ՄԵՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ (1883-1944)

Անցնող երեք շաբաթներու ընթացքին, մեր շաբաթօրեայ սիւնակով ներկայացուցինք Մերուժան Պարսամեան գրողը, հրապարակագիրն ու խմբագիրը: Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Մերուժան Պարսամեան բանաստեղծը, աւարտելով Պարսամեանին յատկացուած այս շարքը:

Հայր Սիմէոն Երեմեան, իր «Ազգային դէմքեր - գրագէտ հայեր» 10-րդ շարքին մէջ, տպուած Վենետեիկ, 1933-ին, ի շարս այլ գրողներու, ներկայացուցած է նաեւ Մերուժան Պարսամեանը՝ գլխաւորաբար կեդրոնանալով անոր բանաստեղծի կերպարին վրայ: Երեմեան կը գրէ.

* Նորագոյն բանաստեղծներէն Պ. Մերուժան Պարսամեան անկապաշտ դպրոցին կ՚աշակերտի: 1904-ին կը հրատարակէ իր «Անրջանք»ը, ուր կը լսեցնէ իր մտքի չարչարանքներուն երաժշտութիւնը եւ միեւնոյն ատեն ցոյց կու տայ իր ներքին պատկերին փոթորկումը:

Կ՚անրջէ «Քօղերու ետեւ»էն. թաքուն աշուղ մըն է կարծես, կրկնութիւններով աւելի քաղցը ներդաշնակութիւն կու տայ իր քերթուածին, ան կ՚երգէ այսպէս.

«Ճերմակ մարմաշէ քօղերու ետեւ, 
Ցնցող սարսուռներ կան երանութեան, 
Որոնք Սիրոյ պէս անդուլ, յարատեւ, 
Աղուոր աչքերուն թովքը կը կարդան: 
Հէք երազներըս, համբոյրով մ՚անթեւ, 
Ըղձանքներու մէջ կը ծիւրին անձայն, 
Ճերմակ մարմաշէ քօղերու ետեւ»: 

Ակնցի նաեւ ինքը քերթողը, մեր ակնցի աշուղներուն քնարը կը լսեցնէ իր այս երգին մէջ: Ան կ՚երազէ քօղերու ետեւէն. կը թողուս զինքը առանձին իր անրջալիր գիշերներուն մէջ:

Հոգեկան ցաւերու ժամուն մարմին կ՚երազէ, եւ նիւթական պատկերներ կ՚առնեն իր թախիծները: Իր «Ցաւերը» բոլորովին հոգին մերկացած, մարմին են հագած, եւ վրիպումները գիշատիչ թռչունի իրաններուն պէս կը բզկտեն բանաստեղծին անդորրութիւնը, ան կ՚երգէ.

«Սըխալումը՝ հէք սէրերուն հիւթեղ, 
Հեղգ խաւարներու սոսկումին նման,
Կը խածնէ մարմինս, կ՚ուտէ ամէն հեղ, 
Ինչպէս դաշնակին սարսուռը շուշան»:

Ու բանաստեղծին հոգին կը թափառի դաշնակին շուրջը, սիրանուշ հոգեակին մատուըներուն տակ դաշնակը կու լայ, կ՚ողբայ անրջող քերթողին թախիծները, իղձերն առլցուն:

Խելայեղ սէրը վտանգաւոր է. հարկ է «Մոռացում», մանաւանդ երբ կը զգացուի քերթողին մօտալուտ մոլորումը երբ քերթողը յափշտակուած՝ տեսած է քերթուածի նման գեղեցիկ լուրթ ծովու ծաւի նայուածքներ, ծոյլ յոյսերով սիրտը չթառամելու համար, առեղծուածային աղուորութիւնները կը մոռնայ:

Եւ պէտք է գիտնալ, որ քերթողներու մոռացումներն ու մոլորումները միշտ կեղծ են. իրենց համար անկեղծութեան դէմ մեղանքը ներելի է: Քերթողները սակայն ունին մեղքեր, որոնք աններելի են. օրինակ, երբ յանգապաշտութեան համար տաղաչափութեան օրէնքներուն կարեւորութիւն չեն տար: Պարսամեան նման մեղանքի շատ կարեւորութիւն չի տար, որով իր քերթուածներուն մէջ երբեմն կը սպրդին կաղ ու անբնական յանգեր, ինչպէս յամպար ու յար բառերն հետեւեալին մէջ.

