«ԳԻՏԷԻ, ԲԱՅՑ ԳԱՑԻ ՁԱԽՈՂՄԱՆ»

2018 թուականին, իշխանութիւն գալէն ետք, վարչապետ Փաշինեան որեւէ անհրաժեշտութիւն չունէր համաձայնելու, թէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլայ ինքնավարութեան կարգավիճակով: Միանգամայն բաւարար էր, որ ան համաձայնէր Մինսքի խումբի առաջարկին՝ յանձնել եօթ շրջաններէն հինգը եւ, Բերձորի ու Քարվաճառի միջանցքները պահպանելով, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը ձգէր անորոշ: Գեղջկական ինքնահաւանութիւնը, իրավիճակի սխալ գնահատականն ու անսահման ժողովրդականութիւնը թոյլ չտուին այդ ճանապարհով երթալ: Եւ ուշադրութիւն դարձուցէք. քանի որ առաջարկողը Մինսքի խումբն էր, այսինքն՝ Ռուսաստանը, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, այդ երկիրները համատեղ` առանց իրարու հետ մրցելու, կը փորձէին համաձայնութիւններու իրագործումը երաշխաւորել։ Այդ առումով ժամանակը բաց ձգուած է` Ռուսաստան-Արեւմուտք հակադրութիւնը, մեղմ ըսած, յաւելեալ խնդիրներ կը ստեղծէ այդ հարցին մէջ:

Բայց եկէք պահ մը ենթադրենք, որ այդ տարբերակը չկար եւ 2018 թուականին Փաշինեանի համար պարզ էր, թէ Արցախը պէտք է Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլար՝ որպէս ինքնավարութիւն: Այդ պարագային, վարչապետը փաստացի հետեւեալը կ՚ըսէր. «Ես գիտէի, թէ ինչ պէտք է ընել, բայց չըրի, որովհետեւ այդքան «դուխ» (համարձակութիւն) չունեցայ»։ Հետեւաբար ունեցանք հազարաւոր զոհեր, տարածքային կորուստներ ու անվտանգութեան սպառնալիքներ: Այլ խօսքով՝ կը պարզուի այն, որ վատ լուծումին երթալու փոխարէն, Փաշինեան գնաց վատագոյնին՝ մեր բանակի անպարտելիութեան մասին բոցաշունչ ճառեր արտասանելով եւ, իրականութեան հանդերձ, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» բացագանչելով։

Եթէ նոյնիսկ ամէն ինչ այնպէս է, ինչպէս վարչապետը կը ներկայացնէ, ապա` իմ կարծիքով սա ինքնախոստովանական ցուցմունք է, որ ունի եթէ ոչ իրաւական, ապա՝ քաղաքական պատասխանատուութիւն:

Բացառուած չէ, որ մէկ տարիէն Փաշինեան ըսէ. «Ես գիտէի, որ ոչ մի 29 հազար 743 քառակուսի քիլօմերթ չըլլար, որ պէտք է բոլոր անկլաւները տամ, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի զաւթուած տարածքը չվերադարձնեմ, 300 հազար ատրպէյճանցիները բերեմ Հայաստան, բանամ Զանգեզուրի միջանցքը, փոխեմ Սահմանադրութիւնը եւ այլն, բայց ասոր մասին ուղիղ չէի ըսեր, ժամանակ կը ձգէի, ինձ կժի (խենթ) տեղ կը դնէին եւ սա իմ ձախողումն էր»։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2024