ԲԱՐԵՆՊԱՏԱԿ ԾՐԱԳԻՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս կարեւոր նախաձեռնութիւն մը կատարուեցաւ՝ ի նպաստ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ)։ Այսպէս, թեմէն ներս հաստատուեցաւ «ԵՊՀ բարեկամներ» բարեսիրական հիմնադրամը, որու նպատակն է զանազան միջոցներով աջակցիլ հաստատութեան կրթական ու գիտական ծրագրերուն, այդ կերպով նաեւ՝ Հայաստանի զարգացման։
Ըստ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի մամլոյ հաղորդագրութեան, այս հիմնադրամի ստեղծման համար տարուած է լուրջ նախապատրաստական աշխատանք։ Ի վերջոյ, նախորդ շաբաթ կազմակերպուած հաւաքոյթով մը պաշտօնապէս հրապարակուած է այս հիմնադրամի հաստատումը։ Ձեւաւորուած է նաեւ հիմնադրամի վարչութիւնը, որու մշտական անդամները կը հանդիսանան Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ փոխ-վերատեսուչ Միքայէլ Յովհաննիսեան։ Հիմնադրամը կը վայելէ Արեւմտեան թեմի հովանաւորութիւնը եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է՝ որպէս բարենպատակ կազմակերպութիւն, որ շահոյթ չի հետապնդեր։
Հիմնադրամի հաստատման առթիւ մասնաւոր հաւաք մը տեղի ունեցաւ առաջնորդարանի սրահին մէջ։ Նորին Սրբազնութեան գլխաւորութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեան եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարդան Նազիրեան։
Նորահաստատ հիմնադրամի հոգաբարձու մարմնի ատենապետ ընտրուած է՝ դեսպան Արմէն Պայպուրթեան, որու առընթեր ելոյթներ ունեցան Կարէն Իսրայէլեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Միքայէլ Յովհաննիսեան, հուսկ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ Արմինէ Աշուանեանի հանդիսավարութեամբ։ Ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուած էին նուիրատուներ, կրթութեան ոլորտի մասնագէտներ եւ հիւրեր, որոնք Արամայիս եւ Նաթելա Լալաբէկեաններու կողմէ հիւրընկալուեցան։