«Ցուրտ է լուրթը քու աչքերուդ, 
Եւ թովչութեանդ երգը յամպար: 
Անցեալովը իրեն անգութ,
Հեշտութիւններ կը հիւսէ յար»:

Քառեակ մը՝ ուր անշեշտ ը-երը կը վխտան. ամբողջապէս անյաջող է ան: Անցնինք «Ցաւի ծաղիկներ»ուն, ուր կարելի է ըսել, որ խենթ սէրը շփացում կը պատճառէ:

Աղուոր է նկարչական պարզութեամբ «Մշուշ»ին այս պատկերը.

«Մշուշները կը հալին
Արեւուն խաժ հուրքին մէջ, 
Ու կը թափին վար, անվերջ,
Բաց վիհերուն գոգը հին»:

Պիտի փափաքէի, որ անկապաշտ քերթողներու ինչ ինչ մշուշ մտքերը՝ պայծառ արեւին հրայրքով հալէին եւ իրական զմայլելի գեղեցիկին փոխուէին (էջ 102-105):

Երեմեան անդրադառնալով օտար գրողներու Պարսամեանի մասին ունեցած կարծիքին, կը գրէ.

* Արուեստագէտ դասակարգը, ծանօթ գրագէտ օտար գրիչներ՝ կը գնահատեն Մերուժանի քնարերգութիւնը՝ ուր զգալի է բոցավառ զգացումը: Ան Բէովտիայի մուսաներուն հետ չի մտերմանար, կ՚իջնէ Հելիկոնի ստորոտը՝ ուր Ապողոնէն աւելի իրեն անուշ կը հնչէ քնարը Պոտլէրի, Վերլէնի եւ Վինեէի. ինքը ակնցի, որով իր մէջ բնական է քերթողի հոգին, որ սակայն իր երկրին աշուղներուն սազերգութեան այնքան կարեւորութիւն չի տար. եւ կ՚ուզէ տասնիններորդ դարու ֆրանսական քերթողներու շարքերուն մէջ մնալ, ո՛չ իբրեւ աշակերտ այլ վարպետ: Այդ վարպետներու միտքն է մշակուած Մերուժանի քնարերգու քերթուածներուն մէջ, Գ. Ռէվալի ըսածին պէս՝ «C'est une pensée française qui anime un esprit arménien... Le rameau de feu détaché du buisson ardent de la poésie_arménienne»:

Լուի-Ռայմոն Լըֆէվրը՝ Պարսամեանի քերթուածներուն մէջ կը գտնէ կեանք եւ կորով զեղուն եւ գեղեցկութիւն: Է. Փինիօ կ՚անուանէ մեր քերթողը «grand poète... qu'il a porté son talent sur les cimes les plus hautes»: Հանրի տը Ռէնիէ կարդալով քերթողին բանաստեղծութիւնները՝ նամակով մը կը գրէ. «J’ai lu avec un vif intérêt le recueil et j'en ai apprécié la riche imagination_poétique»:

«Elle_et_Moi» ունի իր արժանիքը, ըստ Փոլ Ֆորի՝ բարձր արժէքը. ունի իր ճշմարիտ ձայնը քնարերգու, սրտերգու զգացումներուն իրապաշտ անրջանքներովը, եւ ինչ ինչ կտորներ պարզապէս զմայլելի են, ինչպէս կ՚ըսէր Ֆրետէրիք Մաքլէր. ան զանազան էջերով թարգման կ՚ըլլայ հայ քնարերգութեան ազնուական մեղեդիներուն. ու երբեմն ակնցի քերթողներու երգերուն անուշ արձագանգը կը նուագէ (էջ 128-129):

***

Այժմ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մի քանի բանաստեղծութիւններ Մերուժան Պարսամեանէն:

ՀԻՒԼԷՆ

Տիեզերական, մեծ ու ահաւո՛ր,
Այս քաոսին մէջ՝ հիւլէ մը անտես,
Իմ երազներովս ա՛յնքան մեծ եմ որ,
Օ՜հ, կարծես հիւլէն ա՛ն է, ո՛չ թէ ես:

Աննըշան շուք մը՝ ես մի՛շտ տարագիր,
Անդունդին խորը կորսուած այս գէջ,
Հոգիս լայնատա՛րր ու անպարագիր,
Կը խըտացնէ տիեզերքն իր մէջ:

Բայց ի՛նչ հեգնութիւն, ե՛ս, անպարտելին,
Իմ ձգտումներովս հզօր, գերակայ…
Կը պայթի հովը ճակատագրային,
Հսկայ Երազը կը քանդէ, կ՚երթայ…:

(«Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Ա. տարի, թիւ 10, 1/14 նոյեմբեր 1911, էջ 152):

ՀԱՅԵՐԳ

Ինչպէ՜ս կ՚ուզէք որ ժպտիմ,
Աչքերովս վշտահար,
Ուր կարաւանն հայ ցաւին,
Ձգեր է շուքն իր երկար:

