ՍՆԱՊԱՐԾՈՒԹԻՒՆ
Մարդ շատ մը հնարքներովը ու գիւտերովը կը պարծենայ, կատարեալ ըլլալու ինքնախաբէութեամբ ինքն իրմով կը հպարտանայ։ Երբեմն ալ կեանքին գաղտնիքը լուծած կարծելով՝ վտանգաւոր հոսանքներու կ՚ենթարկուի եւ երեւակայութեան ալիքներէ տարուելով կը կորսնցնէ ինքզինք սուտ աշխարհի մը մէջ։ Մարդ չի գիտեր, որ «անլուծելի»ներու աշխարհի մը մէջ կեանք մը կ՚ապրի, կեա՛նք մը՝ որ ինքնին «անլուծելի» է, գաղտնիք մըն է իր բոլոր երեսներով։ Նախ չ՚անդրադառնար, որ նոյն ինքն «գաղտնիք» մըն է անլուծելի, եւ տակաւին անլուծելի՝ կը կարծէ լուծել աշխարհի եւ կեանքի գաղտնիքը։ Գիւտեր, հնարքներ բոլորն ալ կը խաբեն զինք, եւ կը կարծէ, միայն կը կարծէ «կատարեալ» ըլլալ։
Եւ մարդ կեանքին մեծ գաղտնիքին մէջ՝ փոքր ու աննշան գիւտեր կատարած կարծելով կը պարծենայ, կը հպարտանայ։ Իմաստուն միտքը կ՚ըսէ՝ թէ մարդ կը ծրագրէ եւ Բնութիւնը կը ծիծաղի, քանի որ այդ ծրագիրը մարդունը չէ, այլ՝ Բնութեա՛ն։
Մարդ կը հպարտանայ իր մեծութեամբ, բայց եթէ փորձէ բաղդատել իր մեծութիւնը ճշմարիտ Մեծութեան հետ՝ իր բարձրութիւնը իրաւ Բարձրութեան հետ, պիտի անդրադառնայ իր փոքրութեան ու ցածութեան՝ իր իրական դիրքին, որ սահմանուած է իրեն ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրով։
Բայց երբ մարդ անդրադառնայ ամբողջ Բնութեան մէջ իր դիրքին, պիտի տեսնէ՝ թէ սա մանտրտիկ թռչունն իսկ կը խնդայ իր վրայ եւ կը վախնամ, հեգնէ անոր պարծենկոտութիւնը։ Ուստի թռչնակի մը ամբողջ կազմախօսութիւնը եւ ամբողջ կեանքը գաղտնիքներու «գիրք» մըն է՝ գիրք մը որ ո՛չ ոք կրցած է լուծել մինչեւ այսօր…։
Անշուշտ դիւրին է մէկ ջուրով լուալ հարցը եւ տժգոյն, տկար բացատրութեամբ մը ըսել, թէ թռչունները տրամաբանութեամբ չէ՛ որ կը վարեն իրենց կեանքը, հապա՝ ծնային-ժառանգեալ «բնա՛զդ»ով։ Լաւ ուրեմն, հարցնենք, ի՞նչ է բնազդը։ Ամբողջ գիրք մըն ալ գրուի, ինչպէս գրուած են քանի՜ գիրքեր, հատորներ, տակաւին գաղտնիքը կը մնայ «անլուծելի գաղտնիք»։
Միթէ կարելի՞ է որեւէ նմանատիպ գաղտնիք լուծել Աստուծոյ գոյութիւնը անտեսելով, կամ ըսենք, ուրանալով։
Արդարեւ «հպարտութիւն» է սնափառութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ ամբարտաւանութիւն, գոռոզութիւն, փառասիրութիւն, ինքնահաւանութիւն։ Ուստի այն մարդը, որ հպարտ է ինքն իրմով, ինքնահաւան, կ՚անտեսէ աստուածային ուժին եւ կ՚ուրանայ զԱյն։ Իսկ առանց Աստուծոյ կարելի չէ լուծել որեւէ հարց։ Ահաւասիկ մարդ երբ կը կարծէ լուծել որեւէ խնդիր առանց աստուածային ուժին, ապա ուրեմն սնափառութեան ախտին մէջ է, քանի որ անգիտակից է նոյն ինքն իր էութեան, իր իմացական գոյութեան։
