«ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ Է ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՓԱՍՏԸ, ԻՍԿ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԴՐՍԵՒՈՐԷ ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԻ ՇՓՄԱՆ ՀԱՄԱՐ»

Թուրքիա-Սուրիա բնականոնացումը տեւական ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ է։ Միջազգային յարափոփոխ իրավիճակը եւ տարածաշրջանային պայթիւնավտանգ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ այս գործընթացը կը մնայ առաջնահերթ։ Իրերամերժ իրադարձութիւնները թէեւ ընդհանուր կացութիւնը յաճախ հիմնովին կը փոխեն, սակայն, իւրաքանչիւր քայլափոխին Անգարա եւ Դամասկոս միշտ կը վերանորոգեն իրենց քաղաքական կամքը՝ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։

Մօտաւոր անցեալի կտրուածքով՝ ամփոփ ժամանակագրութիւնը ունի քանի մը մեկնակէտ։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւի մօտաւոր անցեալին Դամասկոս տուած այցը, որու ընթացքին ընդունուած էր նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Այդ կէտէն սկսեալ Դամասկոս դարձեալ ամենաբարձր մակարդակի վրայ դրական պատգամներ տալ սկսաւ՝ Անգարայի հետ բնականոնացման ուղղութեամբ։ Պեշար Էսատ նշեց, որ կանաչ լոյս կը վառեն ամէն տեսակ նախաձեռնութեան համար։ Դամասկոսի դիրքորոշման մէջ նկատուած մեղմացումը զուգադիպեցաւ այն ժամանակաշրջանին, երբ միջազգային աղբիւրները կը հաղորդէին, թէ Մոսկուա կը խրախուսէ անոր յարաբերութիւններու կարգաւորումը Անգարայի հետ։ Թէեւ թրքական կողմն ալ բաւական մեղմ փոխադարձեց՝ մանաւանդ, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տուաւ շատ շինիչ պատգամներ։ Ան կոչ ուղղեց դառնութիւնը յաղթահարելու համար։ Նախագահը յիշեցուց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատման համար որեւէ արգելք չկայ։

«Անցեալին Էսատի հետ ընտանեօք հանդիպումներ ունեցած էինք։ Պատճառ մը չկայ, որ վաղն ալ չըլլայ, դարձեալ կ՚ըլլայ», ըսաւ Էրտողան՝ ընդգծելով, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ժողովուրդները եղբայր են։ Նոյնիսկ, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին, ան առիթով մը յայտնեց, որ Անգարա Դամասկոսի հետ երկխօսութեան եւ յարաբերութիւններու վերականգնման ճանապարհին հաշուի կ՚առնէ նաեւ հաւանական խափանարարութեան փորձերը։

Թրքական լրատուամիջոցները այս ընթացքին հետեւողականօրէն խոշորացոյցի տակ պահեցին այս գործընթացին բոլոր ծալքերը։ Արդարեւ, Թուրքիա երկու հիմնական նպատակ կը հետապնդէ՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբնականոնացման այժմու գործընթացին մէջ։ Անոնցմէ մին է իր հարաւային սահմաններու երկայնքով ահաբեկաստանի մը ձեւաւորման արգելք հանդիսանալը, իսկ միւսը՝ Սուրիայէն Թուրքիա եկած ապաստանեալներուն հարցին լուծումն ու անոնց վերադարձին կազմակերպումը։ Այս առաջնահերթութիւնները կը բնորոշեն Սուրիոյ հետ բնականոնացման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ գերակայութիւնները։

Սոյն ժամանակագրութեան մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր նաեւ այլ հաղորդում մը։ Այսպէս, Սուրիոյ թերթերէն մին գրեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինուորականները վերստին հերթապահութեան պիտի սկսին Իտլիպի հարաւի M4 մայրուղիին վրայ։ Չորս տարի առաջ այդ պարեկապահութիւնները դադրած էին անվտանգութեան պատճառներով։ Այժմ անոնց վերսկը-սումը կը մեկնաբանուի Անգարա-Դամասկոս բնականոնացման գործընթացին հետ զուգահեռականի մէջ։

Ի լրումն այս բոլորին, «Համաս»ի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութիւնով պայմանաւորուած ցնցումի պայմաններուն ներքեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան տեղեկացուց, որ Էրտողան-Էսատ հանդիպումը հնարաւոր է եւ երրորդ երկրի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ։ Երբ մահափորձը տարածաշրջանի վերաբերեալ բազում հաշուարկները տակնուվրայ ըրաւ, յամենայնդէպս, Անգարա փորձեց խնայել Դամասկոսի հետ վերջին շրջանին ապահովուած կլիմայի փոփոխութեան թափը։ Ֆիտանի խօսքով՝ Անգարայի փափաքն է, որ Դամասկոս երկխօսութիւն վարէ Սուրիոյ ընդդիմութեան հետ։ Նախարարը դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան կը կարեւորէ Էրտողան-Էսատ հաւանական հանդիպման Իրանի ներկայացուցիչներու եւս մասնակցութիւնը։ «Անգարայի համար առաջնայինը հանդիպման փաստն է։ Միեւնոյն ժամանակ, Դամասկոս պատրաստակամութիւն կը դրսեւորէ առանց նախապայմանի հանդիպման ուղղութեամբ», ըսաւ Ֆիտան։

Բաց աստի, նախարարը դիտել տուաւ, որ ընդդիմադիր ուժերուն հետ հաշտուիլը Սուրիոյ իշխանութիւններուն խնդիրն է։ «Ես կրնամ միայն զանոնք խրախուսել այս բանը ընելու համար, բայց չեմ կրնար ստիպել», եզրափակեց ան։

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2024