Ինչպէ՜ս, աւա՜ղ, չի կտրեմ
Ապերախտ ձեռքս այս ուժգին,
Երբ չի կրցաւ ան դժխեմ,
Սրբել արիւնն հայ վէրքին:

Ինչպէ՜ս կ՚ուզէք որ յառիմ
Երգիս դժբախտ խազերուն,
Երբ արձագանգն հայ լացին
Ականջիս մէջ դրաւ բոյն:

Ինչպէ՜ս, ինչպէ՜ս կ՚ուզէք որ
Յաւերժութեան մէջ ծաղկիմ,
Երբ չի կրցայ ահաւոր
Բռունցքն ըլլալ հայ կեանքին:

(«Շանթ», Կիսամեայ հանդէս գրական եւ գեղարուեստական, պատկերազարդ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 1, շաբաթ, 16 նոյեմբեր 1918, էջ 8):

ՄԱՔՈՒՐ ԸՂՁԱՆՔ

Որպէսզի միշտ ապրիմ ես,
Ժպտէ՛ ինծի սիրօրէն
Հոգիիս մէջ, համր, անտես
Տրտմութիւններ կան արդէն:

Ներսըս տարտամ յոյզեր կան.
Ամպերու պէս թափառայած,
Որոնք կարծես միշտ կու լան,
Յուշքերուս մէջ շղթայուած:

Ներսըս անշէջ սէր մը կայ,
Բոցին լեզուովը կարմիր,
Որ անդադրում կը մըխայ
Զիս այրելով անձնաձիր:

Ըսպասումին ձանձրոյթէն
Ա՜հ, երազներս կը հիւծին.
Ու իղձերս ալ կը նիրհե՜ն
Սարսըռալով անձկագին:

Զուա՜րթ եղիր տղու պէս,
Խորհուրդները՛դ թող երգեն.
Որպէսզի միշտ ապրիմ ես,
Ժպտէ՛ ինծի սիրօրէն:

(«Պատռանքի ծաղիկներ», Կ. Պոլիս, 1907, էջ 14)։

ՏԱՃԱՐԸ

Տաճարն է սիրտըս, լոյսերով երեր,
Անթիւ ջահերով, բիւրերանգ խորան,
Կնդրուկի բոյրեր, հալուէի հոտեր
Յաւիտենապէս հոն կ՚աննիւթանան:

Բոլոր անուրջներս աղօթքի նըման,
Ողբերգութիւններ կը հեւան կարծես,
Կը սպառին ցնցող իղձերս ոսկեման
Մոմին ըսպիտակ լափլիզումին պէս:

Երգերս՝ բուրվառներ՝ օրօրուն, թեթեւ,
Որոնք սէրերուս ու պաշտումներուս,
Խնկարկումին մէջ կ՚այրին հեւ ի հեւ
Ու չեն ձանձրանար կեանքերէն անյոյս:

Սիրտըս տաճարն է ըսպասումներուն,
Ուր ներանձնացած կ՚աղօթեմ ես յար,
Երգերս՝ բուրվառներ՝ թեթեւ, օրօրուն
Իղձերս ալ՝ մոմեր՝ հատած ու նիհար:

26 սեպտեմբեր 1903

(«Անրջանք», Կ. Պոլիս, 1904, էջ 70):

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ

Մեռած է ան. կը սիրէիր զայն ա՛յնքան.
Գիտակցութիւնդ կորսնցուցած ես այսօր.
Խենդ ես դարձած, որովհետեւ չ՚ապրիր ան,
Մարդ ես, կու լա՜ս դառնօրէն:

Մեռած է ան. կը պաշտէիր սիրակէզ,
Շաբաթ մըն է արդէն անցած այն օրէն,
Ան՝ հողին տակ, դուն՝ կը շնչես, կը քալես,
Մարդ ես՝ երբեմն կը խնդաս:

Կը ոսկրանայ մարմինն անոր գեղապանծ,
Ծուէն ծուէն կը քրքրուի, կը փշրի.
Դուն երկրային հաճոյքներէն գինովցած
Մարդ ես՝ ալ չես յիշեր զայն:

Գոյութիւնը շոգիացեր է արագ,
Ու կայծի մը հետքն է թողած սիրտիդ մէջ,
Չէ՞ որ մարդ ես,- վա՜տ ես, չար ես ու վայրագ,-
Տարիէ մը կը մոռնա՜ս:

18 յունուար 1910

(«Բանաստեղծին սիրտը», Կ. Պոլիս, 1910, էջ 78):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4 եւ վերջ

Վաղարշապատ, 28 յուլիս 2024

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2024