ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Վրաս­տա­նի մէջ ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս բացուե­ցաւ ՆԱ­ԹՕ-ի ու­սում­նա­կան կեդ­րո­նը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ։ Վրաս­տա­նի Վար­չապետ Ի­րակ­լի Մե­նա­ղա­րիշ­վի­լի, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ եւս ներ­կայ գտնուե­ցան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Թիֆ­լի­զի մեր­ձա­կայ­քի Կրծա­նի­սիի ռազ­մա­կա­յա­նէն ներս հաս­տա­տուած է ՆԱԹՕ-ի ու­սում­նա­կան կեդ­րո­նը Վրաս­տա­նի մէջ։

Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ յայտ­նեց, թէ այս կեդ­րո­նը պիտի նպաս­տէ ոչ միայն վրա­ցի զի­նուոր­նե­րու, այլ նաեւ ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ կամ գոր­ծըն­կեր եր­կիր­նե­րու զի­նուոր­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան։ Այս կեդ­րո­նը միայն մաս­նա­շէն­քէ մը եւ գրա­սե­նեակ­նե­րէ չի բաղ­կա­նար, այլ նաեւ ու­նի փոր­ձա­դաշ­տեր։

Ի­րակ­լի Մե­նա­ղա­րիշ­վի­լիի հետ հա­մա­տեղ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ յայտ­նեց, թէ Վրաս­տա­նէ ներս ու­սում­նա­կան հա­մա­տեղ կեդ­րո­նի մը բա­ցումը շատ կա­րե­ւոր քայլ մը պի­տի ըլ­լայ ՆԱ­ԹՕ-ի եւ Վրաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման ճա­նա­պար­հին։ Ըստ ի­րեն, Վրաս­տան ա­մուր եւ խոստմ­նալից գոր­ծըն­կեր մըն է, որ ար­դէն եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը բե­րէ իր ներդ­րու­մը մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, թէ դա­շին­քին ան­դա­մակ­ցե­լու ճա­նա­պար­հը դիւ­րին չէ, ա­սոր հա­մար ժա­մա­նակ պէտք է եւ ար­դիւնա­ւէտ ջան­քեր։ ՆԱ­ԹՕ ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի Վրաս­տա­նի բա­րե­փո­խում­նե­րու ըն­թաց­քին եւ կը շարու­նա­կէ պաշտ­պա­նել Վրաս­տա­նը։

Իր կար­գին, Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լի յայտ­նեց, թէ ՆԱ­ԹՕ-ի ու­սում­նա­կան կեդ­րո­նը ուղ­ղուած չէ այլ երկ­րի մը դէմ, ընդ­հա­կա­ռակն՝ ան պի­տի նպաս­տէ տարած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ամ­րապնդ­ման։ Ըստ Ղա­րի­պաշ­վի­լիի, այս կեդ­րո­նը կո­չուած է նաեւ բարձ­րաց­նե­լու Վրաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու պատ­րաս­տու­թեան մա­կար­դա­կը։ Սոյն կեդ­րո­նի բացման ա­րա­րո­ղու­թեան զու­գա­հեռ եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Սթոլ­թեն­պեր­կի դէ­պի Թիֆ­լիզ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լութիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի կողմէ։

Միւս կող­մէ, Մոս­կուա հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տուաւ այս կեդ­րո­նի բաց­ման դէմ։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րովա սադ­րանք ո­րա­կեց այդ ու­սում­նա­կան կեդ­րո­նին բա­ցու­մը։ Ռու­սա­կան կող­մը այս բա­ցու­մը կը նկա­տէ որ­պէս ՆԱ­ԹՕ-ի հեր­թա­կան սադ­րիչ քայ­լը՝ տա­րածքաշր­ջա­նի ի­րադ­րու­թեան ա­պա­կա­յու­նաց­ման ուղ­ղեալ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։ «Մենք այդ քայ­լը կը գնա­հա­տենք որ­պէս դա­շին­քի սադ­րիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւն, ինչ որ ուղ­ղուած է իր աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ազ­դե­ցու­թեան ընդ­լայն­ման, ընդ ո­րում՝ յա­ճախ դա­շին­քի գոր­ծըն­կեր եր­կիր­նե­րու մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գործ­մամբ», յայ­տա­րա­րեց Մա­րիա Զա­խա­րո­վա։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2015