«ԱՇԽԱՐՀ ՊԷՏՔ ՉԷ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՌՆԱՅ ԱՌԿԱՅ ՍՊԱՆԴԻՆ»

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան դէպի Եգիպտոս այցելութեան շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին այցելեց Ռեֆահի սահմանադուռը, ուր աշխարհին կոչ ուղղեց՝ մասնակից չըլլալ Կազզէի սպանդին։ Այդ անցակէտը Կազզէի միակ ելքն է դէպի աշխարհ։ «Եթէ միասնաբար այս սպանդը այստեղ չկասեցնենք, ապա որպէս մարդկութիւն՝ այդ մէկուն մասնակիցը պիտի ըլլանք։ Իսրայէլի վրայ ճնշումը պէտք է բարձրացնենք», ըսաւ Ֆիտան, որ իր յայտարարութիւններուն մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց ստեղծուած ողբերգութեան վրայ։

Նախարար Ֆիտան տեղեկացուց, որ ըստ իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն՝ Ռեֆահի անցակէտը փակ է, իսկ սահմանի միւս կողմը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է։ Ռեֆահի փոխարէն կը գործէ շատ սահմանափակ տարողութեամբ այլ անցակէտ մը։ Հետեւաբար Իսրայէլի ղեկավարութեան այս զուլումին դիմաց աշխարհ պէտք է լքէ լռութիւնը եւ օժանդակութիւններուն անարգել ու անխափան ձեւով Կազզէ հասնիլը ապահովէ։

Ֆիտանի խօսքով՝ մասնաւորապէս Արեւմուտքի պետութիւնները պէտք է լքեն իրենց լռութիւնը, այլապէս պիտի շարունակեն մասնակից ըլլալ այս ցեղասպանութեան։

Հաքան Ֆիտանի ուղեւորութիւնը շարունակուեցաւ դէպի մայրաքաղաք Գահիրէ, ուր ան ընդունուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Բաց աստի, Ալեմէյն քաղաքին մէջ նախարար Հաքան Ֆիտան տեսակցեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Էպու Կայթի հետ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2024