըլլայ այն կացութեան վրայ, որ գոյութիւն ունէր 2011 թուականէն առաջ: Յստակ է պայմանը. թրքական ուժերը պէտք է հեռանան Սուրիոյ բոլոր տարածքներէն:

Թուրքիա-Սուրիա նախագահներու հաւանական հանդիպումը Անգարան կ՚առաջադրէր տարբեր ձեւով: Թրքական մամուլը կը կանխատեսէր, որ եթէ նախապատրաստեալ հանդիպումները արդիւնաւորուին, ապա Էրտողանն ու Էսատը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի հանդիպին՝ իրենց համար նախընտրելի երրորդ երկրի մը մէջ:

Յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր երրորդ կողմի հասցէն: Պարզ է, որ հանդիպման համար Դամասկոսի հաւանութիւնը հիմնովին կախեալ է Մոսկուայէն: Եւ եթէ Սուրիա Թուրքիոյ ուժերու հեռացումը նախապայման կը նկատէ յարաբերութիւններու վերահաստատման համար, ապա սա կը նշանակէ, որ այդ դիրքորոշումը համաձայնեցուած է Ռուսաստանի հետ:

Անցեալ տարուան սեպտեմբերին նախատեսուած էր Ռուսաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ հետախուզութիւններու պետերուն հանդիպումը, սակայն, Դամասկոսի յառաջ քշած պայմաններուն պատճառով այդ մէկը յետաձգուած էր: Որոշ ժամանակ ետք բանակցային գործընթացին մասնակից կողմերը սկսած էին դրական ազդակներ հաղորդել. այս միջոցին Ռուսաստան կը դիմէր այս տարուան յուլիսի աւարտին հանդիպման առաջարկով:

Սուրիոյ նախապայմանը կը մնար անփոփոխ։ Էսատ յայտարարած էր, որ համաձայն է կարգաւորելու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները՝ պահպանելով միջազգային օրէնքի սկզբունքները: Այսինքն, տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանում, ինչ որ համազօր է թրքական ուժերու հեռացման: Այս դիրքորոշման Մոսկուայի հետ համաձայնեցուած ըլլալը կ՚արձանագրուէր, որովհետեւ Փութին կը յստակացնէր, որ Ռուսաստան պիտի շարունակէ մշտապէս աջակցիլ Սուրիոյ կառավարութեան՝ երկրի գերիշխանութիւնը, միասնականութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու, ազգային անվտանգութիւնն ու ներքին քաղաքական կայունութիւնը երաշխաւորելու առումներով:

Ռուսական կողմի այս յայտարարութիւնները նկատի ունենալով կարելի է հետեւցնել, որ Մոսկուա թէ՛ կը միջնորդէ, որպէսզի բանակցութիւնները տեղի ունենան, նախագահներու հանդիպումը կազմակերպուի եւ յարաբերութիւնները հաստատուին եւ թէ կ՚աջակցի Դամասկոսի (…) պահանջին:

Չի բացառուիր, ուրեմն, որ (…) Մոսկուայի մէջ տեղի ունենայ նախագահներու հանդիպումը: Օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան կէտերուն առընթեր, հիմնական հանգոյց մը՝ քրտական խնդիրը: «Ահաբեկչական տարրեր» ձեւակերպումը իւրովի կը մեկնաբանուի իւրաքանչիւրին կողմէ: Ահաբեկչութիւն ըսելով Թուրքիան կը հասկնայ քիւրտ զինեալ խմբաւորումները, իսկ Սուրիան ահաբեկչութիւն կ՚որակէ երկրի ընդդիմութեան տարազին տակ գործող կրօնամոլ ջոկատները, որոնք Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը կը վայելեն: Դամասկոսի նախապայմանին դիմաց, ուրեմն, պատրաստ է Անգարայի նախապայմանը՝ քրտական գործօնի չէզոքացումը կամ թրքական կողմի պատկերացուցած անվտանգութեան գօտիի վերջնական ձեւաւորումը: Կամ, ինչպէս Էրտողան յայտարարեց, անվտանգութեան գօտիի առկախ կէտերու ամբողջացումը:

Կը թուի, թէ ռուսական խաղահարթակին վրայ սուրիական եւ թրքական կողմերուն միջեւ ո՛չ թէ համաձայնութիւն մը պիտի գոյանայ, այլ բանակցային գործընթաց մը պիտի սկսի. շատ հաւանաբար օգոստոսին:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2024