Սնափառ մարդը հպա՛րտ մարդ է, եւ կ՚արհամարհէ բոլոր իր շուրջ գտնուողները, չ՚ընդունիր «ուրիշ»ի գոյութիւնը։ Կերպով մը՝ ինքնակեդրոն է, որ կ՚ապրի միայն ու միայն իրե՛ն համար, կը գործէ միայն իր «Ես»ին համար, մերժելով միշտ «ուրիշ»ը, «ուրիշի գոյութիւնը»։
Ուստի պէտք է խոնարհիլ՝ անդրադառնալ, թէ մինակ չեն այս աշխարհի վրայ։ Մինակ չեն իրաւունքներու եւ ազատութեան վայելումի մէջ։
Սնափառը կը կարծէ, թէ միշտ ի՛նքն է ճշմարիտը, իր ըսածն է ճշմարտութիւնը եւ վերջապէս ի՛նքն է միակ ճիշդը այս աշխարհի վրայ…։
Արդարեւ Բնութեան մէջ ամէն գաղտնիք Աստուծոյ էութեան մէջ է, եւ կարելի է լուծել դարձեալ, Աստուծոյ իմաստութեամբ։ Անշուշտ յարգելով գիտութեան կարեւորութիւնը՝ առանց անտեսելու, թէ գիտութիւնը կը փորձէ, կը քննէ եւ յետոյ կը հասնի ճշմարտութեան, ինչ որ շատ անգամ հաստատ չ՚ըլլար արդիւնքը, իսկ Աստուծոյ իմաստութեամբ, հաւատքով, մարդ ուղղակի՛ կը հասնի ճշմարտութեան եւ միշտ հաստա՛տ արդիւնքով։ Ուստի գիտութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը կը հասնի նոյն նպատակին՝ մին խնդրական եւ միւսը՝ բացարձա՛կ ճշմարտութեան միշտ։
Ուրիշ առիթներով ալ ըսինք, սիրելի բարեկամ ընթերցողներ, մարդուս խորհելու, դատելու, որոշելու կարողութիւնը ապացոյց մըն է Աստուծոյ գոյութեան ու Իր իմաստութեան ներկայութեան ու գործօն դերին՝ մարդ էակին մէջ անհատապէ՛ս։
Հոս կ՚ուզենք հարցնել. արդեօք շա՞տ արտառոց պիտի ըլլար յանգիլ այն ենթադրութեան, թէ թռչուններու բնազդն ալ ապացո՛յց մըն է դարձեալ աստուածային մէկ ուժին՝ որ թռչուններուն եւ բոլոր միւս կենդանիներու մէ՛ջ է։
Յամենայնդէպս, Աստուած նոյնացած է իր ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին հետ, անոր մէջ կ՚ապրի, անկէ անջատուած, անկէ անկախ «Ուժ» մը չէ՛։ Այսչափ մըն ալ «աստուածաբանութիւն» այս նիւթին կապակցութեամբ։
Թռչունները երբ աւարտեն իրենց «համերգ»ը՝ կը լռեն, ո՛ւր կը կենան, ո՛ւր կը քաշուին, ի՛նչ կ՚ընեն, գիտնալ կարելի չէ երբեք։ Թերեւս իրենց անօթի փորիկը կշտացնելու ետեւէ կ՚ըլլան, կամ օրուան տօթէն փախելով, կ՚ապաստանին, կը պատսպարուին տերեւախիտ ծառի մը մէջ պահիկ մը հանգստանալու համար։
Այսուհանդերձ, թռչուն ըլլալ ինք իսկ ժխտում մըն է՝ հակասութիւն մը հանգիստի գաղափարին։
Ցերեկուան լոյսին մէջ հանգչիլ անկարելի է թռչունի մը համար։
Երբ այս «երգիչ»ները լռեն, մէյ մըն ալ լռութիւնը կը խզուի տաղտկալի կռիչներովը ագռաւներու։
Կռիչին եւ երգին միջեւ հակադրութիւնը ա՜յնքան սուր է որքան «սիմֆոնիք» նուագախումբի մը եւ «ճազ»ի միջեւ։
Եւ թռչնական աշխարհի այս երեւոյթը կրկնուած կը տեսնենք մարդոց մէջ ամէն օր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 29, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024