ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեան, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Գերմանիոյ թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վահրիճ Քհնյ. Պաղտասարեան։ Ներկայ էին նաեւ Անկլիքան եկեղեցիէն Հայր Ճոն Ուիլի եւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, սիրոյ սեղան սարքուեցաւ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները։