ՀԱՇՈՒԱՐԿԸ

Ինչո՞ւ Փաշինեան հեշտութեամբ կը դիմէ հերքուող սուտերու. ՀԱԿ-ի (Հայ ազգային քոնկրէս կուսակցութիւնը, որու ղեկավարն է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան) յայտարարութեան մէջ կար այսպիսի հարցում մը, որուն պատասխանը ինծի համար պարզ է։ Որովհետեւ անոր սուտը «կ՚անցնի»՝ հասարակութեան զգալի մասը (եթէ չըսեմ՝ մեծամասնութիւնը) այդ սուտը անվերապահօրէն կ՚ընդունի՝ որպէս ճշմարտութիւն:

Օրինակ, վարչապետը կ՚ըսէ, որ 1996 թուականի ԵԱՀԿ-ի Լիզպոնի գագաթաժողովը որոշած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակէն ներս: Ըսէք, խնդրեմ, քանի՞ հոգի Google պիտի ընէ այդ վեհաժողովի նիւթերը, որպէսզի համոզուի, թէ Լիզպոնի մէջ Արցախի հարցով ո՛չ նման, ո՛չ ալ ա՛յլ որոշում ընդունուած էր: Մարդիկ հետաքրքրասէր չեն, չեն ցանկար քննել ըսածը այն մարդուն, որուն կը վստահին ինչ-ինչ տրամաբանական կամ անտրամաբանական պատճառներով. իսկ սա ոչինչ է, քան` տգիտութիւն: Հաշուարկը ճիշդ այդ է:

Կամ, եթէ պաշտօնական քարոզչութիւնը կ՚ըսէ՝ Բագրատ սրբազանը հրահանգած էր Ազգային ժողով գրոհել, հիմնական զանգուածէն ո՞վ կը պահանջէ որեւէ ապացոյց՝ ձայնագրութիւն կամ տեսագրութիւն բերել: Եթէ լսողներուն մէջ արդէն կայ հոգեբանական նախադրեալ մը (psychological attitude), որ Փաշինեանին ընդդիմացող մարդկանց հանդէպ որեւէ բռնութիւն արդարացուած է, ապա այլեւս ոչինչ ստուգելու անհրաժեշտութիւն կայ:

Յաջորդ սուտը, իբր թէ 2020 թուականէն ետք, բոլոր ընդդիմադիր շարժումները պետութեան դէմ ուղղուած են։ Հաշուարկը դարձեալ տգէտներն են, որոնք կը կարծեն, թէ պետութիւնը Փաշինեանն է՝ իր աթոռով: Իրականութեան մէջ, պետութիւնը քու տարածքն է, որուն մէկ մասը կը գտնուի թշնամիին ձեռքը, քու քաղաքացիներն են, որոնք գերութեան մէջ են, քու Սահմանադրութիւնն է, որ թշնամին կը պահանջէ փոխել: Հետեւաբար, որեւէ շարժում (անկախ անկէ, թէ ինչ վերաբերմունք ունինք այնտեղ ներգրաւուած դէմքերուն հանդէպ), որ ուղղուած է տարածքային ամբողջականութեան պահպանումին, գերիներու վերադարձին եւ ինքնիշխանութեան, պայքա՛ր է յանուն պետութեան:

Բայց նախ պէտք է իմանալ, թէ ի՞նչ է պետութիւնը։ Եւ քանի որ անոր վերաբերեալ նոյնիսկ մօտաւոր պատկերացում չկայ, ուրեմն` որեւէ սուտ կարելի է «կերցնել»։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Օգոստոս 6, 2024